ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Ռուսական Բանակին Յաղթական Յառաջխաղացքը Եւ Փաւէլ Ա.-ի Գահակալութենէն Ետք` Հեռացումը Անդրկովկասէն – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսական Բանակին Յաղթական Յառաջխաղացքը Եւ Փաւէլ Ա.-ի Գահակալութենէն Ետք` Հեռացումը Անդրկովկասէն – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

19 ՄԱՅԻՍ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Մատուցած
Ծառայութիւնները Եւ Ապրած Յուսախաբութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Զօրավար Ալեքսանդր Ռիմսքի-Կորսաքովի հրամանատարութեան տակ գործող ռուսական բանակը 1796-ի հոկտեմբերին արշաւանքի սկսած էր Գանձակի խանութեան դէմ: Գանձակը նուաճելէն ետք բանակը պիտի վերակազմուէր եւ պիտի սկսէր դէպի Պարսկաստան արշաւանքը:

Սակայն Ռիմսքի-Կորսաքովի բանակը մեծամեծ արգելքներու հանդիպեցաւ: Աշնանային անձրեւային եղանակ էր, ճանապարհները` ցեխոտ եւ դժուարանցանելի, իսկ ուտեստեղէն ճարելը հետզհետէ կը դժուարանար:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի ներկայութիւնը նախախնամական եղաւ ռուսական բանակին համար: Ռուսահայոց առաջնորդը շրջաբերական թուղթեր ուղարկեց Գանձակի շրջակայքի հայութեան եւ թելադրեց օգնել ռուսերուն:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս գիւղէ գիւղ շրջագայելով բանակին համար սայլեր եւ պաշար հաւաքեց:

Ռուսական բանակը երբ Շաքիի խանութեան սահմանը մտաւ, Յովսէփ արքեպիսկոպոս Սելիմ խանէն արտօնութիւն խնդրեց, որպէսզի հայ գիւղացիները իրենց սայլերով տեղափոխեն զօրքին ուտեստեղէնը:

Հայ գիւղացիներու անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ ռուսական բանակը յաղթահարեց դժուարութիւնները եւ շարունակեց յառաջխաղացքը:

Զօրավար Ռիմսքի-Կորսաքով երախտագիտական նամակ գրեց Յովսէփ արքեպիսկոպոսին, ուր կ՛ըսէր.

«Ես չեմ կրնար բաւարար չափով շնորհակալութիւն յայտնել ձեր սրբազնութեան` ձեր այնքան մեծ նեղութիւններուն համար, որ յանձն առած էք իմ հրամանատարութեան տակ գտնուող զօրքերուն օգնելու նպատակով: Եւ ես շատ կը վշտանամ, որ այս ցեխոտ եւ վատ ճանապարհներուն վրայ ձեզ շատ կը յոգնեցնենք»:

Արցախի մելիքները իրենց կողմէ իբրեւ ներկայացուցիչ զօրավար Ռիմսքի-Կորսաքովի մօտ ուղարկեցին Գիւլիստանի մելիք Աբովի եղբօրորդի մելիք Ֆրէյդունը:

Մելիք Ֆրէյդուն իր ծառայութիւնները առաջարկեց զօրավար Ռիմսքի-Կորսաքովի եւ յայտնեց, որ արցախցիք իրենց ամբողջ ուժերով ռուսական բանակի կողքին են: Արցախցիք պատրաստ են նաեւ ռուսական բանակի աջակցութեամբ տեղափոխուելու ապահով վայրեր:

Բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելէ ետք ռուսական բանակը մօտեցաւ Գանձակի:

* * *

Գանձակ, Ջաւադ խանի մօտ կը գտնուէր մելիք Աբով:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս մելիք Աբովի լուր ուղարկեց, թելադրելով համոզել Ջաւադ խանը, որպէսզի առանց դիմադրութեան բերդը յանձնէ ռուսերուն:

Մելիք Աբով յաջողեցաւ համոզել Ջաւադ խանը, եւ ան անձնատուր եղաւ ռուսերուն:

Ջաւադ խան սեփական պալատ պատրաստեց, հոն ընդունելու եւ հիւրընկալելու համար ռուսական պատուիրակութիւնը:

Ռուսական բանակը առանց փամփուշտ մը արձակելու մտաւ Գանձակ:

Զօրավար կոմս Վալերիան Չուբով եւ Յովսէփ արքեպիսկոպոս հասան Գանձակ եւ յարգալիր ընդունելութեան արժանացան:

Ջաւադ խան Յովսէփ արքեպիսկոպոսին նուիրեց Կենաց փայտի մասունքը: Սրբազան այդ մասունքը ժամանակին Հաղբատի վանքէն Թիֆլիս տարուած էր, եւ քաղաքի աւարառութեան ժամանակ պարսիկ զինուորներուն ձեռքը անցած էր: Ջաւադ խան պարսիկ զինուորներէն գնած էր մասունքը:

Ընդունելութեան արարողութենէն ետք Զուբով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Յովսէփ արքեպիսկոպոսին, որ ան հանգստացուցած եւ համոզած էր Ջաւադ խանը առանց արիւնահեղութեան հնազանդութիւն յայտնելու ռուսերուն:

* * *

Գանձակ

Մինչ ռուսական բանակը Գանձակ կը մտնէր եւ կ՛ամրապնդէր իր դիրքերը Ղարաբաղի խանութեան սահմաններուն վրայ, Իպրահիմ Խալիլ խան խոհեմութիւն համարեց լեզու գտնելու ռուսերուն հետ:

Իպրահիմ Խալիլ խան մտահոգ էր յատկապէս այն պատճառով որ հայերը միակամ եւ միասիրտ ռուսերուն կողքին են եւ իրեն դէմ շարժելու պարագային ուժերու յարաբերակցութիւնը պիտի փոխուի յօգուտ հայերուն:

Ղարաբաղի խանը իր որդի Ապտուլ Ֆաթհ խանը (որուն մայրը հայուհի Ռուղամ խանումն էր) կոմս Զուբովի մօտ ուղարկեց եւ հպատակութիւն յայտնեց:

Կոմս Վալերիան Զուբով սիրով ու յարգանքով ընդունեց Ապտուլ Ֆաթհ խանը:

Ղարաբաղի խանութեան վեզիր Միրզա Ջամալ Ջաւանշիր կը գրէ.

«Աղա Մոհամէտ շահ Ֆարս եւ Խորասան կը գտնուէր, երբ զօրավար կոմս Վալերիան Զուբով գրաւեց Դերբենդի ամրոցը եւ տիրեց Շամախիի: Իպրահիմ խան իր ազատ կամքով իր որդի Ապտուլ Ֆաթհ խանը եւ շարք մը բէկեր ուղարկեց Զուբովի մօտ եւ իր հնազանդութիւնն ու անկեղծ զգացումները յայտնեց ռուսական պետութեան նկատմամբ: Ան նաեւ նորին մեծութիւն կայսրուհիին հաւատարմութեան աղերսագիր ուղարկեց»:

Զուբով, ի նշան բարեկամութեան եւ իսլամներու հանդէպ յարգանքի ու համակրանքի, թանկագին գաւազան մը նուիրեց Ապտուլ Ֆաթհ խանին, զայն Շուշիի իսլամներու հոգեւոր պետ մոլլա Փանահի յանձնելու համար:

Ապտուլ Ֆաթհ խան մեծ պատիւներով ճամբու դրուեցաւ:

* * *

Զուբովի կողմէ Ղարաբաղի բռնակալին նկատմամբ բարեկամական վերաբերմունքը բացասական տպաւորութիւն ձգեց հայոց մելիքներուն վրայ եւ խախտեց անոնց հաւատքը ռուսերուն նկատմամբ:

Արցախցիք բոլորովին տարբեր բան կը սպասէին: Անոնք յոյս ունէին, որ ռուսեր Իպրահիմ Խալիլ խանի իշխանութիւնը կ՛ոչնչացնեն եւ Արցախի մէջ կրկին կը հաստատեն մելիքներու վաղեմի ժառանգական իշխանութիւնը: Այդ յոյսով ալ մելիքները ամէն զոհողութիւն յանձն առած էին, ռուսերուն օգնելու եւ անոնց տիրապետութիւնը դիւրացնելու համար:

Սակայն Յովսէփ արքեպիսկոպոս հանգստացուց արցախցիները եւ հաւաստիացուց որ եղածը քաղաքագիտական առժամեայ խաղ մըն է, եւ թէ Իպրահիմ Խալիլ խան երկար չի մնար իր աթոռին վրայ, իսկ մելիքները դարձեալ Ղարաբաղի տէրը կը դառնան, ինչպէս որ եղած է միշտ:

* * *

Գանձակի բերդին աւերակները

Մինչ զօրավար Ալեքսանդր Ռիմսքի-Կորսաքովի զօրքերը Գանձակ կը մտնէին, Անդրկովկասի ռուսական գլխաւոր բանակը կ՛աշխատէր ամրապնդել իր դիրքերը գրաւուած վայրերուն մէջ եւ ամրութիւններ հաստատել:

Զօրավար կոմս Վալերիան Զուբով բերդերու կառուցման համար տեղեր կ՛ընտրէր եւ ծրագրած էր շարք մը ամրացուած բնակատեղիներ հաստատել, ուր բերդապահ զօրաբաժիններ պիտի պահուէին: Գլխաւոր հրամանատարը կը մտածէր նաեւ ռուս գաղթականներ բերել բնակեցնել այդ վայրերուն մէջ:

Անդրկովկասի մէջ ռուս գաղթականներ հաստատելու ծրագիրի իբրեւ առաջին քայլ Զուբով բանակցութեան մէջ մտաւ Գանձակի Ջաւադ խանին հետ: Որոշուեցաւ արշաւանքին մասնակցող զօրքերէն երկու հազար երիտասարդ զինուոր բնակեցնել Գանձակի շրջանին մէջ:

Ռուսական կառավարութիւնը բնակութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ բոլոր պիտոյքները պիտի տրամադրէր զինուորներուն, իսկ հայերը եւ վրացիները կանայք եւ աղջիկներ պիտի տրամադրէին այդքան երիտասարդներու:

Քրիստոնեայ ազատարարի պատմուճանով պճնուող Զուբով այդպիսի բարբարոսական «միսի տուրք» պարտադրեց հայերուն եւ վրացիներուն:

«Միսի տուրք»-ը պարսիկ խաներու կողմէ կը կիրարկուէր գրաւուած վայրերու բնակիչներու նկատմամբ, որոնց կիներն ու աղջիկները սեռային ստրկութեան կը դատապարտուէին: Զուբով պարսիկներէն ընդօրինակած էր «միսի տուրք»-ը:

Եկատերինա Բ. կայսրուհի, որ շապիկի պէս սիրականներ կը փոխէր եւ իր ծրագիրները կ՛իրագործէր անոնց միջոցով, անյարմարութիւն չգտաւ «միսի տուրք»-ին մէջ, հաւանութիւն տուաւ իր զօրավարի ամբողջ ծրագիրին եւ հրամայեց այդ գործին համար յառաջիկայ 1797 թուականին պետական գանձարանէն 385.326 ռուբլի եւ 50 կոպէկ տրամադրել:

* * *

Եկատերինա Բ. կայսրուհի որոշեց իր թոռնուհի Ալեքսանդրա Փաւլովնան Շուէտի Կիւսթաւ Դ. Ատոլֆ թագաւորին հետ ամուսնացնել:

Կիւսթաւ Դ. Ատոլֆ 1796 սեպտեմբերին Պետերբուրգ այցելեց եւ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ: Բայց յետոյ  շուէտցիք պայման դրին որ Ալեքսանդրա Փաւլովնա լուտերական պէտք է դառնայ: Բողոքական դառնալու պարագան հետագային պատճառ դարձաւ որ երկուստեք յարաբերութիւնները խզուին:

Եկատերինա Բ. կայսրուհի 6 (17) նոյեմբեր 1796-ին, մէկ օրուան տագնապալից հոգեվարքէ եւ վերջին հաղորդութիւնը ստանալէ ետք, կաթուածահար մահացաւ Պետերբուրգի Ձմեռնային պալատին մէջ:

Կայսրուհիի մահէն ետք, նոյն օրն իսկ կայսր հռչակուցաւ որդին` Փաւէլ Ա.:

Նոր կայսրը իր թագաւորութիւնը սկսաւ պատժիչ հրամաններով:

Փաւէլ Ա. կայսր որոշած էր իր ուշադրութիւնը նուիրել եւրոպական գործերուն: Ան իր մօր քաղաքական ծրագիրներուն հակառակ էր եւ չէր ուզեր շարունակել դէպի Անդրկովկաս արշաւանքը:

Նոր կայսեր գահակալութեան յաջորդ օրը Պետերբուրգէն սուրհանդակներ ճամբայ ելան դէպի Անդրկովկաս, ուր անոնք հասան դեկտեմբերին եւ ռուսական իւրաքանչիւր գունդի առանձին-առանձին յանձնեցին Փաւէլ կայսեր հրամանը` ձգել ամէն ինչ եւ իսկոյն վերադառնալ Հիւսիսային Կովկաս, ռուսական սահմանագլուխ:

Զօրավար կոմս Վալերիան Զուբովի վրայ ուշադրութիւն դարձնող չեղաւ: Ան արտասուաթոր աչքերով հեռացաւ բանակէն եւ մեկնեցաւ Պաքու, ուրկէ վերադարձաւ Ռուսաստան եւ իր կալուածին մէջ բնակութիւն հաստատեց: Ան երկար ժամանակ ոստիկանական հսկողութեան տակ մնաց:

* * *

Անդրկովկասի ռուսական զօրքերը մեծ դժուարութիւններով սկսան նահանջել դէպի Ռուսաստան:

Ռուսական զօրքերու հեռացումը ծանր հարուած էր հայութեան համար. ժողովուրդը տագնապալից կացութեան մատնուեցաւ:

Դերբենդի եւ Մուշկուրի կողմերէն շուրջ հինգ հարիւր հայ ընտանիքներ զօրքերուն հետ անցան ռուսական հող: Անոնք արշաւանքի ժամանակ ամէն ձեւով աջակցած էին ռուսերուն, այդպիսիով գրգռելով տեղացի իսլամները, եւ այլեւս չէին կրնար մնալ իրենց տեղերը:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի բոլոր ծրագիրները` հայրենիքի ազատութեան համար, խորտակուած էին: Հոգեկան ծանր տագնապի մատնուած, անմխիթար ու յուսահատած ան մեկնեցաւ Թիֆլիս, որ տակաւին աւերակներու կոյտ մը կը ներկայացնէր: Հոն ան տեղեկութիւններ հաւաքեց աւերածութիւններու մասին, աշխատեցաւ օգնութեան հասնիլ աղէտեալներուն, բայց քանի մը օր ետք ձգեց ամէն ինչ եւ մեկնեցաւ Պետերբուրգ:

Ռուսական զօրքերը համարեա փախչելով կը հեռանային, իսկ իրենց որջերը քաշուած իսլամ ցեղախումբերը կ՛աշխուժանային եւ կը սկսէին ակռայ կճրտացնել քրիստոնեաներուն դէմ:

* * *

Ռուսական արշաւանքին սկիզբը, ընդհանուր խանդավառութեան օրերուն, միայն Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոսն էր որ չէր հրապուրուած խոստումներով եւ կը շարունակէր շրջահայեաց հեռատես քաղաքականութիւն վարել:

Հայոց կաթողիկոսը լաւ գիտէր, որ Պարսկաստան ուժեղ է, ռուսական խոստումները այս անգամ ալ կրնան չիրականանալ, եւ քրիստոնեաները դարձեալ կրնան անպաշտպան մնալ: Հետեւաբար այն ժամանակ երբ ռուսերը Գանձակ մտած էին, ան ընծաներ ուղարկած էր Աղա Մոհամէտ շահին, իր հպատակութիւնը յայտնած եւ հրովարտակ խնդրած էր: Այդ քայլը ան առած էր յատկապէս այն պատճառով որ Յովսէփ արքեպիսկոպոս ռուսական բանակին մէջ կը գտնուէր:

Աղա Մոհամէտ շահ հաճութեամբ ընդունեց Ղուկաս Ա.ի պատգամաւորութիւնը եւ բարձր գնահատեց հայոց կաթողիկոսին դիրքորոշումը:

azztagdaily.com/archives/546344

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail