Արցախ ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիքներու Խնդրագիրին Մասին Նկատառումներ Եւ Փաւէլ Ա. Կայսեր Հրովարտակը– ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիքներու Խնդրագիրին Մասին Նկատառումներ Եւ Փաւէլ Ա. Կայսեր Հրովարտակը– ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Վարանդայի մելիք Ջումշուդ եւ Գիւլիստանի մելիք Ֆրէյդուն ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի միջնորդութեամբ 29 մարտ 1799-ին խոնարհագոյն աղերսագիր ներկայացուցած էին Փաւէլ Ա. կայսրին:

Աղերսագիրին հետ մելիքները առանձին թուղթ մատուցեցին կայսեր` «Հինգ հայ մելիքներու անուններն ու գաւառները» խորագիրով:

Մելիքներուն մատուցած թուղթը Խամսայի մելիքութիւններու պաշտօնական նկարագրութիւնն էր, ուր կ՛ըսուէր.

«Մելիքներու ընդհանուր տիրապետութիւնը կը կոչուի Ղարաբաղ:

Առաջինը անոնցմէ` մելիք Ջումշուդ, որդի մելիք Շահնազարի, որուն գաւառը կը կոչուի Վարանդա եւ բերդը` Շուշի. անոր հետ է որդին եւ իւզպաշի մը:

Երկրորդը` մելիք Աբով, որդի մելիք Յովսէփի, որուն գաւառը կը կոչուի Իգիրմիդորդ եւ բերդը` Գիւլիստան, որ արդէն իր հպատակներու մեծ մասը հանած է այդ գաւառէն, յոյս դնելով նորին մեծութեան ողորմութեան վրայ, եւ տեղափոխած Վրաստան` վրաց թագաւոր Գէորգիի հովանաւորութեան տակ: Անոր եղբօրորդի մելիք Ֆրէյդուն վերոյիշեալ մելիք Ջումշուդի հետ այժմ կը գտնուի այստեղ (Պետերբուրգ):

Երրորդը` մելիք Ռոստոմ, որդի իւզպաշի Ալլահվերդիի, տեղապահ վախճանած մելիք Մեջլումի, որ մելիք Հաթամի որդին էր եւ ձգած է տասնչորս տարեկան որդի մը` մելիք Հաթամ անունով, իսկ անոնց գաւառը կը կոչուի Ջրաբերդ: Թէեւ անոնց տունը առաջնութիւն ունի այս հինգ մելիքական տուներու մէջ, բայց որովհետեւ այժմ այդ տունը իր սեփական մելիքը չունի, մելիք Մեջլումի զաւակին անչափահասութեան պատճառով, այլ ունի միայն վերոյիշեալ տեղապահը, ուստի եւ առաջնութիւնը կը տրուի մելիք Ջումշուդին:

Չորրորդը` մելիք Աբաս, որդի մելիք Բախտամի, որուն գաւառը կը կոչուի Դիզակ:

Հինգերորդը` մելիք Ալլահվերդի, որդի մելիք Միրզախանի, որուն գաւառը կը կոչուի Խաչեն:

Վերոյիշեալ մելիքները իրենց իշխանութեան տակ ունին իւզպաշիներ, այսինքն` զօրքի հրամանատարներ, որոնցմէ մէկ քանին այս աստիճանը կը ստանան ժառանգաբար, իսկ ոմանք կը ստանան իրենց տէրերէն` մելիքներէն, իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար»:

***

Պետերբուրգի մէջ մելիքներուն ուղղութիւն տուողը եւ անոնց աղերսագիրն ու թուղթը պատրաստողը Յովսէփ արքեպիսկոպոսն էր: Մելիքները միայն իրենց ստորագրութիւնը դրած էին:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս հայութեան փրկութեան ուղին Ռուսական կայսրութեան Անդրկովկասեան արշաւանքներուն ու զէնքի ուժով Հայաստանը ազատագրելուն մէջ կը տեսնէր: Ան ամէն միջոցի դիմած էր որ իրականութիւն դառնայ ռուսական արշաւանքը: Ան տեւաբար կ՛արծարծէր Հայաստանի ազատագրութեան հարցը եւ մնայուն կերպով ռուս ղեկավարութեան ուշադրութիւնը սեւեռած կը պահէր Արցախի նուաճման կարեւորութեան եւ օգտակարութեան վրայ:

Սակայն ռուս քաղաքական ու ռազմական գործիչները այնքան ալ պատրաստակամ չէին արձագանգելու հայ արքեպիսկոպոսի կոչերուն, որոնք յաճախ անպատասխան կը մնային:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը գիտակցէր, որ ռուսական արքունիքը կովկասեան պետութիւններու ազատագրութեան հարցին մէջ կ՛առաջնորդուի իր քաղաքական շահերէն մեկնելով, իսկ ինք արքունիքին համար կը ծառայէ իբրեւ զէնք` Անդրկովկասի նուաճման ճանապարհին:

Յովսէփ արքեպիսկոպոսի բանակցութիւններուն նպատակակէտը Հայաստանի պետականութեան վերականգնումն էր: Բայց, տեսնելով որ անկախութիւնը հեռաւոր յոյս է, եւ նկատի ունենալով յատկապէս Արցախի սպառնացող վտանգը, ան կը մտածէր, իբրեւ փրկութեան միջոց, արցախահայութիւնը Ռուսաստան կամ Կովկասի մէջ վայր մը տեղափոխել:

Լեռնահովիտ (Եզնագոմեր) Քաշաթաղի շրջանին մէջ, Աղաւնոյ գետի հովիտին մէջ:

***

Փաւէլ Ա. կայսր, ընդառաջելով Վրաստանի Գէորգի ԺԲ. թագաւորի խնդրանքին, 18 ապրիլ 1799-ին անոր անդրանիկ որդին` Դաւիթը գահաժառանգ հռչակեց:

Փաւէլ Ա. 22 ապրիլ 1799-ին հրամանագիր հրապարակեց ուղղուած գանձապետ Վալիլեւի, թելադրելով իբրեւ ամէնամեայ թոշակ մելիք Ջումշուդին յատկացնել 1400 ռուբլի. մելիք Ֆրէյդունին` հազար ռուբլի, իսկ Ջումշուդի որդի Պօղոսին` 600 ռուբլի գումար: Միաժամանակ կայսրը կը պատուիրէր ոսկիէ ութ շքանշան` հայ մելիքները պարգեւատրելու համար:

Մելիքներուն խնդրագիրին ընդառաջելու անհրաժեշտութիւնը հիմնաւորելու համար, «Նկատառումներ Ղարաբաղի մելիքներու խնդրագիրի մասին» խորագիրը կրող գրութիւն մը ներկայացուեցաւ արքունիք, որուն հեղինակը հաւանաբար Անդրկովկասի իրադարձութիւններուն լաւատեղեակ Լաշկարովն էր:

Վաւերագիրին մէջ կը նշուի, որ «Քրիստոնէութեան թշնամիներու լուծին ներքեւ վաղուց ի վեր տառապող հայոց ազգը… կ՛այրի բաղձանքով` իրեն տեսնելու անկախութեան մէջ եւ ըլլալու սեփական տիրողի կառավարման ներքեւ: Ղարաբաղի մարզին մէջ, իբրեւ հին Հայաստանի միակ մնացորդը, որ պահպանած է իր անկախութիւնը սեփական տիրողներու իշխանութեան ներքեւ, այս ազգը Աստուծոյ օգնութեամբ եւ անկէ անբաժան Համառուսաստանեան կայսրութեան հզօր հովանաւորութեամբ կը ցանկայ միայն այդ յոյսը: Ներկայիս այս մարզի կեղեքումը մահմետականներու լուծի տակ ոչ միայն հայոց ազգի համար այդ հեռանկարը կը սահմանափակէ, այլեւ այնտեղի ամրակուռ վայրերուն տիրելով` Ղարաբաղի մէջ պարսիկներու հաստատումով, իրենց բնական դիրքով Կովկասի կիրճերուն մէջ գրեթէ անառիկ, Համառուսաստանեան բարձրագոյն արքունիքի (հովանիին տակ գտնուող) Վրաստան եւս կը վտանգուի` անոնց յաճախակի ու անակնկալ, անհանգստութիւն եւ աւերածութիւն ձգող յարձակումներու հետեւանքով անոր այդ մասի սահմաններու մերկացումով: Միայն վրաց թագաւորութեան բարօրութեան եւ ամբողջականութեան ապահովման մէջ Համառուսաստանեան կայսրութեան մասնակցութեան առումով այս (խնդրանքի) յարգումը արդէն այնքան համոզիչ է, որ պէտք է սպասել մելիքներու այս խնդրանքի բարեհաճ լուծում»:

Մելիքներու խնդրանքին ընդառաջելը Ռուսաստանի համար նախընտրելի էր նաեւ այլ առումով: Գրութեան հեղինակը համոզում կը յայտնէ, որ Ռուսաստանի հովանիին տակ ստեղծուելիք հայկական պետութիւնը արագօրէն կ՛ամրապնդուի, ամուր յենարան կը դառնայ եւ կարեւոր նշանակութիւն կ՛ունենայ նաեւ Ռուսաստանի հետագայ քաղաքականութեան համար:

Հեռակայ այս նպատակներու իրականացման անհրաժեշտութենէն մեկնելով, գրութեան հեղինակը կը նշէ, որ իբրեւ առաջին քայլ պէտք է ընդառաջել մելիքներու խնդրանքին եւ անոնց բնակութեան վայր յատկացնել Վրաստանի թագաւորութեան սահմաններուն մէջ մտած եւ հայաթափ եղած Հայաստանի Ղազախ գաւառին մէջ:

Ղազախի վերակենդանացումը հաւասարապէս ձեռնտու պէտք է ըլլար թէ՛ հայ եւ թէ վրաց թագաւորութեան:

Արցախի հայ մելիքները ոգեւորելու նպատակով կ՛առաջարկուէր. ա) նուէրներ ու շքանշաններ յանձնել մելիքներուն: բ) Վրաց թագաւորը համոզել նշուած տարածքը զիջելու հայ մելիքներուն: գ) Հայ եւ վրաց կողմերուն միջեւ պայմանաւորուածութեան ձեւակերպում տալ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ: դ) Թոյլատրել մելիքներուն ունենալու մնայուն զօրք եւ ատոր համար անոնց վարկ տրամադրել:

Կ՛առաջարկուէր նաեւ «ի նշան եւ ի յիշատակ հայ ազգի նկատմամբ հովանաւորութեան, այս գաղութին տրամադրել քանի մը հրետանային սարքեր… եւ այդ սարքերու օգտագործման հմտանալու համար թոյլատրել այդ ազգէն քանի մը մարդ ընդգրկել Վրաստան գտնուող ռուսական զօրքերուն մէջ»:

***

Մատաղիս Մարտակերտի շրջանին մէջ, Թարթառ գետի ձախ ափին:

Փաւէլ Ա. կայսր 2 յունիս 1799¬ին հրովարտակ հրապարակեց, ուր կ՛ըսուէր.

«Աստուծոյ ողորմութեամբ մենք, Փաւէլ Առաջին, կայսր եւ ինքնակալ համայն Ռուսաց եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն:

Ինքնագլուխ եւ հռչակաւոր Ղարաբաղի երկրի ազնիւ մելիքներուն` Վարանդայի տիրապետող Ջումշուդ Շահնազարեանին եւ Գիւլիստանի տիրապետող Ֆրէյդուն Բեգլարեանին եւ նոյն հռչակաւոր երկրի միւս տիրապետող մելիքներուն եւ իւզպաշիներուն, անոնց բոլոր ժողովուրդին մեր կայսերական ողորմութիւնն ու բարեհաճութիւնը:

Գոհութեամբ տեսնելով մեր նախարարութեան մեզի ներկայացուած զեկուցումներէն ձեր ընդհանուր անձնուիրութիւնը դէպի մեզի, մեծ կայսրը եւ համառուսական գահը, նոյնպէս եւ ձեր խնդիրքը, որ, ձգելով հին հայրենիքը, ուր դուք հարստահարուած էիք, թոյլ տրուի ձեզի ստորագրեալ ժողովուրդներու հետ բնակութիւն հաստատել մեր կայսրութեան մէջ կամ մեր հովանաւորութեան եւ բարձր իշխանութեան տակ գտնուող նորին բարձրութիւն Քարթլիի եւ Կախեթիի թագաւոր Գէորգիի երկիրներուն մէջ եւ գործ ածել ձեր ուժերու աջակցութիւնը յօգուտ եւ ի պաշտպանութիւն անոր կալուածներուն:

Ձեր այդ ջերմեռանդ ցանկութեան մենք, մեծ թագաւորս, մեր կայսերական մեծութիւնը, սիրով զիջանելով եւ, համաձայն ձեր խնդրանքին, ընդունելով ձեզ մեր բարձր հպատակութեան եւ հովանաւորութեան մէջ, ամենաողորմածաբար բարեհաճեցանք թոյլ տալ վերոյիշեալ թագաւորին, որ ան ձեզի տայ, բնակութեան համար, ձեր խնդրած Ղազախ երկիրը, եթէ անիկա բնակեցուած չէ, կամ ուրիշ երկիր մը ըստ ձեր ցանկութեան, եւ ձգել ձեզի ձեր նախկին հայրենիքին մէջ ունեցած այն իշխանութիւնն ու արտօնութիւնները ձեր ստորագրեալ հայերուն վրայ, նոյնպէս եւ այն հայերուն վրայ, որոնք Ղարաբաղէն յօժարակամ կը կամենան գաղթել ձեր մօտ: Այս մասին մենք գրեցինք մեր կայսերական հրովարտակը նորին բարձրութեան:

Իսկ ձեզի, ազնիւ տիրապետող մելիքներ, յայտնելով այդ մասին, կը ձգենք, որ դուք նոյն թագաւորին հետ գործադրէք այն ամէնը, ինչ կը վերաբերի ձեր ստորագրեալ հայերուն եւ ուրիշ մեզի անձնուէր մարդոց գաղթելու անոր (Գէորգի ԺԲ.ի) երկիրը եւ ձեր սեփական բնակութիւնը հաստատելու, ինչպէս վայել է հիւրերուն, պատշաճաւոր ազատութեամբ, օգուտներով եւ առաւելութիւններով:

Մենք կը յանձնարարենք, որ դուք տանիք թագաւորին մեր այդ կայսերական հրովարտակը, ցանկալով, որ դուք ձեր կարիքներուն համար դիմէք թէ՛ անոր եւ թէ Վրաստան նշանակուած մեր նախարարին, մեր սիրեցեալ հաւատարիմ պետական խորհրդական Կովալենսկիին, որուն տրուած են պէտք եղած հրամանները այն բոլորի մասին, ինչ կը վերաբերի ձեր այնտեղ լաւագոյն եւ օգտակարագոյն կերպով բնակութիւն հաստատելուն:

Մենք յոյս ունինք ձեր հաւատարմութեան եւ անձնուիրութեան վրայ եւ ի հաստատութիւն մեր բարձր վեհապետական բարեհաճութեան դէպի ձեզ` ամենաողորմածաբար որոշեցինք ձեր կացութիւնը բարւոքելու համար թոշակներ եւ շնորհեցինք մետալներ»:

Փաւէլ Ա. կայսր նոյն մտքով հրովարտակ գրեց վրաց Գէորգի ԺԲ. թագաւորին:

aztagdaily.com/archives/553872

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail