ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ժողովուրդին Միտքերը Պատրաստելու Աշխատանքներ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Եղցահող Շուշիի շրջանին մէջ, Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիներով

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ժողովուրդին Միտքերը Պատրաստելու Աշխատանքներ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

13 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Իպրահիմ Խալիլ Խանին Հակադարձութիւնը Եւ Զուբովի Դէմ Դաւադրութիւն

 Ռուսական Հարուածային Զօրաբանակը Եւ Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Վերապահուած Դերակատարութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հադրութի արեւմուտքը գտնուող Թաղասեռ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Պարզագետի ձախ ափին, բլուրի վրայ: Եղած է Դիզակ գաւառի գրչութեան կեդրոն:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան շարունակ նամակագրական կապ կը պահէր Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոսին հետ եւ տեղեկութիւններ կը փոխանցէր ռուսական բանակի Անդրկովկասեան արշաւանքի ընթացքի մասին:

Ռուսահայոց առաջնորդը կը փորձէր ոգեւորել ամենայն հայոց կաթողիկոսը ռուսական զէնքով ազատագրուելու գաղափարով: Մօտալուտ ազատագրութիւնը կարելի էր իրականացնել միտքերը պատրաստելով եւ համահայկական գործօն օժանդակութիւն տրամադրելով ռուսական բանակին:

Ղուկաս կաթողիկոս միշտ խոհեմ եւ զգուշաւոր քաղաքականութիւն կը վարէր եւ վստահութիւն չունէր օտար որեւէ պետութեան նկատմամբ, բայց Յովսէփ արքեպիսկոպոսին փաստարկութիւնները նկատի առնելով համաձայն գտնուեցաւ ժողովուրդին միտքերը պատրաստելու տեսակէտին:

Ղուկաս կաթողիկոս եւ Յովսէփ արքեպիսկոպոս նամակներ գրեցին Արցախի եւ այլ վայրերու հայերուն, յայտնելով որ ռուսական արշաւանքին գլխաւոր նպատակը հայերը ազատելն է:

Այդ նամակները գաղտնիք չմնացին եւ յուզում յառաջացուցին իսլամ ազգաբնակչութեան մէջ:

Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան իր մօտ կանչեց Վարանդայի մելիք Ջումշուդը եւ մահ սպառնաց անոր, եթէ հայերուն մէջ որեւէ շարժում սկսի:

Շուշիի խանը միաժամանակ բանակցութեան մէջ մտաւ Շաքիի Սելիմ խանին եւ Շամախիի Մուսթաֆա խանին հետ եւ անոնց առաջարկեց փոխադարձ պաշտպանութեան դաշինք կնքել:

Սելիմ խան Քարաքէշիշ տոհմէն էր եւ Իպրահիմ Խալիլ խանի ու Շահնիսա խանումի դուստր Թութի պեկումի հետ ամուսնացած էր: Քարաքէշիշները հայ կամ ուտէացի Բարսեղ քահանայի սերունդ են: Անոնցմէ Հաճի Չելեպի խան ըմբոստացած էր Նատիր շահին դէմ: Քարաքէշիշներուն շառաւիղները ներկայիս Շաքիխանով կամ Շաքինսքի ազգանունը կը կրեն:

Իպրահիմ Խալիլ խան Սելիմ խանի քրոջ` Թուպու խանումի հետ ամուսնացած էր:

Սելիմ եւ Մուսթաֆա խաները թէեւ արդէն ռուսական հպատակութիւն ընդունած էին, բայց համամտութիւն յայտնեցին Իպրահիմ Խալիլ խանին:

***

Իպրահիմ Խալիլ խան որոշեց դաւադրութիւն սարքել զօրավար կոմս Վալերիան Զուբովի կեանքին դէմ եւ մէջտեղէն վերցնել զայն:

Այս նպատակով ալ ան անձնական ներկայացուցիչ ուղարկեց ռուս հրամանատարին մօտ:

Ղարաբաղի խանին ներկայացուցիչը Զուբովի ըսաւ, որ իր տիրոջ համար մեծ երջանկութիւն է ռուսական հպատակութիւն ընդունիլը: Խանին անունով ան խնդրեց, որ մարդիկ ուղարկուին Շուշի, որպէսզի անոնց ներկայութեան Իպրահիմ Խալիլ հպատակութեան երդում տայ:

Սակայն խանին ներկայացուցիչին խնդրանքը պատրուակ էր, որպէսզի որքան կարելի է երկար մնայ ռուսական բանակատեղին: Իպրահիմ Խալիլ խան մեծ գումարով մը զայն ճամբու դրած էր, որպէսզի այդ դրամով ան կարենայ դաւադրութիւնը իրականացնել:

Ռուսական բանակատեղին կը գտնուէր Աղա Մոհամէտ շահէն հալածական Նուր Ալի խան: Զուբով զայն իր մօտ կը պահէր, որպէսզի օգտուի անոր ծառայութիւններէն:

Իպրահիմ Խալիլ խանին ներկայացուցիչը գաղտնի բանակցութեան մէջ մտաւ Նուր Ալի խանին հետ եւ երեք հազար ռուբլի նուէր տուաւ անոր:

Իպրահիմ Խալիլ խան լուր ղրկեց Նուր Ալի խանին, խոստանալով իր ամէնէն գեղեցիկ աղջիկը, որուն գեղեցկութեան համբաւը տարածուած էր ամէն տեղ, կնութեան տալ անոր:

Իպրահիմ Խալիլ խանի պատրաստած ծրագիրին համաձայն Նուր Ալի խան անհրաժեշտ տեղեկութիւններով ուղղութիւն պիտի տար, իսկ Շաքիի եւ Շամախիի խաները իրենց զօրքերով պիտի շրջապատէին Զուբովի վրանը եւ պիտի սպաննէին զայն:

Սակայն դաւադրութիւնը բացայայտուեցաւ եւ Նուր Ալի խան ձերբակալուեցաւ: Իսկ Շամախիի Մուսթաֆա խան փախուստ տալու քաղաքէն:

Իպրահիմ Խալիլ խան նամակ գրեց Զուբովի եւ հաւաստիք տուաւ որ ինք ռուսաց յաղթական զօրքի հրամանատարին հանդէպ ամենաջերմ զգացումներ ունի:

***

Զօրավար կոմս Վալերիան Զուբով լաւ գիտէր որ խաները հաւատարմութիւն եւ բարեկամութիւն կը կեղծեն: Ինքն ալ անոնց հետ նոյն ձեւով կը վարուէր եւ լարախաղացութիւն կ՛ընէր:

Զուբով յարմար դատեց իր անձին դէմ սարքուած դաւադրութիւնը մոռնալ եւ առիթ չտալ խիստ գործողութիւններու: Նախընտրելի էր անյիշաչարութիւն, մեծահոգութիւն ու բարեկամութիւն կեղծելով խաները հնազանդութեան մէջ պահել:

Զուբով լուր ղրկեց Շամախիի Մուսթաֆա խանին եւ աշխատեցաւ համոզել զայն, որպէսզի վերադառնայ իր քաղաքը, հաւաստիացնելով որ ռուսերուն կողմէ միայն բարեհաճութիւն պիտի տեսնէ:

Մուսթաֆա խան երկիւղի մէջ էր եւ չընդառաջեց, բայց յետոյ յայտարարեց, որ ինք կը հաւատայ միայն Յովսէփ արքեպիսկոպոսին:

Զուբով Յովսէփ արքեպիսկոպոսէն խնդրեց ստանձնել Մուսթաֆա խանը համոզելու առաքելութիւնը:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Շամախիի հայոց թեմի կեդրոն Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ վանք մեկնեցաւ եւ Մուսթաֆա խանը իր մօտ հրաւիրեց:

Մուսթաֆա խան ընդառաջեց եւ երդում ընել տուաւ արքեպիսկոպոսին որ ճիշդ կը խօսի, ապա ինքն ալ երկու անգամ երդում ըրաւ որ հաւատարիմ կը մնայ Ռուսաստանի:

Այս առիթով զօրավար Զուբով շնորհակալական նամակ գրեց Իպրահիմ Խալիլ խանին, անոր «բարեկամական» զգացումներուն համար:

Ռուսեր լաւ գիտէին, որ Աղա Մոհամէտ շահ պիտի չհրաժարի Անդրկովկասէն եւ պիտի վերադառնայ, հետեւաբար իրենց ուժերը կ՛ուզէին պահպանել պարսկական բանակին դէմ պատերազմին համար:

***

Եղցահող Շուշիի շրջանին մէջ, Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիներով:

Աղա Մոհամէտ շահ Խորասանի եւ Թուրքեստանի ապստամբ խաները ճնշելէն ետք եռանդով սկսաւ պաշտպանական միջոցներ ձեռք ձգել առնել Անդրկովկասի մէջ ռուսական արշաւանքին դէմ:

Անդրկովկասի մէջ լուրեր սկսան տարածուիլ որ Իրանի շահը նոր արշաւանքի պիտի սկսի:

Պարսկական ներխուժումը դիմագրաւելու համար տեղացի շարք մը խաներ յօժարակամ պատրաստակամութիւն յայտնեցին ընդունելու ռուսական հպատակութիւն:

Ամէնէն աւելի երկիւղի մէջ էր Իպրահիմ Խալիլ խան. ան լաւ գիտէր որ Աղա Մոհամէտ շահ կրկին Շուշիի վրայ պիտի արշաւէ եւ այս անգամ հաւանաբար անհնար պիտի ըլլայ դիմագրաւել պարսկական հզօր բանակը:

Իպրահիմ Խալիլ խան բանակցութեան մէջ մտաւ զօրավար Զուբովի հետ եւ հաւաստիք տուաւ անոր որ Շուշի ռուսական քաղաք է: Հետեւաբար ան խնդրեց որ ռուսական տասներկու հազարնոց բանակ մը իր տրամադրութեան տակ դրուի, որպէսզի ինք կարենայ պաշտպանել Շուշին եւ միաժամանակ հպատակեցնէ շրջակայ խաները:

Բայց Զուբով լաւ գիտէր թէ ինչպիսի խաբեբայի հետ գործ ունի, եւ յարմար դատեց սպասողական դիրք բռնել:

Մինչ այդ Աղա Մոհամէտ շահ Անդրկովկաս ուղարկեց Ասքար խանը, որպէսզի համոզէ Շաքիի, Շամախի եւ Գանձակի խաները` միանալու պարսկական բանակին:

Աղա Մոհամէտ շահ չէր ուզեր առանձինն պատերազմի մէջ մտնել ռուսերուն դէմ եւ կը մտածէր որ եթէ տեղացի խաներուն գոնէ մէկ մասը իրեն միացնէ, յաղթանակը աւելի ապահով կ՛ըլլայ:

Աղա Մոհամէտ շահի պատրաստած զինուորական յատակագիծին համաձայն, տեղացի խաները պիտի ջանային համոզել ռուսերը, որ յարձակման անցնին Արաքսէն հարաւ եւ շարժին դէպի Արտապիլ: Արտապիլի մօտակայքէն շահը ինք ճակատէն պիտի յարձակէր ռուսերուն վրայ. թիկունքէն պիտի հարուածէին Երեւանէն հասած զօրքերը, իսկ Շամախիի, Շաքիի եւ Գանձակի խաները պիտի հարուածէին աջ թեւէն:

Սակայն Աղա Մոհամէտ շահի պատրաստած ծրագիրը չիրագործուեցաւ, որովհետեւ խաները գերադասեցին բանակցութեան մէջ մնալ ռուսերուն հետ, քան վստահիլ արիւնարբու շահին:

***

Պարսկական հաւանական ներխուժումը դիմագրաւելու առաջադրանքով 1796-ի աշնան սկիզբը ռուսական բանակի նոր զօրամասեր մտան Անդրկովկաս:

Զօրավար կոմս Վալերիան Զուբով հարուածային առանձին զօրաբանակ մը կազմեց եւ անոր հրամանատարութիւնը զօրավար Ալեքսանդր Ռիմսքի-Կորսաքովի յանձնեց:

Զօրավար Ռիմսքի-Կորսաքովի հրամանատարութեան տակ դրուած զօրաբանակը պիտի արշաւէր դէպի Գանձակ եւ քաղաքը գրաւելէն ետք պիտի սպասէր Թիֆլիսէն հասնող զօրքերուն:

Զուբովի խնդրանքով Յովսէփ արքեպիսկոպոս միացաւ Ռիմսքի-Կորսաքովի զօրաբանակին:

Զօրավար Զուբով Ռիմսքի-Կորսաքովի զօրաբանակը ճամբու դնելէն ետք, 1796-ի հոկտեմբերին իր գլխաւոր բանակը Շամախիի մօտակայքէն Ջաւադ անունով վայրը տեղափոխեց, ուր Կուր եւ Արաքս գետերը կը միախառնուին:

Զուբով հոն պիտի սպասէր, մինչեւ որ բանակը պատրաստ ըլլար դէպի Պարսկաստան արշաւելու համար:

***

Զօրավար Զուբով գրաւոր հրահանգ ուղարկեց Ռիմսքի-Կորսաքովի, ուր կ՛ըսէր.

«Իմ Պարսկաստան մտնելու առաջին օրէն թէեւ մեր ուղղափառ դաւանութեան արժանապատուութիւնը կը պահանջէ քրիստոնեաներու շուտափոյթ ազատութիւնը մահմետական լուծէն, բայց ես հարկադրուած էի արտաքնապէս անտարբերութիւն ցոյց տալ անոնց վերաբերեալ, որպէսզի քնացնեմ մահմետականներու անհանգիստ մտատանջութիւնը քրիստոնեաներու ճակատագրի մասին: Թէեւ այդ մտատանջութիւնը քանի մը անգամ գրգռուեցաւ կողմնակի մարդոց անհամեստութեան պատճառով: Մտածումս էր` այս կողմէն հանգստացնելով անհաւատները, հեռացնել այն արգելքները, որ անոնք անպատճառ կը հանէին իմ դիմումներու առջեւ, որպէսզի յետոյ հասնելով ինծի առաջադրուած նպատակին, վերականգնեմ քրիստոնեաները յանկարծ եւ անխախտելի հիմնաւորումով: Այդպէս ալ պիտի վարուի եւ ձեր գերազանցութիւնը:

«Բայց որովհետեւ քրիստոնեաներուն բոլորովին սառն վերաբերմունք ցոյց տալն ալ կրնայ զանոնք սառեցնել մեզմէ եւ զրկել մեզ անոնց վրայ մեր դրած այն յոյսէն, որ մենք զանոնք պիտի ազատենք լուծէն, ուստի կը ձգեմ ձեր գերազանցութեան խոհեմութեան այնպիսի ընթացք տալ ձեր վարմունքին, որ մահմետականները պատճառ չունենան վաղաժամ կասկածներ տածելու եւ մեր դէմ զգուշութեան միջոցներ ձեռք առնելու, իսկ քրիստոնեաները չկորսնցնեն մեր վրայ դրած քաջալերիչ յոյսը եւ արմատախիլ չընեն մեզի հանդէպ իրենց ջերմեռանդութիւնը:

«Այս երկու հակադրութիւնները հաշտեցնելու գործին մէջ, կը յուսամ, քիչ չի նպաստեր հայոց արքեպիսկոպոս Յովսէփի միջնորդութիւնը: Ան միշտ կը գտնուի ձեր գերազանցութեան յանձնուած բանակին մէջ: Ես անոր բացատրած եմ ներկայիս մեր կողմէ քրիստոնեաներու վերաբերեալ ցոյց տրուած անգործութեան պատճառները, եւ ան կը հանգստացնէ Ղարաբաղի մելիքները եւ միւս քրիստոնեաները, ամրացնելով անոնց մէջ յոյսը:

«Իսկ դուք, պէտք եղած ժամանակ, կրնաք միայն յայտնել, թէ ան գիտէ մեր գաղտնի դիտաւորութիւնները յօգուտ քրիստոնէութեան եւ այն պատճառները, որոնք դեռ թոյլ չեն տար կատարել, եւ թէ անոնց սեփական բարիքի համար, յաջողութիւնը բոլորովին հաստատուն կերպով ապահովելու համար անոնց ազատութիւնը կը յետաձգուի մինչեւ յարմար ժամանակ, բայց թէ անոնք բոլորովին կասկած պիտի չունենան, թէ մենք կ՛ազատենք, եւ պիտի ծառայեն մեզի որքան հնարաւոր է:

«Միաժամանակ քրիստոնեաները առաւել եւս համոզելու համար, աշխատեցէք Յովսէփ արքեպիսկոպոսի միջոցով հաստատուն պահել Արարատեան կաթողիկոսը այն անձնուիրութեան մէջ, որ ան ցոյց կու տայ մեզի հանդէպ»:

***

Հայերը յոյսերով օրօրելը անհրաժեշտ էր, անոնց աջակցութենէն օգտուելու համար: Առանց հայերու նեցուկին, ռուսական բանակը մեծ դժուարութիւններու պիտի հանդիպէր:

Հայերու կողքին, փայլուն երազներով պէտք էր օրօրել նաեւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորը:

Հերակլ թագաւորին փոխանցուեցաւ, որ ռուսական կառավարութեան փափաքն է վրացական պետութեան վերանորոգումը: Գանձակի եւ Երեւանի խանութիւնները պիտի միացուին Վրաստանի, իսկ Ղարաբաղի հայ մելիքները կախում պիտի ունենան միայն վրաց արքայէն: Այսպիսով Վրաստան կրնայ դառնալ հզօր եւ ահարկու երկիր մը:

Aztagdaily.com/archives/543608

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail