Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուս-Պարսկական Կռիւներ Եւ Արցախի Աւերածութիւնները – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Historical Armenia, according to Encyclopedia Britannica. The territory of Greater Armenia is highlighted in orange, Byzantine Armenia, or Lesser Armenia, in green, Cilician Armenia in purple, and the Republic of Armenia in yellow Photo by

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուս-Պարսկական Կռիւներ Եւ Արցախի Աւերածութիւնները – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Դանիէլ Ա. Սուրմառեցի Կաթողիկոսին
Վախճանումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղուանից Սարգիս կաթողիկոս Հասան Ջալալեան, Վրաստան տեղափոխուելէն ետք, Ղուկաս Ա. կաթողիկոսին օրով Էջմիածին կանչուած եւ իր կաթողիկոսական կոչումէն հրաժարած էր, մնալով եպիսկոպոս: Ան Հաղբատի վանահայր նշանակուած էր եւ խոստում տուած, որ կաթողիկոսական կնիք եւ տիտղոս պիտի չգործածէ եւ արքեպիսկոպոսի աստիճան պիտի կրէ:

Ամասարի վանքին մէջ կեդրոնացած Իսրայէլ կաթողիկոս վախճանեցաւ 1808-ին:

Սարգիս արքեպիսկոպոս արդէն իմացած էր, որ արցախցիներու թշնամի Իպրահիմ Խալիլ խան սպաննուած է եւ Վրաստան հաստատուած մելիքները իրենց հպատակներուն հետ Արցախ վերադարձած են: Եւ երբ իմացաւ որ իր հակառակորդ Իսրայէլ կաթողիկոս վախճանած է, որոշեց վերադառնալ Գանձասար եւ տիրանալ Աղուանից կաթողիկոսական աթոռին:

Սարգիս արքեպիսկոպոս իր եղբօրորդի Բաղդասար վարդապետին պարտականութիւն տուաւ Գանձասար մեկնելու եւ պատրաստութիւն տեսնելու:

Բաղդասար վարդապետ նոյն օրերուն` 1808-ին Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ դէպի Արցախ: Ան Գանձասարի վանքը գտաւ ամայի դրութեան մէջ:

Բաղդասար վարդապետ կարճ ժամանակի մէջ կարգի դրաւ վանքը եւ մասամբ յաջողեցաւ ետ առնել վանքին խլուած ընդարձակ կալուածները, որոնց տիրացած էին թուրք բէկեր եւ կամ հայ ազնուականներ:

***

Դանիէլ Ա. Սումառեցի կաթողիկոս ծրագրած էր Մայր աթոռի կառավարման համար բարձրագոյն խորհրդարանի` սինոտի կազմութիւնը: Ան կը սպասէր ռուսական կառավարութեան որոշումին:

Սակայն ռուսական կառավարութիւնը չէր կրնար գործին պաշտօնական բնոյթ տալ, որովհետեւ Էջմիածին իր իշխանութեան ներրքեւ չէր գտնուեր:

Ռուսական կառավարութեան որոշումը 1808 մարտին Ռուսաստանէն Էջմիածին բերաւ Ներսէս վարդապետ Աշտարակեցի:

Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ 25 մայիս 1808-ին, Հոգեգալստեան երկուշաբթի օրը հանդիսաւոր արարողութեամբ հրապարակուեցաւ սինոտի կազմութիւնը: Այնուհետեւ Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ կաթողիկոս եւ նորահաստատ սինոտի անդամները երդում ըրին:

Էջմիածին խառնակ վիճակի մէջ էր. բացառիկ պարագաները բացառիկ միջոցներ կը պահանջէին եւ կաթողիկոս ու ժողով ուժգին միջոցներու դիմելու հարկաւորութեան տակ կը գտնուէին:

Նորահաստատ սինոտի կրտսերագոյն անդամն էր Ներսէս վարդապետ Աշտարակեցի: Աւազանի անունով Թորոս, ան ծնած էր 13 փետրուար 1770-ին, Աշտարակ գիւղին մէջ եւ Տէր Յարութիւն քահանայ Շահազիզեանի որդին էր: Տոհմական տարեգրութիւններու համաձայն Շահազիզեանները Կամսարականներու շառաւիղներ են: Աշտարակեցի Էջմիածնի Ժառանգաւորաց դպրոցի ամէնէն ընդունակ աշակերտներէն եղած էր եւ նկատուած էր ամէնէն լաւ կոնդակ խմբագրողը: 1791-ին ձեռնադրուած էր սարկաւագ, 1794-ին` կուսակրօն քահանայ: Զանազան յանձնարարութիւններով ուղեւորուած էր տարբեր շրջաններ:

Դանիէլ կաթողիկոս 1808 յունիսին Ներսէս վարդապետը եպիսկոպոս ձեռնադրեց եւ գրեթէ միաժամանակ անոր շնորհեց արքութեան տիտղոս:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի, արտասովոր թափով գործունեայ, անխոնջ աշխատանքով ձեռք առաւ հոգեւոր ամբողջ իշխանութիւնը, կարգ ու կանոն հաստատեց, միաբանական կեանքը վերանորոգեց եւ ցրուած գոյքերը հաւաքեց:

Դանիէլ կաթողիկոս շարունակ հիւանդոտ եւ տկար էր: 1808 օգոստոսին ան կաթուած ունեցաւ: Բժիշկները Բժշկարանը խնդրեցին, որ գահազուրկ եղած Դաւիթ Էնեգեթցիի մօտ կը գտնուէր: Դաւիթ զլացաւ գիրքը յանձնել, որուն համար հարուած ստացաւ, արգելափակուեցաւ, սենեակը խուզարկուեցաւ եւ Բժշկարանը գտնուելով բժիշկին յանձնուեցաւ:

Դանիէլ կաթողիկոս Դաւիթը ազատելու հրաման տուաւ: Նոյն ժամանակ Երեւանի Հիւսէյն Ղուլի խան Էջմիածին հիւանդ կաթողիկոսին այցելեց եւ Դաւիթը արգելարանէն հանել տուաւ:

***

Ռուսաստան, դիւանագիտական ճանապարհով ռուս-պարսկական սահմանգիծի հարցը լուծելու բոլոր յոյսերը ձախողած համարելով, որոշեց նոր արշաւանք կազմակերպել, գրաւել Երեւանի ու Նախիջեւանի խանութիւնները եւ պարսկական արքունիքին հարկադրել Արաքս եւ Կուր գետերը ճանչնալ իբրեւ ռուս-պարսկական սահմանագիծ:

Զօրավար Գուդովիչ, Շորագեալի ու Փամբակի պաշտպանութեան համար որոշ զօրամասեր ձգելով, վեց հազար զինուորներով եւ դաշտային տասներկու թնդանօթներով 25 սեպտեմբեր 1808-ին Ապարանի վրայով շարժեցաւ դէպի Երեւան:

Ռուսական բանակը սեպտեմբեր 26-ին գրաւեց Ապարանը եւ փախուստի մատնեց պարսկական յառաջապահ ուժերը:

Երեւանի Հիւսէյն Ղուլի խան չորս հազար ձիաւորներով դուրս ելաւ Գուդովիչի զօրքերուն ընդառաջ:

Ռուսական եւ պարսկական զօրքերուն միջեւ Աշտարակի մօտ սեպտեմբեր 29-ին տեղի ունեցած ճակատամարտը աւարտեցաւ ռուսերու յաղթանակով:

Պարսից գահաժառանգ Աբաս Միրզա ճամբայ ելաւ դէպի ռազմաճակատ, Երեւանը պաշտպանելու համար ռուսերուն դէմ:

Նոյն ժամանակ Դաւիթ Էնեգեթցի փութով Խոր Վիրապ մեկնեցաւ, ուր հանդիպեցաւ պարսկական բանակին եւ Աբաս Միրզայի առջեւ Դանիէլ կաթողիկոսն ու Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցին ամբաստանեց, ըսելով որ անոնք դրդած են ռուսերը յարձակելու պարսիկներուն վրայ:

Աբաս Միրզայի հրամանով Դանիէլ կաթողիկոս հիւանդ վիճակով Երեւանի բերդը փոխադրուեցաւ, իսկ Ներսէս արքեպիսկոպոս պարսկական բանակը տարուեցաւ եւ հարցաքննուեցաւ:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի յաջողեցաւ հերքել եղած զրպարտութիւնը:

Մինչ Արարատեան դաշտին մէջ կռիւները կը սաստկանային, Արցախի մէջ, Թարթառ գետի ափին, Բարդա աւերակ քաղաքին մօտ բանակ գրած զօրավար Նեբոլսինի ռուսական զօրամասը հրաման ստացաւ շարժելու դէպի Նախիջեւան:

Ռուսական բանակը հոկտեմբեր 3-ին ճամբար դրաւ Երեւանի բերդէն շուրջ երեք քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Հիւսէյն Ղուլի խան Երեւանի բերդին պաշտպանութիւնը եղբօր` Հասան խանին յանձնեց, իսկ ինք հեծեալ ջոկատով մեկնեցաւ Գառնիի շրջակայքը, ռուսական զօրքերը թիկունքէն հարուածելու նպատակով:

Ռուսական յառաջապահ զօրամասերը հոկտեմբեր 9-ին մօտեցան Երեւանի եւ պաշարեցին բերդը:

Նոյն օրը բերդին մէջ արգելափակուած Դանիէլ Ա. Սուրմառեցի կաթողիկոս վախճանեցաւ:

***

Արցախի ձիւնապատ լեռներէն յառաջանալով, զօրավար Նեբոլսինի զօրքերը հոկտեմբեր 28-ին Ղարաբաբա գիւղին մօտ ջախջախեցին Աբաս Միրզայի զօրքերը եւ նոյեմբեր 1-ին մտան Նախիջեւան:

Գուդովիչի զօրքերը նոյեմբեր 17-ին գրոհեցին Երեւանի բերդին վրայ, բայց յամառ դիմադրութեան հանդիպեցան:

Ռուսական բանակին դրութիւնը սկսաւ լրջանալ: Փամբակի լեռնանցքը արդէն ձիւնով ծածկուած էր եւ Վրաստանէն վտանգ ստեղծուած էր: Գուդովիչ նոյեմբեր 30-ին նահանջի հրաման արձակեց: Իսկ դեկտեմբեր 1-ին զօրավար Նեբոլսինի զօրքերը Նախիջեւանէն նահանջեցին դէպի Արցախ:

Գուդովիչ հեռացուեցաւ Վրաստանի կառավարչապետի եւ Կովկասի մէջ ռուսական զօրքերու հրամանատարի պաշտօնէն եւ զայն փոխարինեց զօրավար կոմս Ալեքսանդր Տորմասով:

***

Ռուս-պարսկական կռիւները վերսկսան 1809-ին:

Պարսկական բանակը սկսաւ յառաջանալ երկու ուղղութիւններով: Մէկ կողմէ` դէպի Փամպակ եւ Շորագեալ, միւս կողմէ` դէպի Ղարաբաղ եւ Գանձակ:

Պարսկական զօրքերը, մեծ մասամբ ձիաւորներ, թուական գերակշռութիւն կը վայելէին ռուսերուն վրայ եւ արագօրէն կը տեղափոխուէին մէկ վայրէն միւսը: Իսկ ռուսական զօրքերը, մեծ մասամբ հետեւակ, չէին կրնար հասնիլ անոնց եւ հալածել:

Պարսկական զօրքերը ուր որ կը մտնէին կը քանդէին գիւղերը, կը հրդեհէին արտերը եւ գիւղացիները իրենց անասուններով սահմանին միւս կողմը կը քշէին:

Ռուսական բանակը իր գլխաւոր ուժերը կեդրոնացուց Փամբակի եւ Շորագեալի մէջ, դէպի Թիֆլիս ուղիղ ճանապարհը փակելու դիտաւորութեամբ: Փամբակի ռուսական զօրքի կեդրոնատեղին Համամլու գիւղն էր (ներկայ Սպիտակ քաղաքը), Շորագեալի զօրաբաժինի կեդրոնատեղին` Գիւմրին:

Անհամեմատ ծանր կացութեան մատնուեցաւ Արցախի հայութիւնը: Զօրավար Նեբոլսինի գլխաւորած ռուսական զօրաբաժինը կեդրոնացած էր Թարթառ գետի ափին, Բարդայի մօտ: Իսկ ամբողջ Գիւլիստան, Ջրաբերդ, Խաչեն, Վարանդա եւ Դիզակ գրեթէ անպաշտպան ձգուած էին: Սիայն Շուշիի մէջ ռուսական փոքրաթիւ ջոկատ մը տեղակայուած էր:

Պարսկական զօրքերը, Խուդափերինի կամուրջով անցնելով Արաքսը արագօրէն կը յառաջանային դէպի Շուշի, իրենց ճամբուն վրայ քանդելով ու աւերելով գիւղերը:

Շուշիի ռուսական ջոկատին միակ մտահոգութիւնն էր կապը պահպանել զօրավար Նեբոլսինի զօրաբաժինին հետ:

Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խան ռուսական իշխանութիւններէն զօրավարի աստիճան եւ լայն իրաւասութիւններ ստացած էր: Ան Ռուսաստանի հաւատարիմ հպատակ մնալու երդում տուած էր, պարտաւորութեան տակ կը գտնուէր ուտեստեղէնով  պարենաւորելու Շուշիի ռուսական ջոկատը եւ տուրք վճարելու կառավարութեան:

Հօր` Իպրահիմ Խալիլ խանին նման անգութ, խորամանկ եւ ուխտադրուժ, Մեհտի Ղուլի խան ոչ տուրք կը վճարէր եւ ոչ ալ ուտեստեղէնով կը պարենաւորէր ռուսական ջոկատը: Ռուսերուն նկատմամբ անբարեացակամ եւ թշնամական տրամադրութիւնը ակներեւ էր բոլորին համար:

Մեհտի Ղուլի խան իր եղբայր Ապուլ Ֆէթ խանին միջոցով գաղտնի կապ հաստատեց Աբաս Միրզայի հետ:

Շուշիի ռուսական ջոկատի հրամանատար գնդապետ Կոտլեարեւսկի գանգատ ներկայացուց Մեհտի Ղուլի խանին դէմ, ըսելով որ ան անօթի կը պահէ ռուս զինուորները եւ հաց կը հաւաքէ պարսիկներուն համար:

Իր կարգին Մեհտի Ղուլի խան ռուսական բարձր իշխանութիւններուն գանգատ ներկայացուց գնդապետ Կոտլեարեւսկիի դէմ, ըսելով որ ան միջամուխ կը դառնայ իր կառավարման գործերուն մէջ:

Գնդապետ Կոտլեարեւսկի հրաման ստացաւ չմտնելու ոչ մէկ գործի մէջ, որ կը վերաբերի կառավարութեան, եւ իբրեւ բերդապահ զօրքի հրամանատար հետեւի խիստ կարգադրութեան, որպէսզի զինուորները ստորադրեալներուն նեղութիւն չպատճառեն եւ յարգանք տածեն դէպի աստիճանաւորները:

Մեհտի Ղուլի խան յայտարարեց որ ռուսերը պարտաւորութեան տակ կը գտնուին պահպանելու իր խանութիւնը եւ պիտի կատարեն իրենց այդ պարտաւորութիւնը: Ան նաեւ ռուսական հրամանատարութենէն պահանջեց նուազեցնել Շուշիի ջոկատին թիւը, որպէսզի ինք ի վիճակի ըլլայ առանց դժուարութեան ուտելիք մատակարարել անոր:

Զօրավար Ալեքսանդր Տորմասով շարունակ տեղեկութիւններ կը ստանար Մեհտի Ղուլի խանի անհաւատարիմ արարքներու մասին, բայց կը բաւականանար խրատներ եւ քաղաքավարական ներշնչումներ գրելով` Տորմասով կ՛ըսէր. «Բարեկամաբար կը նախազգուշացնեմ ձեզ ըլլալ զգոյշ եւ խորհուրդ կու տամ մէկ կողմ ձգել ամէն թշնամական միտք կամ յոյս, որ կրնայ որեւէ բան վրիպիլ անփոյթ հսկողութենէ, այժմէն ընդմիշտ զբաղիլ միայն ջանասիրութեամբ դէպի թագաւոր կայսեր ծառայութիւնը, զբաղիլ միայն այն բանով, որպէսզի փորձով ապացուցէք ձեր անձնուիրութիւնը Ռուսական կայսրութեան, որովհետեւ հակառակ պարագային չեն կարծեր որ ձեզի համար նախանձելի ըլլայ դաւաճան Սելիմի վիճակը»: (Շաքիի Սելիմ խան ապստամբած էր ռուսերուն դէմ եւ փախստական դարձած էր):

Մեհտի Ղուլի խան լաւ հասկցաւ, որ ռուս կառավարչապետին «բարեկամական» խրատները անոր թուլութեան ապացոյց էին, եւ արտաքնապէս հնազանդութիւն ցոյց տալով, ներքնապէս սկսաւ դաւեր նիւթել իր խանական նախկին անկախութիւնը վերականգնելու համար:

Արցախի հայութիւնը, ռուսական իշխանութիւններու կարգադրութեամբ Մեհտի Ղուլի խանին ան սահմանափակ իշխանութեան յանձնուած ըլլալով, ինքնապաշտպանութեան դիմելու հնարաւորութիւններ չունէր: Մէկ կողմէ պարսիկ ներխուժողներու աւերածութիւններն ու աւարառութիւններ էին, միւս կողմէ` Շուշիի խանին անտանելի լուծը: Պարսկական արշաւանքը Շուշիի վրայ ուղղուած ըլլալով, ամէնէն աւելի տուժեց Արցախի հարաւային շրջաններու բնակչութիւնը: Հայեր, տուն ու տեղ եւ տնտեսութիւն կորսնցուցած, յօժարակամ կամ բռնի, կը տեղափոխուէին տեղէ տեղ եւ երկիրը կրկին կ՛ամայանար:

aztagdaily.com/archives/566401

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail