Մեծ Երկրի Մը Նախագահին` Իր Ժողովուրդի Բանաստեղծութեան Հատընտիրին Առթած Միտքերով – Յակոբ Պալեան
12 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Երկիրը` Ֆրանսան, նախագահը` Ժորժ Փոմփիտու (1911-1974): Հատորը` ՀԱՏԸՆՏԻՐ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ*: Հայաստան պիտի ըսէին` ԱՆԹՈԼՈԳԻԱ: Գրադարանիս մէջ քնացող գիրքը ինքզինք զգացուց եւ տարուեցայ մտածելու մնայունի եւ գնայունի, իրաւ եւ կեղծ փառքի, արժանաւորի եւ սնափառի, իշխանատենչի եւ առաջնորդի, մշակոյթի եւ բանաստեղծութեան մասին:
Ինքնաճանաչման արկածախնդրութիւն մը` գիրքի մը եւ անոր հեղինակին օրինակով:
Գիրքը լոյս տեսած է 1961-ին: 576 էջ: Գիրքին սկիզբը մեծ երկրին նախագահը շուրջ քառասուն էջերու մէջ կը խօսի բանաստեղծութեան եւ լեզուի մասին` վերլուծումներ ընելով բանաստեղծի եւ տաղասացի միջեւ: Իսկական դպրոց` հասկնալու աւելի քան հինգ դարերու ֆրանսական բանաստեղծութիւնը, նաեւ` ընդհանրապէս բանաստեղծութիւնը: Հարիւրաւոր անուններ կը տողանցեն:
Ժորժ Փոմփիտու յուզումով եւ հպարտութեամբ, որպէս տէր եւ ժառանգորդ, կը խօսի Ֆրանսայի հարուստ ազգային արժէք եւ ժառանգութիւն բանաստեղծութեան մասին:
Վեց տասնամեակ առաջ լոյս տեսած հատընտիրին (Anthologie) գրախօսականը ընել չէ միտումս, այլ` խորհրդածել քաղաքական մեծ դէմքի մը ազնուական եւ երախտաշատ վերաբերումի մասին, որ հպարտ է իր ժողովուրդին մշակոյթով, այս պարագային` բանաստեղծութեամբ, որով ժողովուրդ մը ինքզինք կը դրսեւորէ: Ղեկավարը կը սեւեռէ իր ժողովուրդին հարստութիւնը` անոր բանաստեղծներու հոգիին մէջ, ըսելու համար, որ ղեկավար մը նախ ի՛նք պէտք է հրապարակ գայ որպէս ժառանգորդ եւ տէր` իր ժողովուրդին մշակոյթին, որ ինքնութեան կրող է: Ժորժ Փոմփիտու եղած է ջերմ պաշտպանը ֆրանսերէնի եւ ֆրանսախօսութեան, այսինքն` լեզուին: Ինքնութիւն չէ փնտռած ուրիշներու մօտ, չէ հետեւած նորոյթի եւ կեղծ նորին:
Մեր ժողովուրդը եւ այն, ինչ որ կը համարենք մեր ընտրանին` էլիտան, սնափառութեան էսթեպլիշմընթը, Ժորժ Փոմփիտուի հետեւած ուղիին տրամագծօրէն հակառակ ընթացքը ունի, ինքնահաստատման համար, ստորակայութեան զգացումով, տեւաբար օտարներու դրան առջեւ կը կանգնի: Այս ինքնադրժումի սառցալերան անմիջականօրէն տեսանելի մասը մեր օտարախօս եւ օտարագիր դառնալու հիւանդագին հակումն է, որ առաջնորդած է հայերէնի աղքատացման եւ խեղճացման` ընդհանրապէս խօսակցական լեզուի պարագային եւ շեշտուած կերպով` ինտելիգենտ-մտաւորական խաւի, իսկ հիւանդագին կերպով` քաղաքական համարուած բարբառի, ուր տուն-տեղ եղած են հազարաւոր օտար եւ թխածոյ բառեր:
Ֆրանսայի ուրիշ նախագահ մը` Ժագ Շիրաք, մտածումներու նոյն հունով, իմաստուն խօսք ըսած է. «Մշակոյթը ապրանք չէ: Ժողովուրդները կ’ուզեն փոխանակել իրենց ինչքերը, բայց կ’ուզեն պահել իրենց հոգին»: Հայկական ներսի եւ դուրսի էսթեպլիշմընթները այս իմաստութեամբ չեն առաջնորդուիր եւ չեն առաջնորդեր: Երբ անդրադառնանք այս լքման հետեւանքներուն, արդէն ուշ պիտի ըլլայ: Պիտի չանդրադառնանք անգամ, որ վերադարձի կամուրջ չէ մնացած: Այսօր Հայաստանի վերնախաւը, իշխանութեան պայքարները եւ կարգախօս բիզնեսը ոգեկանութիւն եւ մշակոյթ անտեսումի մատնած են, երկրորդական վիճակի դատապարտած:
Միշտ ալ զարմացած եմ, որ հայ կեանքի քաղաքական եւ ընդհանրապէս ղեկավարական էսթեպլիշմընթները իրենք կ’առաջնորդեն օտարումները` անհաղորդ մնալով ազգային մշակոյթին եւ արժէքներուն: Զանոնք կը ստորադասեն, կարծէք` յաղթահարելու համար իրենց ընկեցիկի հոգեբանութիւնը: Ստորակայութիւն, քանի որ հոգիով տկարացածներ կը կարծեն յարգելիութիւն նուաճել` նահանջելով, ուրիշի նմանելով: Իրաւ առաջնորդները միշտ ալ հասկցած են, որ երբ կորսուին հարազատ մշակոյթ եւ լեզու, կը կորսուին ինքնութիւն եւ տարբերութիւն, ժողովուրդը կ’այլանայ: Արդէն հնարուած է եզրը` «ծագումով» այս կամ այն, «ծագումով հայ», «ծագումով հրեայ», «ծագումով յոյն» եւ այլն. այսինքն մարդը հագած կ’ըլլայ նոր ինքնութիւն, կը դադրի շարունակութիւն ըլլալէ:
Քաղաքական աւագ դէմք Ժորժ Փոմփիտու հատընտիրի իր վերլուծական ներածականին մէջ կ’ըսէ. «Այսուհանդերձ, եթէ մեր բանաստեղծութիւնը ինքնատիպ յատկանիշ մը ունի, զոր կարելի ըլլայ սահմանել, ինծի կը թուի, թէ այն է` ըլլալ ժողովուրդի մը արդի ժամանակներու արտայայտութիւններէն մին, ուրիշներէ աւելի, որ հետեւողականօրէն եւ թափանցումով մտածած է մարդու մասին»:
Բանաստեղծը կը սեւեռէ մարդը, իր ժողովուրդի հոգին, քաղաքական գործիչը` հետեւելով օրինակին, նոյնը պէտք է ընէ, ճանչնայ զայն, ըստ այնմ գործէ եւ առաջնորդէ:
Այսօր կը գտնուինք բացասականութեան դիմաց: Քաղաքական եւ այլ առաջնորդներ աւելի հետամուտ են` դիրքեր գրաւելու, փառասիրութեան, նիւթի եւ շահերու ծառայելու, քան իրենց կոչման բերումով իսկ` նուիրուելու ժողովուրդին:
Օտարախօսութիւնը յառաջդիմութիւն համարողները, սեփական մշակոյթը սոսկ որպէս ֆոլքլոր դիտողները, հայ մշակոյթին, հայ գրականութեան, հայ բանաստեղծութեան մէջ եթէ գտնէին իրենց ներշնչումները, նուազ պառակտումներ կ’ունենայինք, կը բուժուէինք Գէորգ Էմինի նշած ախտէն եւ կը դադրէինք «ամէն մի հայ սպայ» ըլլալէ, վերականգնում տեղի կ’ունենար:
Մշակոյթը եւ լեզուն ապրանք չեն, որ փոխենք, փոխանակենք: Մեր «քաղաքական ճառ»-ը, ներսը եւ դուրսը, եթէ այս կէտէն սկսինք, կը հզօրանանք, կ’ըլլայ միացում: Օրինակը պիտի տայ ազգի ընտրանին, ոչ օտարումներու սպասարկող էլիտան, մանր փառասիրութեան եւ շահախնդրութեան հետամուտ ապահայացման էսթեպլիշմընթը:
Տեղի կ’ունենա՞յ յեղափոխութիւնը, որ մեր ամէն տեսակի նախագահները եւ նախագահիկները, վարչապետները, հանգամանաւորները որպէս օրինակ ընդունին բանաստեղծութեան ծաւալուն ընտրանի հրատարակած նախագահի մը օրինակը:
Կ’ուզեմ մեր հանրային կարծիքի եւ էսթեպլիշմընթներու ուշադրութեան յանձնել, որ ժողովուրդներու իրաւ մեծերը հասկցած են լեզուի եւ մշակոյթի էականութիւնը, ինչպէս ուրիշ նախագահ մը` Ֆրանսուա Միթերան, որ կ’ըսէ, թէ` «Ժողովուրդի մը համար մահացու հարուած է, երբ նախայարձակման կ’ենթարկուին իր լեզուն եւ մշակոյթը»:
Մեր մշակոյթը եւ լեզուն նախայարձակման ենթարկուած են նուաճողներու կողմէ, որուն պատկերը այնքան գեղեցիկ կերպով տուած է Վիգէն Խեչումեան, երբ կ’ըսէ, թէ «լեզուն կտրած էին, որ հայերէն չխօսի»:
Հիմա ո՞վ կը կտրէ հայու լեզուն, որ հայերէն չխօսի. հա՛յը` ինք:
Ո՞վ հայու լեզուն կը դարձնէ անհարազատ` հազարաւոր օտար բառեր պատուաստելով կոճղին վրայ, այդ համարելով յառաջդիմութիւն (ստապատիր):
Վաղուան իրաւ վերականգնումին համար միայն մեզմէ կախում ունեցող լեզուի վերականգնումը պէտք է սկսիլ այսօր, որպէսզի մենք մենք ըլլանք, չըլլանք ուրիշի տժգունած կրկնօրինակը, իսկական հպարտութիւն նուաճենք:
Օր մը էսթեպլիշմընթային ինքնագոհի մը ըսի, որ այդ դիրքին վրայ ի՞նչ գործ ունի, երբ ո՛չ հայոց պատմութիւն, ո՛չ հայերէն, ո՛չ ալ հայ գրականութիւն գիտէ: Ինքնավստահ պատասխանեց. «Կարեւոր չէ»:
Գումարուող «կարեւոր չէ»-երով վերականգնում կարելի չէ:
Այսօր ազգը կարիք ունի հոգեբարոյական վերականգնումի յեղափոխութեան, որպէսզի միացումով կարելի դառնայ ազգային իրաւ վերականգնումը:
Կիսագրագէտներով, տգէտներով եւ սոսկ մեքենայութիւններու, մանիպուլացիա, վարպետներով ո՛չ կառավարում կը յաջողի, ո՛չ վերականգնում կ’իրականացուի:
Եթէ հայկական բազմագոյն էսթեպլիշմընթները հետեւէին, հետեւած ըլլային Ժորժ Փոմփիտուի օրինակին, կը մեծնային եւ կը մեծնայինք:
19 մայիս 2022, Նուազի-լը-Կրան
* Anthologie de la poésie française, Georges Pompidou, 1961
aztagdaily.com/archives/548683