Նիկոլ Փաշինեան Երեւոյթը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախը Եւ… – Յակոբ Պալեան
30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Երեւոյթը… ֆենոմենը… Ոչ թէ անձը, այլ` հայ քաղաքական կեանքի եւ բեմի վրայ ստեղծուած եւ շարունակուող անօրինակ կացութիւնը:
Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ նման նախընթաց կա՞յ, թէ՞ ոչ, որ պարտուած, հազարաւոր զոհերու, հայրենիքի անվտանգութեան եւ տարածքներու պաշտպանութեան գործին մէջ ձախողած պատասխանատուն, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս, որուն քաղաքականութիւնը յատկանշուած ըլլայ կորուստներով, որուն կը պարտադրուին զիջումներ, զորս ան գլխահակ կ՛ընդունի, եւ որոնք գոյութենական սպառնալիք են հայրենիքի մը եւ անոր ժողովուրդին, կառչի իր խութերու բախման առաջնորդած նաւու ղեկին:
Յաճախ յիշած եմ ֆրանսացի մեծ իմաստասէր Ռընէ Տեքարթի այն միտքը, որ` «Ողջախոհութիւնը աշխարհի մէջ հաւասարապէս բաժնուած է բոլորին» (le bon sens est la chose la mieux partagée du monde) եւ աւելցուցած եմ, որ ան հայերը չէր ճանչցած: Եթէ ճանչցած ըլլար, նման վարդապետական խօսք չէր ըսեր, քանի որ այդ բաշխումէն կարծէք մեզի բաժին չէ հասած:
Ողջախոհութենէ դատարկուած պէտք է ըլլալ` չտեսնելու եւ չհակազդող կամ հանդիսատես մնալու համար աւեր եւ աւերուող երկրի կացութեան դիմաց, երկիր, որ դեռ մնացող բեկորն է ժողովուրդի բռնագրաւուած-առեւանգուած հայրենիքին: Յիշել գիրքի մը անունը` Ravished Armenia … Ի՞նչ բանի կը ծառայեն սխալներու եւ ձախողութիւններու արդարացման համար ճապկումներ ընել, հանրապետութիւն եւ Արցախ, երբեմն ալ` սփիւռք(ներ): Ինչո՞ւ չըսել, որ պարտութիւններ, քաղաքական ձախողութիւններ եւ նահանջներ պատասխանատուութիւններ եւ պատասխանատուներ կ՛ենթադրեն, հարկ է, որ զանոնք ստանձնողներ ըլլան, ձախողութիւնները պէտք չէ շփոթել բնութեան աղէտներուն հետ, ինչպէս` երկրաշարժի, ողողումներու: Թէեւ իշխանութիւնները պատասխանատու են, երբ պատրաստուած չեն ըլլար այդ աղէտներուն հետեւանքները նախատեսելու, բնակչութիւնը պաշտպանելու:
Նիկոլ Փաշինեան ամբոխի անբաւարարուածութեան եւ ամբոխահաճութեան, պոպուլիզմ-populisme ենթահողի վրայ իշխանափոխութիւն յառաջացուց` ժողովուրդի եւ երկրի բարդ հարցերուն եւ նախկին խորհրդային բոլոր երկիրները յատկանշող ապականութիւն-փտախտին` «կոռուպցիա»-ին դէմ կանգնելու առաջադրանքով, զանգուածի ակնկալած յոյսի ալիքին վրայ տիրացաւ իշխանութեան, ինչպէս օրին ըսին, իր «թիմ»-ով (team): Համացանցային կազմակերպութեամբ յաջողութիւն մը, որ նորութիւն եղաւ, բայց բարիք չեղաւ, ըսին` թաւշեայ յեղափոխութիւն, երկիրը եւ բնակչութիւնը բռնուեցան անվերջանալի դատ-դատավարութիւններու, ձերբակալութիւններու եւ բանտարկութիւններու ցանցին մէջ, բազմապատկուեցան ոստիկանական ջոկատները` զօրասիւներով պաշտպանելու համար իշխանաւորները: Երկրի եւ ժողովուրդի պաշտպանութիւնը համարուեցաւ երկրորդական, բանակը կազմալուծուեցաւ:
Յաճախ կը խօսուի ժողովրդական ընդոծին ողջմտութեան մասին, որ գիտէ սխալը ճիշդէն ջոկել: Տարիները անցան, ապականութիւն-փտախտ (կոռուպցիան) միշտ հոն է, կը վերարտադրուի` յաճախ ներկայանալով նոր շապիկով: Հիացում առթած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը, դատերէ եւ բանտերէ ետք, դիարանները լեցուց, բազմապատկեց զոհերու մայրերու եւ հայրերու, այրիներու եւ որբերու, հաշմանդամներու ու հայրենիք լքողներու թիւը: Փաշինեան եւ իր յեղափոխական «թիմ»-ը պատերազմ կորսնցուցին, պարտութիւններ կը գումարեն, զանոնք դիմակայելու համար ընտրած են «զիջումներ»-ով իրենց տեղերուն վրայ տեւելու մարտավարութիւնը` տարածքներ կորսնցնել, զիջիլ, վերանորոգուող զիջումներ… բայց անայլայլ կը շարունակեն «ղեկավարութիւն խաղալ»` միշտ մնալով անցեալի քննադատութեան առատաբանութեան մէջ, որ թշնամիի նախայարձակումներուն կուրծք տալու ո՛չ զէնք է, ո՛չ ալ ռազմավարութիւն: «Թիմ»-ը իր աշխատանքին եւ յաջողութեան-ձախողութեան հաշուեկշիռը չի ներկայացներ, «թաւշեայ յեղափոխութեան» հաւատացած զանգուածը հաշուեկշիռ չի պահանջեր: Հազարաւոր զոհեր, հաշմանդամներ, ինքնիշխան տարածքներու կորուստներ: Այս բոլորին բնական հետեւանքը իշխանափոխութիւնը պէտք էր ըլլար, որպէսզի յոյսը վերածնէր: Բայց կը շարունակուի անցեալի քննադատութեան դրամագլուխի շահարկումը` որպէս կրկնուող կիրակնօրեայ տօնահանդէսի ամբոխահաճական հրավառութիւն, որ կը խցէ մտածելու, դատելու եւ կողմնորոշուելու իրատեսութեան ուղիները ու ձախողածները կը սօսնձէ իրենց աթոռներուն:
Նիկոլ Փաշինեան եւ իր «թիմ»-ը ամբոխի քինախնդրութիւնը քննադատուած եւ դատապարտուած նախկիններու դէմ ուժանակի զսպանակի պէս լարեցին, քանդեցին, ինչ որ անոնք ըրած էին, երեխայի լոգանքի ջուրին հետ երեխան ալ թափեցին, ինչպէս կ՛ըսէ ֆրանսացին, չմիացուցին ազգը: Իսկ հանրային կարծիքը նուազագոյն ողջմտութիւնը չունեցաւ ըսելու, որ դատափետուած «նախկինները» հայրենիք պահած էին` նոյն թշնամիներուն դէմ ճակատելով, Արցախ ազատագրած էին, տարածքներ չէին յանձնած նախայարձակներուն, որոնք անկուշտ յաղթականի իրաւունքին կռթնած` զիջումներ կը պահանջեն, ոչ միայն տարածքներու, այլ` հայկական ինքնիշխան տարածքի մէջ իրենց ենթակայ ճանապարհներ, այսինքն` վերացնել հայկական պետութեան գերիշխանութիւնը, մասնատել հայկական հանրապետութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան ի՛նք ալ չի գիտեր, թէ ե՛րբ կանգ պիտի առնեն զիջումներն ու պահանջները, դեռ ի՞նչ զիջելով, ո՞ր տարողութեամբ, եւ ի վերջոյ, ո՞ր սահմաններով պիտի մնայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, զոր ստանձնած էր, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր, ինչպէս ինք կ՛ըսէր, որուն «գերագոյն հրամանատար»-ն էր: Պարտուած եւ տեւաբար զիջումներ ընող, իր երկրին տիրութիւն ընելու անկարելիութեան մէջ գտնուող ղեկավարը եւ իր «թիմ»-ը ո՞ր ապագայակերտ հնարաւորութիւններով կրնան բարոյապէս առաջնորդի դեր կատարել, ի՞նչ ընելու, ո՞ւր հասնելու եւ ո՞ւր հասցնելու համար ժողովուրդ մը եւ անոր հայրենիքը:
Համացանցային ինքնահիացման պատկերները, «խոնարհում»-ները եւ երկնային անդադրում երթեւեկը, պարտութիւնը կրնա՞ն չքացնել, ընել այնպէս, որ անոնք եղած չըլլան:
Զարմանալին այն ընկերաքաղաքական երեւոյթն է, որ ժողովուրդը` ընկճուած եւ անյոյս, ճակատագրապաշտի ընդարմացման վիճակի մէջ, զիջումները կ՛ընդունի այնպէս, որ կարծես անոնք իրեն չեն վերաբերիր, պատասխանատուութիւն չի զգար, Արցախի ժողովուրդին սպառնացող ցեղասպանական վտանգը անզօրութեամբ կը դիտէ: Կացութիւնը այնպէս է, որ Հայաստան եւ Արցախ կը սպասեն… Կը սպասեն, որ հրաշք պատահի, կը հաւատան խոստումի նմանող համակրական-բեմական յայտարարութիւններու, որոնք բեմերէն վար չեն իջներ, կը ծառայեն յուզումներու: Երբեմն ալ ստացուող բարեսիրական նպաստներով կը գոհանան:
Փաստը այն է, որ «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը ինքզինք սպառած է, գրքունակ տեսութիւններով եւ սիրողականութեամբ (amateurisme), երկիր (եւ բանակ) ղեկավարելու փորձը փակուղիի մէջ է: Նախկիններու անսպառ դարձած եւ շարականի պէս կրկնուող քննադատութիւնները, ասդիէն-անդիէն հնչող համակրական արտայայտութիւնները եւ բարի կամքի խօսքերը երկիր չեն վերականգներ, պահանջուած զիջումներուն դէմ թումբ չեն կանգնիր, եթէ այդ երկիրները յանձնառու դաշնակիցներ չեն, չըլլան: Բարեսիրութիւնը վտանգուած երկրի եւ ժողովուրդի կողքին կանգնող դաշնակիցի վերաբերում չէ եւ քաղաքականութիւնը կը վերածէ զբօսաշրջութեան հանդէսի, որ կը խաղցուի ներսէն գացող եւ դուրսէն եկող մէկ օդանաւէն միւսը ցատկողներով:
Հայկական Հանրապետութիւնը «նախկիններու» օրով սփիւռքի հետ հաստատած էր ամուր կապեր, կը լսէր ազգի աւելի քան կէս սփիւռքը, հայրենասիրութեան հասարակաց ենթահողի վրայ վստահութիւն ներշնչած էր միլիոններու սփիւռքին, որովհետեւ այդ նախկինները կը դիտուէին որպէս իրաւ պետական փորձ ունեցողներ: Անմիջական տեսանելին այն էր, որ անոնք երկիր պահած էին, յաղթանակներ տարած էին, պարտեալի դիրքէ չէին խօսեր բարեկամի եւ թշնամիի հետ, ունէին սփիւռքի անվերապահ աջակցութիւնը: Կը գործակցէին:
Գրքունակ ղեկավարումի հետեւանք էր սփիւռքի նախարարութեան վերացումը, այդ նախարարութիւնը սփիւռքի կողմէ ընդունուած էր որպէս պետութեան հետ ճշմարիտ համագործակցութեան կամուրջ, միացման հարթակ էր: Ինչո՞վ փոխարինուեցաւ այդ կամուրջը: Ի՞նչ շահեցաւ պետութիւնը այդ կամուրջի վերացումէն: Կրկին զարմանքով կը հաստատեմ, որ հանրապետութեան բնակչութիւնը չհակազդեց այս բացասականութեան, որ փակած էր գաղափարներու փոխանակման դուռը: Ողջախոհութիւնը պիտի թելադրէր այն իմաստութիւնը, որ սփիւռքը անչափահասներու եւ մանր փառատենչիկներու անդիմագիծ ամբոխ չէր, հոն ալ կային ազգի, պետութեան եւ մշակոյթի ըմբռնում ունեցողներ, զորս կարելի չէր առաջնորդել ասոր կամ անոր ճիպոտի շարժումներով, ո՛վ որ ալ ըլլար ան: Միլիոններու սփիւռքին քաղաքական իմաստութեամբ չընծայուեցաւ ծառայ եւ միաժամանակ հանրապետութեան մասնակցութեամբ տէր ըլլալու կարելիութիւնը:
Այսօր Նիկոլ Փաշինեան եւ իր «թիմ»-ը պարտուած են, դաշնակից ունին ո՛չ երկրին մէջ եւ ո՛չ ալ երկրէն դուրս: Կը կռթնին լաւ վարձատրուած ոստիկանական ջոկատներու: Ժողովուրդը հեռանկար չունի: Այդ ժողովուրդը այդքան ալ միամիտ չէ, կը տեսնէ, որ «նախկիններ»-ու «կոռուպցիա»-ն կը շարունակուի նախկիններու ձեւով եւ երբեմն նոր շապիկով, ինչպէս` իւրայիններուն բաժնուած պարգեւավճարներով: Կարելի կ՛ըլլա՞յ օր մը հաշուապահական վիճակագրութիւն մը կազմել նոր իշխանաւորներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներու «տուրիստական եւ պերճանք»-ի ծախսերուն, իշխանական-արքայական ընդունելութիւններուն եւ հարսանիքներուն:
Նիկոլ Փաշինեան եւ իր «թիմ»-ը որքան ուշ հեռանան իշխանութենէն, այնքան դժուար պիտի ըլլայ երկրի քաղաքական-տնտեսական վերականգնումը: Չեմ ուզեր յոռետեսի պէս ըսել` փրկութիւնը: Իսկ եթէ իրենք զիրենք համարելով նախախնամական ամենագէտ ղեկավարութիւն, կառչին իրենց իշխանութեան, աւելի ճիշդ` մենաշնորհներուն, պիտի հաշտուինք ամէն տեսակի կորուստներու հետ:
Ազրպէյճանի ղեկավարը յայտարարեց, որ Արցախի հայերը` որպէս Ազրպէյճանի քաղաքացիներ, կրնան մնալ եւ ապրիլ Ազրպէյճանի մէջ, իսկ իրեն համար արդէն Ղարաբաղի հարցը լուծուած է: Եւ բնական եզրայանգումը կ՛ըլլայ այն, որ գումարուող զիջումներու դէզին տակ կքած Հայաստանը, եւ անոր բնակչութիւնն ալ կրնան շարունակել այդ ամբողջին մէջ որպէս իրաւահաւասար (իրաւահաւասա՞ր) քաղաքացի ապրիլ…
Իսկ այդ ամբողջը կը կազմուի, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դառնայ, Իլհամ Ալիեւի բանաձեւումով, Արեւմտեան Ազրպէյճան: Այսինքն չկայ Արցախ, չկայ նաեւ Հայաստան: Ի պէտս անգէտներու, յիշեցնեմ, որ քանի մը անգամ կրկնուեցաւ «վիլայէթ» բառը…
Եթէ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր «թիմ»-ը կը տեսնեն փակուղիի ելքը, եթէ ունին փրկութեան լաստի նմանող լուծումներ, պէտք է զանոնք հրապարակեն:
Շարքային քաղաքացին բնականօրէն կը մտածէ, որ եթէ ուշ չէ, ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը պէտք է յառաջացնել` իշխանութենէ հեռացնելով պարտութիւններու եւ զիջումներու, ո՛չ ըսելու անկարող մնացած եւ այլեւս ոչինչ ընելու ատակ «թիմ»-ը: Երբեմն պէտք է մտածել, որ եթէ այդ «թիմ»-ը շարունակէ մնալ եւ բազմապատկէ պարտութիւններ եւ զիջումներ, հանրապետութիւն, Արցախ եւ ազգի ճակատագրի տնօրինման իրաւունքէ զրկուած սփիւռք(ներ), ի՞նչ պիտի ըլլան հետեւանքները ազգին եւ հայրենիքին համար, ի՞նչ հեռանկար կը մնայ ազգին համար:
Դեռ կայ նաեւ այլ հիմնական հարց մըն ալ: Պիտի գտնուի՞ն աղէտի կացութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու պատրաստ ներսի եւ դուրսի հայրենասէրներ, որոնք ըլլան ատակ եւ ունենան հոգեբարոյական ու քաղաքական վերականգնումի բարոյականի ուժ:
Զիջումները Հայաստանի Հանրապետութի՞ւնն ալ պիտի դատապարտեն Մուշի, Սասունի, Վանի վիճակին, ուր օր մը մեր յաջորդները այցի պիտի երթան` որպէս յիշողութեան զբօսաշրջիկներ:
Թաւիշի ընդարմացումէն ետք կ՛ունենա՞նք վերականգնումի իրաւ յեղափոխութիւնը` քաղաքական նոր վարքագիծով, որ Հայաստանը կը պատկանի համայն հայութեան, որ` ան համայն հայութեան պատասխանատուութիւնն է, ուրեմն անոր լինելութեան ընթացքը առաջնորդել հաւասարապէս իրաւունքն է ներսի եւ դուրսի հայուն, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի, այլ` յաւելեալ պարտքի իրաւ գիտակցութեամբ:
Կրնա՞նք ընել այնպէս, որ վաղը չըսենք, թէ ուշ է, եւ մենք մեզի պարտադրած ըլլանք նորատեսակ գաղթականութիւն:
Չսպասել, որ «թիմ»-ը հրաշքով հեռանայ:
Կ՛ունենա՞նք խորհրդարանական կամ համազգային քննիչ մարմին մը` լուսարձակի տակ առնելու համար 44-օրեայ պատերազմի անփառունակ պարտութեան պատճառները ուսումնասիրելու եւ գիտնալու, ճշդելու համար սխալները եւ ըսելու համար, թէ ի՛նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք, ի՛նչ չէինք կրնար ընել: Ի վերջոյ պէտք էր գիտնայինք, գիտնային, որ պատերազմը ղեկավարում պահանջող գործ է, թաղային մարզական խումբերու միջեւ մրցում չէ, կը պահանջէ մասնագիտական եւ ոչ սիրողական ղեկավարում, ոչ զգացական եւ ոչ ալ զինուորի տարազ հագածի ցուցամոլիկութիւն:
Զօրամասեր երթալ, զինուորական տարազ հագնիլ եւ նկարուիլ` թեթեւսոլիկութիւններ են, որոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին բանակի, ինքնապաշտպանութեան, հրամաններ արձակելու հետ:
Օր մը պատերազմական եւ բանակային մասնագէտներէ բաղկացած պատասխանատու մարմին մը պիտի քննէ՞ պատերազմի պատրաստութիւնը, անոր ընթացքի կազմակերպութիւնը, ճշդէ կազմակերպական եւ ղեկավարական սխալները: Այս ընել ազգը պարտաւոր է յարգելու համար զոհերը, որոնց կեանքին եւ արեան համար պատասխանատու են քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւնները: Հայաստանի իշխանութիւնները, ղեկավարութեան կոչուած «թիմ»-ը այս հաշուետուութիւնը չըրաւ: «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ներսի եւ դուրսի հաւատացողները այդ պահանջով հրապարակ չեկան: Կու գա՞ն օր մը, նախքան որ հասած ըլլանք զիջումներու վերջը, որմէ ետք պիտի խօսին ապագայ պատմաբանները, երբ ըսել բանի պիտի չծառայէ:
Ժողովուրդի յոյսը իրեն վերադարձնելու համար իշխանափոխութիւնը կենսական է, պայմանաւ որ ան անցեալի թափառումներու կրկնութիւնը չըլլայ, այլ ըլլայ հայրենատիրութեան եւ վերականգնումի սկիզբ` այս ազնուական ճիգին մասնակից դարձնելով լաւագոյն ուժերը, առանց դիրքապաշտական փառասիրութիւններու, ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք, միացնելով Հայաստանը եւ ներքին ու արտաքին սփիւռքները:
Այս միացումը մեր փոխարէն ոչ ոք պիտի ընէ:
ԵՍ-երու գերանցումով պէտք է ստանձնել պատասխանատուութիւնները, ներսը, դուրսը, անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, ի մտի ունենալով, որ վաղը միշտ ուշ է: Չեմ ուզեր յոռետես ըլլալ եւ ըսել` ԵԹԷ ԱՐԴԷՆ ՈՒՇ ՉԷ…
Այսօր կրկին ցոյց կայ… Յետո՞յ…
Նոր ոճիրներուն դէմ թումբ կանգնող խօսքով չբաւարարուող մեծանուններ պիտի յայտնուի՞ն:
14 յունուար 2023, Նուազի-լը-Կրանտ
aztagdaily.com/archives/571258