Մտածելու Եւ Գործելու Համար Առանձին Պէտք Չէ Ըլլալ.- Մենք Մեզի Հետ Եթէ Անկեղծ Եղած Ըլլայինք, Նուազ Կը Ձախողէինք Եւ Կը Հզօրանայինք – Յակոբ Պալեան

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Մտածելու Եւ Գործելու Համար Առանձին Պէտք Չէ Ըլլալ.- Մենք Մեզի Հետ Եթէ Անկեղծ Եղած Ըլլայինք, Նուազ Կը Ձախողէինք Եւ Կը Հզօրանայինք – Յակոբ Պալեան

18 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

Սասունցի Դաւիթէն եւ Մսրայ Մելիքէն Ետք՝ Նիկոլ եւ Ալիե՞ւ Պիտի Պատմեմ Թոռներուս – Յակոբ Պալեան

Կը զարմանանք տեսնելով միջակութեան յաջողութիւնը, կը սխալինք: Միջակութիւնը հզօր է ոչ անով որ ինք է, այլ միջակութիւններով զորս կը ներկայացնէ, եւ այս պարագային իր ուժը սոսկալի է: Որքան իշխանութեան գլուխ գտնուող անձը պզտիկ է, այնքան ան կը յարմարի ամէն կարգի պզտիկութիւններու: Ամէն ոք անոր բաղդատուելով ինքնիրեն կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ իմ կարգիս պիտի չհասնիմ հոն: Ոչ մէկ նախանձ կը գրգռէ, պալատականները զինք կը նախընտրեն, քանի որ կրնան զինք արհամարհել, թագաւորները զինք կը պահեն որպէս արտայայտութիւնը իրենց հզօրութեան: Միջակութիւնը ամբողջական առաւելութիւններ ունի դիրքը պահելու համար, բայց դեռ ունի աւելի մեծ բարիք մը. կարողութիւնները կը հեռացնէ իշխանութենէ: Նախարարութեան հասած յիմարներու եւ տխմարներու պատգամաւորը կը շոյէ մարդկային սիրտի երկու կիրքեր. փառասիրութիւնը եւ նախանձը:

Ֆրանսուա-Ռընէ տը Շաթոպրիան, ֆրանսացի գրող,ԺԹ դար

Մեծ յոյսերէ եւ խանդավառութիւններէ ետք երբ մեր գունաթափ ներկան կը դիտենք, անկեղծութիւն եւ քաջութիւն պէտք է ունենանք հասկնալ փորձելու, թէ ինչո՞ւ երկար սպասումներէ ետք վերանկախացած Հայաստանը եւ մեր ազգը կանգնած են պատի առջեւ: Ճիշդ չէ արտաքին ազդակներու ետին թաքնուիլ՝ արդարացում փնտռելու համար: Վերականգնելու եւ յաջողելու համար պէտք է սկսիլ ինքնաքննադատութեամբ:

Երեսուն տարի շարունակ, գիտնալով հանդերձ, որ թշնամի ուժեր կան սահմանին վրայ, ազգովին չյաջողեցանք հաւաքական տեսիլքի մը շուրջ հաւաքական կամք ստեղծել: Միթէ՞ անկարող եւ անատակ դարձած ենք այդ կամքը ունենալու: Միթէ՞ անակնկալ էր անկախութիւնը, սովորութիւններու ստեղծած ուժով ան հեռաւոր երա՞զ էր, գիրքերու մէջ յամեցող, հոգեպէս պատրաստ չէինք անոր, ընդունելու համար անկախ պետութեան մը հրամայականները:

Անկախ պետութիւն ունեցանք, բայց մնացինք խորհրդային շրջանային եւ սփիւռք(ներ)ի դասական ըմբռնումներու մէջ, անցեալի ժառանգութիւնը եւ ներկան իրարու չհանդիպեցան ապագայ կառուցելու համար: Տատանումներէ եւ խարխափումներէ անդին, յաջորդական իշխանութիւնները եւ իշխանութիւն չեղող ղեկավարութիւնները համահայկական առաջադրանքի մը շուրջ յանձնառութեամբ հզօրացած համախմբում չստեղծեցին, որ երաշխիքը պիտի ըլլար անկախութեան եւ հայրենիքի անվտանգութեան: Այս պատճառով ալ դեռ կը շարունակուի կարօտախտը «սովետի» օրերու, երբ ապահովութիւն կար, աշխատանք կար, մշակոյթ եւ գիտութիւն կը զարգանային: Քաղաքական եւ ազգային օրակարգ չէր բիզնեսը:

Անկախութիւն հունին մէջ շեշտուեցան անարդարութիւնները եւ անհաւասարութիւնները, դարձան համակարգ: Անոնց վերացման ամբոխահաճական կարգախօսով յառաջացած իշխանութիւնը, տարբեր ձեւերով,- եւ անվարան պէտք է ըսել՝ ժողովրդական,- ամբոխային քէնի եւ իշխանական դիրքի չարաշահումով,- շարունակեց դրութիւնը: Ոչինչ փոխուեցաւ Արտակին, Հայկոյին, Անուշին եւ Հռիփսիկին համար: Գումարուեցաւ հորիզոնի վրայ ամէն օր ինքզինք յիշեցնող գերաճած Եռաբլուրը:

Ինչպէ՞ս չմտածել, որ չյառաջացուցինք, անկարող եղանք, կամ պարզապէս անատակ եղանք ազգային եւ քաղաքական իրա՛ւ կարողականութեամբ (պոդենցիալ) ղեկավարութիւն յառաջացնելու, որ ազգի մտաւոր, գիտակից եւ պատրաստուած ուժերը համախմբէր, ձեւով մը՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ կամ ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԱԿԱՏ կազմելով, որ չըլլար ընդլայնուած թաղային համախմբում կամ հեղինակութիւն, մեքենայութիւններով, ինչպէս կ’ըսուի՝ մանիպուլացիաներով, եւ ամբոխահաճութեամբ (պոպուլիզմ) դիրքերու ապահովում: Ամբոխահաճական մթնոլորտի մէջ իրաւ առաջնորդութիւն չի ծնիր, քանի որ հոն կ’ուռճանան միջակութիւններու շոյուող եւ համագործակցող եսերը, ազգային-քաղաքական հեռանկարները կը փոխարինուին եսերով, շահախնդիրներով եւ փառատենչիկներով:

Եթէ միայն ամենուրեք, ներսը եւ դուրսը, կարենայինք երբեմն մտածել իմաստուններու հետքով, մենք մեզ անսխալական եւ անփոխարինելի չհամարէինք, մեր ներկան այսպէս ընկճուածութիւն չէր ըլլար: Բոլոր մակարդակներու վրայ, թերեւս նուազ կը ձախողէինք, եթէ լսէինք ԺԸ դարու ֆրանսացի գրող եւ պետական գործիչ Լա Ռոշֆուքոն, որ ըսած է. «Միջակութեան յատկութիւնն է հաւատալ որ գերադաս է»: Այսինքն ախտը միշտ եղած է, մեքենայութիւնները (մանիպուլացիաները), զանգուածին կողմէ անմիջականօրէն ըմբռնելի զրպարտութիւնները եւ ամբոխահաճութիւնը դարձած են միջակութիւններու կառավարման-ղեկավարման ոճ:

Կը մոռցուին ազգը, հայրենիքը, եւ նոյնինքն ժողովուրդը կը դատապարտուի կրելու հետեւանքները: Քաղաքական փորձ եւ աւանդութիւն չունեցող երկիրներու եւ ընկերութիւններու մէջ գաղափարները եւ հաւաքականի ըմբռնումը կը կեդրոնացուին անձի մը վրայ, որ զինք կրող ամբոխը միշտ պէտք է շոյէ, անոր կիրքերուն եւ նախանձին կեր հայթայթէ, փոխանակ անոր ընծայելու գիտակից եւ պատասխանատու քաղաքացիի դերը: Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ երբ ժողովուրդը կ’ամբոխանայ, իր իշխանութիւն հակակշռելու ունակութիւնը չի զարգացներ, կը կորսնցնէ քաղաքական ազդակի որակը:

Հայաստան վերականգնելու եւ հզօրութիւն նուաճելու համար կարիք ունի այդ որակին: Ինչպէս յաճախ կը կրկնեմ, խոնարհութիւնը եւ սալամ ալէքը մերժող հարազատ մտաւորականութեան կարիք ունինք, որպէսզի ժողովուրդին բացատրէ եւ սորվեցնէ ըլլալ որոմը ցորենէն զատել գիտցող լիիրաւ քաղաքացի: Օրինակ, սորվեցնէ իր քուէին տէր ըլլալ եւ չտարուիլ քէնով, կիրքով եւ կրկներեւոյթներով, միրաժներով, որ կը նշանակէ չխաբուիլ, խաղալիք չըլլալ:

Ժամանակակից լիբանանցի ֆրանսագիր գրող Ամին Մաալուֆ, ակադեմիայի անդամ, իր «Աշխարհի խանգարումը. երբ քաղաքակրթութիւնները կը հիւծին» գիրքին մէջ, (Le dérèglement du monde : Quand nos civilisations sépuisent, 2009), կը գրէ. «Պատշաճիլ անգիտութեան կը նշանակէ դրժել ժողովրդավարութիւնը, զայն վերածել ուրուականի»: Ուշադրութեամբ պէտք է հետեւիլ արտայայտուած միտքին: Երբ ժողովուրդը կը պահուի անգիտութեան մէջ, անոր նախնական բնազդները կը չարաշահուին անոր աչքին առջեւ պարզելով թշնամիի կարմիր լաթը, ժողովուրդը չի լուսաբանուիր, կը խրի անգիտութեան եւ կարճատեսութեան մէջ, աւելի ճիշդ՝ կուրութեան:

Ինչպէ՞ս ժողովուրդ մը կրնայ ճիշդ կողմնորոշուիլ եւ տէր ըլլալ իր ճակատագրին, երբ կիրքով եւ քէնով կը մթագնեն իր մտածման հորիզոնը, կը դադրի մտածելէ: Այդ ըրած են եւ կ’ընեն բոլոր իշխանամոլները, Հռոմի կայսրերը կրկէսի մէջ իրարու դէմ կը հանէին կռուողներ, որոնց յաղթանակը կամ մահը միջնորդութեամբ յագուրդ կու տային վրէժի, արեան, սպանութեան կիրքերու:

Ժողովրդավարութիւնը յաջողելու համար, ժողովուրդը լուսաբանուելու եւ գիտնալու կարիք ունի, որպէսզի Ճիշդ կողմնորշուի: Միշտ պէտք է կրկնել, որ քէնը եւ կիրքը երբեք լաւ խորհրդատուներ չեն: Հայաստանի վերականգնումի եւ յաջողութեան առաջին պայմանը կիրքի, քէնի եւ ամբոխահաճութեան քննադատութեամբ ձեռք բերուած ողջախոհութիւնը պիտի ըլլայ, որպէսզի տէր ըլլալու համար ոչ միայն իր անհատական ընտրանքին, այլ նաեւ ու մանաւանդ՝ ազգին:

Եւ կրկին պիտի ըսեմ, ազգի եւ հայրենիքի ճակատագիրը կը գտնուի լուսաբանող, ճիշդն ու սխալը մատնանշող, այդ գործին առաքելական գործին մէջ ինքզինք ներդրած իր դերին գիտակ մտաւորականութեան:

Նաեւ, գիտակցական զգաստ պահու մը, զինք լսող ժողովուրդի:

Ի վերջոյ միայն գիտակից, իր ինքնութեան տէր եւ մեքենայութիւններու չենթարկուող ժողովուրդն է որ կ’որոշէ, պատմութեան հանգուցային պահուն, իր իրաւունքին տէր կանգնիլ, վճռել իր որպէս ազգ եւ հայրենատէր լինելիութեան պատմական պատասխանատուութեան խնդիրը:

Ա՛յս՝ եսեր շոյող լուսանկարներէ, խօսքի ճապկումներէ, բողոքի յուսզումներէ անդին գտնուող վաղուան համար յանձնառութիւն է:

Յանձնառութիւնը նաեւ ազգի իրաւունքներուն հանդէպ՝ իրենց պատասխանա-տուութեան գիտակ ամէն գոյնի ղեկավարութիւններուն:

Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը, այն գիտակցութեամբ որ վաղը արդէն ուշ է, գնացքները արագ կ’անցնին: Միայն արխիւները կը պահեն անհետացածներու անկեանք յիշատակները:

yerakouyn.com/2022/06/17/մտածելու-եւ-գործելու-համար-առանձին-պէ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail