Զօրավար Երմոլով` Կովկասի Կառավարչապետ Եւ Զօրավար Մադաթով` Ղարաբաղի, Շաքիի Եւ Շիրվանի Զինուորական Կառավարիչ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Historical Armenia, according to Encyclopedia Britannica. The territory of Greater Armenia is highlighted in orange, Byzantine Armenia, or Lesser Armenia, in green, Cilician Armenia in purple, and the Republic of Armenia in yellow Photo by

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Զօրավար Երմոլով` Կովկասի Կառավարչապետ Եւ Զօրավար Մադաթով` Ղարաբաղի, Շաքիի Եւ Շիրվանի Զինուորական Կառավարիչ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Աղուանից
Կաթողիկոսութեան Լուծարքը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղուանից Սարգիս կաթողիկոս Հասան Ջալալեան նախապէս հրաժարած էր կաթողիկոսական իր կոչումէն եւ արքեպիսկոպոսի աստիճանով Հաղբատի վանահայրն էր: 1812-ին ան վերադարձաւ Արցախ եւ Գանձասարի վանքին մէջ կեդրոնանալով կրկին ինքզինք Աղուանից կաթողիկոս հռչակեց:

Էջմիածինէն ազդարարեցին Սարգիս կաթողիկոսին, որ պահէ իր խոստումը եւ կաթողիկոսական տիտղոս չգործածէ: Բայց ան, անտեսելով Մայր աթոռի ազդարարութիւնը, Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խանի աջակցութեան դիմեց եւ ինքզինք Էջմիածինէն անկախ յայտարարեց: Երկպառակութիւնը տեւեց երեք տարի, մինչեւ որ Էջմիածին ռուսական իշխանութեան դիմելով լուծեց Աղուանից կաթողիկոսութիւնը եւ փոխարէնը մետրոպոլիտութիւն հաստատեց: Սարգիս ստիպուած հրաժարեցաւ կաթողիկոսական տիտղոսէն: Անոր տրուեցաւ մետրոպոլիտի տիտղոս` արքեպիսկոպոսի աստիճանով: Այսպէսով վերջացաւ Աղուանից դարաւոր կաթողիկոսութիւնը:

Աղուանից նախկին կաթողիկոսութեան ենթակայ շրջաններէն կազմուեցան Էջմիածնի աթոռին ենթակայ առաջնորդական երկու թեմեր եւ մէկ յաջորդական վիճակ: Շուշիի կամ Արցախի թեմին մէջ կը մտնէին Դիզակ, Վարանդա, Բերդձոր, Խաչեն, Ջրաբերդ, Գիւլիստան, Շաքի, Կապաղակ, Կամբեճան, Արէշ եւ Լենքորան: Շամախիի թեմին մէջ կը մտնէին Շամախի, Դերբենդ, Ղուբա եւ Պաքու: Յաջորդական վիճակին կեդրոնն էր Գանձակ քաղաքը, որուն ենթակայ էին Գարդման, Փառիսոս եւ Զաւէ գաւառները: Յաջորդական վիճակը անմիջականօրէն ենթակայ էր Թիֆլիսի թեմական հոգեւոր մարմինին` կոնսիստորիային:

Սարգիս մետրոպոլիտ իր եղբօրորդի Բաղդասար վարդապետը Էջմիածին ուղարկեց, ուր ան 1820-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոսին ձեռամբ: Սարգիս մետրոպոլիտի ցանկութիւնն էր, որ ինչպէս Աղուանից կաթողիկոսութիւնը դարերով շարունակուած էր իրենց Հասան Ջալալեան տոհմին մէջ, մետրոպոլիտութիւնը եւս շարունակուի նոյն տոհմին մէջ:

Բաղդասար եպիսկոպոս Գանձասար վերադառնալէն ետք, Սարգիս մետրոպոլիտի տկարութեան պատճառով ինք ձեռք առաւ հոգեւոր իշխանութիւնը:

***

Զօրավար Ալեքսի Երմոլով

Ալեքսանդր Ա. կայսր 21 ապրիլ 1816-ին զօրավար Ալեքսի Փեթրովիչ Երմոլովը Կովկասի կառավարչապետ եւ բանակի գլխաւոր հրամանատար նշանակեց:

Երմոլով ռազմական եւ պետական ականաւոր գործիչ էր, Օրիոլի շրջանի ազնուական ճորտատէրերու ընտանիքէ: 1787-ին, տասը տարեկանին ենթասպայի կոչում ստացած էր: 1792-ին պահակագունդի տեղակալի աստիճանով Պետերբուրգ տեղափոխուած եւ հրետանային գունդին մէջ մտած էր: 1793-ին, Ռուսաստանի եւ Փրուսիոյ միջեւ Լեհաստանի երկրորդ բաժանումէն ետք իբրեւ հրետանաւոր Լեհաստան ուղարկուեցաւ: 1794-ին, Վարշաւայի մատոյցներուն մօտ ճնշեց լեհական ապստամբութիւնը եւ Սուրբ Գէորգի չորրորդ աստիճանի շքանշանին արժանացաւ: 1796-ին, զօրավար Զուբովի հրամանատարութեան տակ մասնակցեցաւ պարսկական արշաւանքին եւ փոխգնդապետի աստիճան ստացաւ: 1798-ին, ազատամիտ սպաներու խմբակին հետ գործակցութեան եւ Փաւէլ Ա. կայսեր դէմ դաւադրութեան կասկածով ձերբակալուեցաւ, ծառայութենէ արձակուեցաւ եւ աքսորուեցաւ: Փաւէլ Ա.-ի սպանութենէն (11/23 մարտ 1801) ետք, 15 մարտ 1801-ին ներում ստացաւ:

Երմոլով 1805-ին Աւստրիա ուղարկուեցաւ օգնելու աւստրիական բանակին` Ֆրանսայի դէմ պատերազմին: Աուստերլիցի ճակատամարտին ձին սպաննուեցաւ, իսկ ինք գերի ինկաւ, բայց ազատեցաւ: Սուրբ Աննայի երկրորդ աստիճանին արժանացաւ եւ գնդապետի կոչում ստացաւ: 1812-ին, Նափոլէոնի Ռուսաստան ներխուժումի ժամանակ առաջին Արեւմտեան բանակի գլխաւոր սպայակոյտի պետ նշանակուեցաւ եւ կազմակերպեց Սմոլենսկի պաշտպանութիւնը: Պորոտինոյի ճակատամարտին պարանոցէն վիրաւորուեցաւ: Զօրավարի կոչում ստացաւ եւ հրետանիի հրամանատար նշանակուեցաւ: Իսկ ռուսական բանակի արտասահմանեան արշաւանքի ժամանակ, 1813-1814-ին դաշնակից բանակներու հրետանային ուժերու հրամանատարը եղաւ:

Զօրավար Երմոլով, որ Պետերբուրգի մէջ յամառօրէն կը փնտռէր Կովկասի կառավարչապետի պաշտօնը, նշանակում ստանալէն եւ Թիֆլիս ժամանելէն ետք սկսաւ մշակել «պարսկական պետութեան կործանման ծրագիր»-ը:

Պարսկաստանէն գրաւուած կովկասեան խանութիւնները պահպանելու, լեռնական ցեղերը նուաճելու եւ ռուսական տիրապետութիւնը ամրապնդելու ու տարածելու համար Երմոլով անհրաժեշտ նկատեց իր կողքին ունենալ տեղական պայմաններուն ծանօթ կարող զինուորական մը: Լաւագոյն անձը նկատուեցաւ հայազգի զօրավար Վալերիան Մադաթով, որ ռուսական բանակի ամէնէն ընդունակ զինուորականներէն եւ արեւելեան ժողովուրդներու սովորութիւններուն ու անոնց հետ պատերազմելու եղանակներուն լաւ ծանօթ կը նկատուէր:

***

Զօրավար Վալերիան Մադաթով

Զօրավար Վալերիան (Ռոստոմ) Մադաթով  արցախցի էր, Վարանդայի Աւետարանոց գիւղէն, ծնած` 18 (29) մայիս 1782-ին: Հայրը` Գրիգոր Մադաթեանց` Մեհրաբենց Գիւքին, Վարանդայի մելիք Շահնազար Բ.-ի ջորեպանն էր: Անգամ մը անտառին մէջ որսի ժամանակ արջը յարձակեցաւ մելիք Շահնազարի վրայ, եւ զայն փրկեց անոր ջորեպանի պատանի տղան` Ռոստոմը:

Ռոստոմ կիսամերկ եւ ոտաբոպիկ հովիւ մըն էր: Մելիք Շահնազար զայն իր հոգեզաւակը ըրաւ:

Ժամանակ մը ետք Ռոստոմ Թիֆլիս գնաց եւ գդակ կարելու արհեստ սորվեցաւ: Յետոյ ալ Աստրախան գնաց, ուր սակայն անգործ մնաց: Ան կը մտածէր զինուորական ծառայութեան մէջ մտնելու մասին:

Վարանդայի մելիք Ջումշուդ եւ Գիւլիստանի մելիք Ֆրէյդուն Պետերբուրգ երթալու եւ Արցախի քրիստոնեայ բնակչութեան համար Փաւէլ Ա. կայսրէն պաշտպանութիւն խնդրելու համար իրենց հետ առին Պետրոս իւզպաշի Մադաթեանը: Ռոստոմ Պետրոս իւզպաշիի մօտիկ ազգականն էր, եւ ան ալ մելիքներու շքախումբին հետ ճամբայ ելաւ դէպի Պետերբուրգ:

Պետերբուրգ հասնելէն ետք Ռոստոմ Մադաթեան ցանկութիւն յայտնեց ռազմական ուսումնարան մտնել եւ ռուսական բանակին մէջ ծառայել: Ան հաւատացած էր, որ միայն այդպէս կարելի է պայքարիլ թշնամիին դէմ:

Սակայն ռազմական ուսումնարան զայն մերժեցին, որովհետեւ ազնուական չէր: Ռոստոմ կը պատրաստուէր վերադառնալու, երբ մելիք Ջումշուդ օգնութեան հասաւ եւ վկայութիւն տուաւ որ պատանին ազնուական ծագում ունի: Օգնութեան հասան նաեւ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան եւ Յովհաննէս Աղազարի Լազարեան, որոնք իրենց ազդեցութիւնն ու կապերը օգտագործելով ընդառաջեցին Ռոստոմի ցանկութեան:

Ռոստոմ Մադաթեան 1799-ին կայսերական Պրէոբրաժենսկի գունդին մէջ ծառայութեան մտաւ եւ ենթասպայի աստիճան ստացաւ: Զինուորական ծառայութեան պաշտօնական թղթածրարին մէջ անոր անունը արձանագրուած է իբրեւ Վալերիան Մադաթով:

Ժամանակ մը ետք ան Փաւլովեան գունդ տեղափոխուեցաւ, այնուհետեւ ալ` Մենկրելեան հետեւակային գունդ:

Վալերիան Մադաթով Պետերբուրգի մէջ յաճախ Յովհաննէս Լազարեանի տունը հիւր կ՛ըլլար:

Յովհաննէս Լազարեան, որ պետական

խորհրդական ու արդիւնաբերող կալուածատէր էր, դպրոցներ բացած եւ եկեղեցիներ կառուցած, անոր հովանաւորը եղաւ:

Վալերիան Մադաթով ամուսնացաւ Սոֆիա Ալեքսանդրովնայի հետ: Սոֆիա Ալեքսանդրովնա Մադաթովա (1787-1875) Ելիզաւետա Ալեքսիեւնա կայսրուհիին նաժիշտն էր:

Ռուս-թրքական 1806-1812-ի պատերազմին Մադաթով մարտական մկրտութիւն ստացաւ: 1809-ին, Դունայի ափին, Բրիալով ամրոցի գրաւման ժամանակ ցուցաբերած քաջութեան համար «Խիզախութեան համար» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ:

Հայազգի զօրավար իշխան Փիոթր Բագրատիոնիի հրամանատարութեան տակ Մադաթով  փայլեցաւ Ռասսովայի կռիւներուն եւ «Քաջութեան համար» մակագրութեամբ ոսկիէ սուրով պարգեւատրուեցաւ:

Մադաթով 1810-ին հետեւակազօրքէն Ալեքսանդրեան հուսարական հեծելագունդ տեղափոխուեցաւ:

Չաւուշկա գիւղի կռիւներուն Մադաթով իր հեծելագունդով մխրճուեցաւ թրքական հետեւակային գունդին թիկունքը եւ ջախջախեց զայն: Իսկ Բատինի ճակատամարտին վճռական գրոհով մը ցիրուցան ըրաւ թրքական հեծելազօրքը:

Մարտական սխրանքներուն համար Մադաթով 1810-ին Գէորգիեւեան չորրորդ աստիճանի խաչով պարգեւատրուեցաւ եւ հեծելազօրային փոխգնդապետի կոչում ստացաւ:

Նափոլէոնի ֆրանսական բանակի Ռուսաստան ներխուժումէն ետք, 1812-ին, Մադաթով գլխաւորեց Դունայէն Վոլկա տեղափոխուած Ալեքսանդրեան հուսարական հեծելագունդը, որ երրորդ Արեւելեան բանակի կազմին մէջ կը մտնէր: Առաջին իսկ կռիւներուն Մադաթովի գունդը պարտութեան մատնեց սաքսոնական հեծելազօրքը: Մարտական հետագայ գործողութիւններու ընթացքին ան յառաջապահ ջոկատները կը ղեկավարէր եւ կը պաշտպանէր հետեւակազօրքը նահանջի ժամանակ:

Ֆրանսական բանակը երբ սկսաւ փախուստի դիմել, Մադաթով իր հեծելագունդով արագ հարուածներով ջախջախեց Նափոլէոնի ջոկատները, կտրեց անոնց նահանջի ուղին եւ շատեր գերեվարեց:

Իր ցուցաբերած խիզախութեան համար Մադաթով Ալեքսանդր Ա. կայսրէն ադամանդակուռ սուրով պարգեւատրուեցաւ եւ գնդապետի աստիճան ստացաւ:

Մադաթով 1812-ի դեկտեմբերի վերջաւորութեան անցաւ Նեման գետը, ջախջախեց սաքսոնական զօրքերը եւ գերի բռնեց զօրավար Նեստիցի զօրասիւնը, որուն համար Գէորգիեւեան երրորդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուեցաւ:

Լայփցիկի ճակատամարտին, 16-19 հոկտեմբեր 1813-ին, Մադաթով ձեռքէն վիրաւորուեցաւ, սակայն մինչեւ մարտի վերջը ձիէն չիջաւ: Ճակատամարտէն ետք անոր զօրավարի կոչում շնորհուեցաւ:

Մադաթով այնուհետեւ հուսարական զօրագունդի հրամանատար նշանակուեցաւ եւ 1815-ին, ռուսական գրաւող զօրքի կազմէն ներս Փարիզ մտաւ:

Սակայն Մադաթով շուտով ետ կանչուեցաւ Ռուսաստան: Անոր քաջութեան եւ ամենաբարդ իրավիճակներու մէջ արագ կողմնորոշուելու ունակութեան համբաւը գիտէին բոլորը: Անոր արժանիքները եւ կովկասցի ըլլալը նկատի ունենալով, Երմոլովի ցանկութեամբ 1816-ին ան բարձրագոյն հրամանով Անդրկովկասի առանձին զօրաբանակի հրամանատար նշանակուեցաւ:

***

Անդրկովկաս հասնելէն ետք զօրավար Վալերիան Մադաթով Ղարաբաղի խանութեան մէջ գործող ռուսական զօրքերու հրամանատար եւ զինուորական շրջանային կառավարիչ նշանակուեցաւ, իսկ յաջորդ տարի, 1817-ին` նաեւ Շաքիի եւ Շիրվանի խանութիւններու մէջ գործող զօրքերու հրամանատար եւ զինուորական շրջանային կառավարիչ: Անոր յանձնուած էր կովկասեան երեք խանութիւններու զինուորական եւ քաղաքային ամբողջ իշխանութիւնը: Մադաթով յանձնառու էր յիշեալ խանութիւններու կառավարութեան եւ նաեւ բարեկարգութեան վրայ:

Արցախցիք ուրախութեամբ ողջունեցին Մադաթովը: Բոլոր հայերու սիրտերը պարծանքով եւ հպարտութեամբ լեցուած էին: Գիւղական համեստ խաւերէն դուրս եկած այս մարդը հայրենիք կը վերադառնար զօրավարի աստիճանով ու զինուորական շքանշաններով, որ ամբողջ Ռուսական կայսրութեան մէջ հռչակաւոր դարձած էր իր քաջութիւններով: Մելիքներու ոգեւորութեան չափ չկար. բոլորը յոյս ունէին որ Մադաթովի շնորհիւ կը վայելեն իրենց վաղեմի իրաւունքները:

Աւետարանոց

Ժողովուրդին մէջ պահպանուած աւանդութեան մը համաձայն Մադաթով անգամ մը իր հայրենի գիւղ` Աւետարանոց, իր ծնողքին կ՛այցելէ: Առաւօտուն արթննալէ ետք հօրմէն կը խնդրէ որ ձեռքերուն ջուր լեցնէ` լուացուելու համար: Հայրը կը լեցնէ: Սրբուելէ ետք զօրավարը կ՛ըսէ հօրը. «Կը յիշե՞ս, միշտ կ՛ըսէիր որ մարդ չես դառնար: Տեսա՞ր` ուր հասայ»: Հայրը կը պատասխանէ. «Դարձեալ չես դարձած. եթէ մարդ ըլլայիր, իմ տարիքի ծերունի հօրդ կ՛ըսէի՞ր` ջուր լեցուր ձեռքիս»:

Ձեռք առնելով Ղարաբաղի, Շաքիի եւ Շիրվանի խանութիւններու զինուորական եւ քաղաքային իշխանութիւնը, Մադաթով մեծ ջանքեր սկսաւ գործադրել երկիրը խաղաղեցնելու համար:

aztagdaily.com/archives/569376

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail