ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիքները Լոռիի, Բորչալուի Եւ Բոլնիսի Մէջ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիքները Լոռիի, Բորչալուի Եւ Բոլնիսի Մէջ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեան`
Կաթողիկոսութեան Գլխաւոր Թեկնածու

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մաղաւուզ Մարտակերտի շրջանին մէջ, Թարթառ գետի աջ ափին, Սուրբ Գէորգ եկեղեցիով. շրջակայքը` Թուխկասարի, Անապատ եւ Երեք Մանկունք վանքերը:

Վրաց Գէորգի ԺԲ. թագաւոր, ընդառաջելով Արցախի մելիքները եւ անոնց հպատակները Վրաստանի թագաւորութեան սահմաններուն մէջ բնակեցնելու եւ անոնց հողեր ու արտօնութիւններ շնորհելու վերաբերեալ ռուսաց Փաւէլ Ա. կայսեր կամքին, մելիք Ջումշուդի յանձնեց Լոռին, մելիք Ֆրէյդունի` Բորչալուի գաւառին մէկ մասը:

Գէորգի ԺԲ. թագաւոր 29 փետրուար 1800¬ին հրովարտակով մելիք Ջումշուդին շնորհեց, անոր պահանջած Ղազախ գաւառի փոխարէն` Լոռի գաւառը, որ արդէն շնորհուած էր Շահամիր Շահամիրեանի, պայմանաւ, որ եթէ Շահամիրեանի ժառանգորդներԷն մէկը ներկայանայ, ապա Վարանդայի մելիքը այլ տարածք կը ստանայ: Այսուհանդերձ, հրովարտակին մէջ կը նշուէր, որ Լոռին մելիք Ջումշուդի կը տրուի իբրեւ յաւերԺական տիրոյթ` իրեն պատկանող բոլոր գիւղերով, գիւղացիներով ու հողերով: Մելիք Ֆրեյդուն ստացաւ Բորչալուի մեծ մասը, Ուզունլարը (Օձուն) եւ Ղազախը: Մելիք Աբով ստացաւ Բոլնիսն ու Դաղեթը` իր սահմաններով: Իսկ Հաճի Կալէի (Աղճի Ղալա) մօտ բնակութիւն հաստատած արցախցիները կը պատկանէին մելիք Ջումշուդի եւ մելիք Ֆրէյդունի:

Վրաստան այդ ժամանակ խռովայոյզ վիճակի մէջ էր: Կովկասեան լեռնականներու յարձակումները մէկ կողմէ եւ վրաց արքայական տան անդամներու երկպառակութիւնը միւս կողմէ անընդհատ լարուած վիճակի մէջ կը պահէին երկիրը: Հետեւաբար Գէորգի թագաւոր նպատակայարմար կը նկատէր հայ մելիքները եւ անոնց հպատակները վրաց թագաւորութեան հողերուն վրայ բնակեցնել, քանի որ մելիքները կրնային իրեն համար զօրաւոր դաշնակիցներ ըլլալ: Բացի այդ, հայերու վերաբնակեցումը կը համապատասխանէր պարսկական աւերիչ արշաւանքի հետեւանքով իրենց բնակչութենէն նօսրացած Լոռիի եւ Վրաստանի որոշ տարածքներու հետագայ տնտեսական զարգացման շահերուն:

* * *

Մելիքները կը կարծէին, որ եթէ Արցախի մէջ մելիքական դրութիւնը եւ հայկական ինքնավարութիւնը վտանգուած է, այլ հողի վրայ հաստատուելով, կարելի կ՛ըլլայ պահպանել կամ վերահաստատել հին մելիքական դրութիւնը:

Այժմ, բաւականաչափ հողեր եւ ապահով պայմաններ ստանալով, անոնց կը մնար Լոռիի, Բորչալուի եւ Բոլնիսի մէջ Խամսայի մելիքութիւններուն նման նոր երկրամաս ստեղծել:

Արցախէն հայերու հոսքը կը շարունակուէր, եւ մելիքները հետզհետէ նոր հողեր ձեռք կը ձգէին: Նաեւ Երեւանի խանութեան սահմաններ տեղափոխուած արցախցիք սկսան փոխադրուիլ հիւսիս, իրենց մելիքներուն մօտ:

Սակայն մելիքները չէին կրնար հին մելիքական դրութիւնը եւ հայկական ինքնավարութիւնը վերականգնել Լոռիի, Բորչալուի եւ Բոլնիսի մէջ: Անոնք կրնային գոյատեւել միայն իրենց հայրենի պապենական բնօրրանին մէջ, ուր հիմք եւ արմատ ունէին: Արցախ մնացող իրենց հպատակները վրաց թագաւորութեան սահմաններ փոխադրել անոնք չյաջողեցան: Միայն զէնքի ուժով եւ պարտադրանքով կարելի էր ժողովուրդը արմատախիլ ընել իր պապենական հողերէն: Արցախցիք բնականաբար կը զգային, որ տեղափոխութիւնը որքան աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Շամախիի եւ Շաքիի խանութիւններուն մէջ բնակող արցախցիներէն ալ կարելի չեղաւ զանգուածներ Վրաստանի թագաւորութիւն տեղափոխել:

Միւս կողմէ, մելիքները իրենց հաստատուած նոր հողերուն վրայ չյաջողեցան միասնականութիւն պահպանել եւ համախմբուիլ: Մելիք Ջումշուդ եւ մելիք Ֆրէյդուն հին վէճեր եւ տարակարծութիւններ ունէին մելիք Աբովի հետ: Պետական խորհրդական Կովալենսկի փորձեց միջամտել եւ իբրեւ յարգանք մելիք Ջումշուդի տարիքին, մտածեց աւելի բարձր դիրք տալ անոր, բայց յետոյ հրաժարեցաւ մտադրութենէն:

Կովալենսկի 1800¬ին պատրաստած իր տեղեկագիրին մէջ կը գրէ. «Անոնց (մելիք Ջումշուդի եւ մելիք Ֆրէյդունի) հասարակութիւնը բարեկարգելու իմ միւս ջանքերուն մէջ դիտաւորութիւն ունէի ես տալ անոնց քանի մը կանոններ, որոնցմով անոնք պիտի ղեկավարուէին իրենց միջեւ պատահող վէճերու քննութեան ժամանակ, այնպիսի կանոններ, որոնք համապասխանէին ամենաողորմածաբար անոնց շնորհուած, ի միջի այլոց, այն արտօնութեան, որ անոնք պիտի պահպանեն իրենց հին իրաւունքներն ու սովորութիւնները, եւ այդ պատճառով ես կ՛ենթադրէի մելիք Ջումշուդին տալ, ի յարգանս անոր տարիքի, փոքր ինչ բարձր դիրք: Բայց երկու մելիքներու դէպի մելիք Աբովը տածած չարութիւնն ու թշնամութիւնը, որոնք չէին կրնար դատաւորի անկողմնակալութեան յատուկ ըլլալ, զիս հեռու պահեցին այդ մտադրութենէն»:

Կար նաեւ վրաց ազնուականութեան անբարեացակամ վերաբերմունքը մելիքներուն եւ արցախցի վերաբնակիչներուն նկատմամբ: Վրացի ազնուականները ճորտատիրութեան սկզբունքով կը տիրէին իրենց հպատակներուն վրայ, մինչ հայ մելիքներուն մօտ ճորտութիւն չկար. բան մը, որ չէր համապատասխաներ Վրաստանի աւատական դրութեան:

* * *

Կաղարծի Մարտունիի շրջանին մէջ, Խանաշէն գետի ափին, յորդահոս աղբիւրներով եւ Թարգմանչաց վանքով ու Լուսաւորչի մատուռով:

Էջիմածնի միաբանութիւնը, նկատի ունենալով ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի սերտ կապերը ցարական արքունիքին հետ, եւ ռուսական բանակին հետ օսմանցիներու եւ պարսիկներու դէմ անոր գործունէութիւնը, յորդորած էր հրաժարելու կաթողիկոս ըլլալու մտադրութենէն:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս 1 փետրուար 1800¬ին յատուկ գրութեամբ Պոլսոյ ամիրաներուն դիմեց եւ անոնց համամտութիւնը խնդրեց: Նոյն մտքով ան նամակներ գրեց Էջմիածին` տեղապահ Մինաս եպիսկոպոսին եւ Թիֆլիս` Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Ակնցիին:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս 23 մարտ 1800-ին նամակ գրեց Պոլիս` Դանիէլ պատրիարքին եւ փորձեց համոզել զայն զուր խռովութիւն չյարուցել: Ռուսահայոց առաջնորդը կ՛ըսէր, որ ինք Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմէն է եւ իրաւունք ունի կաթողիկոս ըլլալու: Ան կը հաւաստիացնէր ըսելով որ անձնասիրութիւնը չէ որ զինք կը դրդէ կաթողիկոս դառնալու: Եթէ անձնասէր ըլլար, չէր ձգեր այն պատիւները, փառքը եւ հանգստութիւնը, որ կը վայելէ Ռուսաստանի մէջ: Միայն ազգի օգուտն է որ զինք կը կանչէ Էջմիածին:

Պոլսոյ մէջ 28 մարտ 1800-ին Դանիէլ պատրիարք Սուրմառեցիի գլխաւորութեամբ ամիրաներու ժողով գումարուեցաւ: Դաւիթ եպիսկոպոս Էնեգեթցի եւ Գալուստ եպիսկոպոս Ջուղայեցի պնդեցին Դանիէլ պատրիարքի կաթողիկոս ընտրութեան վրայ: 12 ապրիլին համաձայնութիւն գոյացաւ Նիկոմիդիոյ եւ Արմաշի առաջնորդ Բարթողիմէոս եպիսկոպոսի անուան շուրջ: 26 ապրիլի ժողովին հաստատուեցաւ Դանիէլի թեկնածութիւնը:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս լաւ գիտէր որ իր կաթողիկոսութիւնը յաջողցնելու համար Պոլսոյ մեծամեծներուն հաւանութիւնը անհրաժեշտ էր, եւ ըստ այնմ ալ շարունակեց դիմումներ ընել: Բայց ան նաեւ գիտէր, որ իրեն համար նպաստաւոր տուեալներ չկային Պոլսոյ մէջ:

Իր ընտրութեան դէմ Էջմիածնի միաբանութեան առարկութիւններուն գծով Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը փաստարկէր ըսելով որ ընդհակառակը, այդ հանգամանքները անհրաժեշտ կը դարձնեն իր կաթողիկոս ընտրութիւնը:

Պոլսոյ մէջ կաթողիկոսութեան թեկնածուներու միջեւ մրցակցութիւնը կը շարունակուէր: Ի վերջոյ համաձայնութիւն գոյացաւ որ Դանիէլ պատրիարք կաթողիկոս ընտրուի, իսկ Դաւիթ եպիսկոպոս պատրիարք ըլլայ: Սակայն խռովութիւնները վերսկսան: Գալուստ եպիսկոպոս շաբաթ, 5 մայիսին մայր եկեղեցի մտաւ եւ յաջորդ օր թոյլ չտուաւ որ Դաւիթ եպիսկոպոս նստի պատրիարքական աթոռին վրայ: Ժողովուրդը Գալուստ եպիսկոպոսը եկեղեցիէն դուրս վռնտեց: Ենիչերիներու ջոկատ մը վրայ հասաւ եւ Գալուստ եպիսկոպոսը ձերբակալեց. 13 մայիսին ան Լեմնոս կղզին աքսորուեցաւ:

* * *

Ռուսաստանի ապագայ ծրագիրներու իրականացման առումով Էջմիածին մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր թէ՛ իր աշխարհագրական դիրքով եւ թէ մանաւանդ իբրեւ հայութեան հոգեւոր եւ ազգային կեդրոն: Իր հովանաւորութեան տակ առնելով Վրաստանը եւ իր կառավարչութիւնը հաստատելով հոն, Ռուսական կայսրութիւնը միաժամանակ սկսաւ եռանդուն կերպով միջամտել Էջմիածնի ներքին գործերուն:

Ռուսական կառավարութեան միջամտութիւնը աւելի ազդեցիկ եւ արգասաբեր կրնար ըլլալ, եթէ կաթողիկոսական գահին վրայ նստէր Յովսէփ արքեպիսկոպոս, որ իր ամբողջ էութեամբ կը ծառայէր Ռուսաստանի շահերուն:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս տարիներ առաջ ռուսական արքունիքին ներկայացուցած էր իր տոհմագրութիւնը, որուն համաձայն Արղութեան տոհմը սերած է պարսից Արտաշէս Երկայնաբազուկ թագաւորէն: Այդ ծագման իբրեւ փաստ ան կը յիշէր, որ վրաց Հերակլ Բ. թագաւոր ստորագրած էր իր կազմած տոհմագրութեան տակ:

«Արղութ» չաղաթայերէն կը նշանակէ լայնաթիկունք, որ երկայնաբազուկ բառին հոմանիշն է: Զաքարեան տոհմը, որ ԺԲ. դարուն Զաքարեան իշխանապետութիւնը հաստատեց, Վրաստանի հետ միութեան դաշինք կնքած էր եւ բարձր դիրքեր կը վարէր վրաց արքունիքին մէջ: Վրացիք զանոնք կը կոչէին Մխարգրձելի, որ կը թարգմանուի իբրեւ Երկայնաբազուկ: Հերակլ Բ. թագաւոր հաստատած էր Արղութեան տոհմի զինանշանը, որուն վրայ, իբրեւ անոնց սպարապետութեան խորհրդանիշ, արծաթի վրայ պատկերուած է Վահան, խաչ եւ Սուրբ Աստուածածինը` ձախ ձեռքը Մանուկ Յիսուսը. ներքեւի աջ կողմը պատկերուած է թուր պահող թեւ, իբրեւ խորհրդանիշ արի ազգանուան. ձախ կողմը վահան է, որուն մօտ կանգնած (ուղղահայեաց) նիզակ է. այս բոլոր նշանները պսակուած են թագով:

Փաւէլ Ա. կայսր 22 մարտ 1800-ին Արղութեան տոհմին իշխանական տիտղոս տուաւ եւ ռուսական ազնուականութեան շարքը մտցուց Արղութեան-Երկայնաբազուկ տոհմանունով:

Իշխան Յովսէփ արքեպիսկոպոսին երկու գիւղ ընծայուեցաւ հարաւ-արեւմտեան Ռուսիոյ մէջ:

Արտաշէս Երկայնաբազուկ թագաւորի ժառանգորդ արքեպիսկոպոսը ինքզինք Պարթեւ Արշակունի տոհմէն սերած կը նկատէր, հետեւաբար ինք Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմէն է, եւ բնականաբար Լուսաւորչի գահին լիիրաւ ժառանգորդը: Հայ ազգը, իրեն նման փառահեղ արմատներ ունեցող հոգեւորականը կաթողիկոսութեան թեկնածու նկատելով, անոր մէջ պիտի տեսնէր առհաւատչեայ, թէ ռուսերը, ի յարգանս իրեն, հայութիւնը պիտի ազատագրեն թրքական եւ պարսկական ստրկութենէն:

* * *

Խծաբերդ Հադրութի շրջանին մէջ, Քիրս լերան հարաւ-արեւմտեան լանջին, Սուրբ Աստուածածին եւ Եղցան Ձոր եկեղեցիներով եւ Օձաբերդ, Հազարափրկիչ եւ Անմտեղ բերդերով:

Կաթողիկոսական ընտրութեան հարցով վրաց Գէորգի ԺԲ. թագաւոր նամակ գրեց Էջմիածնի միաբանութեան: Թագաւորը կը յայտնէր որ Վրաստանի համար Սուրբ Էջմիածնի աթոռը օտար չէ: Վրաց արքան բաժին ունի հայոց հայրապետութեան մէջ: Ամբողջ հայ ազգը Վրաստանի թագաւորը միաժամանակ իր թագաւորը կը նկատէ: Արդ, եթէ այդպէս է, ապա ուրեմն Էջմիածնի Սուրբ աթոռի միաբանները պէտք է լսեն վրաց արքային կամքը եւ հաւանութիւն տան:

Գէորգի ԺԲ. կը զգուշացնէր Էջմիածնի վանականները ըսելով, որ ներկայիս հայրապետութեան իրաւունքը Յովսէփ արքեպիսկոպոսին կը պատկանի. ան ունի  արժանաւորութիւն եւ կարողութիւն բարւոք կերպով կառավարելու Սուրբ աթոռը եւ միաբանութիւնը: Իսկ եթէ Յովսէփ արքեպիսկոպոսին փոխարէն Սուրբ աթոռի միաբանութիւնը այլ հայրապետ ընտրէ եւ զայն օծէ, այն ժամանակ անվերջանալի խռովութիւն եւ երկպառակութիւն պիտի յառաջանայ եւ արիւն պիտի թափի. «գիտասջիք, այնպէս է լինելոց, որպէս ի ժամանակս Քութուրին, եւ անվերջանալի խռովութիւն եւ երկպառակութիւն յառաջանալոց է եւ որքան ի յիս կարողութիւն գոյ, մինչեւ ի հեղումն արեանս ջանալոց եմ ի վերոյ օրինաւոր առաջադրութեանս», կ՛եզրափակէր Գէորգի ԺԲ. թագաւոր:

aztagdaily.com/archives/556461

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail