ԻՆՉՊԷ՞Ս ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆԻ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԻ, ՍԻՐՈՂԱԿԱՆԻ, ԹԱՂԱՅԻՆԻ ԵՒ «ՇԱՈՒ»-Ի ԱՆԵԼԷՆ – Յակոբ Պալեան
25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Յ. Պալեան
16 Փետրուար 2023
Կոտորուած եւ կոտորակուած, ինքնագոհակական սահմանումով՝ համաշխարհային ազգ, այսինքն՝ համակարգային-systematic գաղթականութիւն, հայ ժողովուրդը, նոյնիսկ երբ իր վրանները (յոգնակի) զարկած է ասդին-անդին, նոյնիսկ հայրենիք եղած իր հայրերու հողին վրայ, կը շարունակէ պահել տեսականօրէն մէկ ըլլալու աղօտ գիտակցութիւն: Գէթ այդպէս կը կարծենք հաւատալ, այդպէս կը սիրենք ըսել: Տեսականօրէն մէկ, քանի որ հայը ուր որ զարկած է իր վրանը, հիւսած է նոր հայրենիք ունենալու ինքնախաբէութեան առասպելը: Այդպէս եղան հայրենահանուած զանգուածները, այդպէս են անոնց վրայ գումարուած արտագաղթողները: Հետեւանքը եղած է այն, որ ստեղծուած են տեղականի, թաղայինի եւ ինքնահաստատում-շաուի շփոթներ, զորս մենք մեզի եւ շրջապատին գոհունակութեամբ ներկայացուցած ենք որպէս ազգային եւ քաղաքական:
Հետաքրքրական պիտի ըլլար, որ օր մը, պետութիւնը կամ հայկական կազմակերպութիւն մը, ուսումնասիրութիւն մը կատարէին, գիտնալու համար հայրենահանուածներու եւ արտագաղթածներու «սփիւռքներ»-ի թուական իրաւ պատկերը: Եւ ապա մտածէինք, ազգի լինելիութեան մասին, թէ ի՞նչ ենք, ո՞ւր հասած ենք, ի՞նչ կը ներկայացնենք, եւ մանաւանդ այս ընթացքով ո՞ւր պիտի հասնինք:
Կայ նաեւ տեսաբանական այլ կարեւոր աշխատանք մը, զոր իրականացնելու համար թիւեր պէտք են, որպէսզի անհատական եւ ենթակայական գնահատումներով թիւր ըմբռնումներու հանդէս չկազմակերպենք, գեղեցիկ խօսքերու տուեալները իրականութիւն չհամարենք, մեր ընտրանքները փակուղի չտանինք:
Քաղաքականութիւնը հաւաքականութիւն եւ երկիր առաջնորդելու՝ ղեկավարելու՝ միտում է: Այսօր, անորոշ եւ բազմաբնոյթ փառասիրութիւններով կազմակերպութիւններ, ներառեալ հանրապետութեան կառավարութիւնը, ի՞նչ բան կը ղեկավարեն, կամ կը յաւակնին ղեկավարել:
Կը խօսինք ԱԶԳի առաջնորդութեան մասին:
Ի՞նչ է այդ ազգի շրջագիծը, ի՞նչ կայ այդ շրջագիծէն ներս նախ որպէս համրանք, ապա այդ համրանքի ո՞ր տոկոսը ունի եւ պահած է ԱԶԳԱՅԻՆԻ ՍՏՈՐՈԳԵԼԻՆԵՐԸ, որոնցմով կը չափուի եւ կը սահմանուի ԱԶԳը: Ի՞նչ կայ ԱԶԳ բառի եւ անոր շրջագիծի ետին, որպէս համրանք, որպէս ինքնութիւն, որպէս մէկութիւն:
Պետութիւններ իրենց կառավարած երկիրներու բնակչութեան մարդահամարը կ’ընեն, պետական սպասարկութիւնները տեւաբար եւ կազմակերպուած եղանակով կը հետեւին բնակչութեան աճին կամ նուազման, զանոնք կը դիտեն ըստ տարիքային շերտերու: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը առաւել կամ նուազ ճշգրտութեամբ գիտէ, կամ կրնայ գիտնալ իր տարածքի բնակչութեան համրանքը:
Բայց ո՞վ ի՞նչ գիտէ հայութեան իրաւ համրանքի մասին: Այդ համրանքի ո՞ր տոկոսը ինքզինք մաս կը համարէ ԱԶԳին, այդ ընելու համար ի՞նչ ստորոգելիներ պահած է մաս կազմելը ազգի իրաւութեամբ կենսագործելու համար, տարբեր պատշաճած եւ թաղային գաղթականութենէ: Այս հարցերու մասին պէտք է խօսիլ, ի հարկին խանգարելով ինքնագոհական, իմացական եւ ընկերային սովորութիւնները, նայելով անհատական կացութիւններէն եւ ապահովութիւններէն անդին, այսինքն՝ մտածելով ԱԶԳ, ընդդէմ քաղաքական, կրօնական եւ այլ բնոյթի «էսթէպլիշմընթ»-ներուն, ի հարկին խանգարելով մէկը կամ միւսը, մէկը եւ միւսը, նոյնիսկ եթէ որպէս խանգարող կամ հերետիկոս պիտի դիտուինք:
Պետութիւնը եւ այն բոլոր կազմակերպութիւնները, ներառեալ կրօնական, որոնք կը խօսին ազգի մասին, կը յաւակնին զայն առաջնորդել, ի՞նչ գիտեն ԱԶԳԻ ՀԱՄՐԱՆՔի մասին, ի՞նչ են չափանիշները այդ համրանքին մէջ նկատի առնուելու համար, որպէսզի գիտնանք, թէ ի՞նչ ենք որպէս ազգ:
Միթէ՞ նոյն բանը կը հասկնանք երբ կ’ըսենք հայ ազգ, երբ Երեւան ենք, կամ Մոսկուա եւ Իրքուցք, Թեհրան, Փարիզ, Պէյրութ, Պոլիս, Լոս Անճելըս, Միլանօ, Պուէնոս Այրէս, Քորտոպա, Ռիօ տը Ժանէյրօ, Սաօ Փոլօ, Սիտնի, Մելպուռն… Կա՞յ երկիր ուր հայեր չըլլան: Փիրէնեան լեռներուն մէջ կայ փոքրիկ պետութիւն մը, Անտորա, ուր նաեւ հասած է հայը… Այս բոլորը կը խմբենք «հայութիւն» յղացքին մէջ, բայց այդ տարտղնուածութիւնը կարելի՞ է ԱԶԳ կոչել, կամ ի՞նչ պէտք է ընել, ըրած ըլլայինք, որ այդ բոլորը դասուէին ԱԶԳին մէջ:
Այս կացութեան մէջ, հարց կը ծագի, թէ ո՞վ ի՞նչ կը ղեկավարէ, ի՞նչ ընելու համար եւ ինչպէ՞ս: Հարցով մտահոգուող եւ գործող, կազմակերպուած ընդհանրութեան կեդրոնացում չկայ: Հետեւանքը այն է, որ անհատներ, եւ անհատներու խմբակներ, կը կարծեն մտածել եւ գործել որպէս ազգ, երբ այդ մտածումի առարկան կամ դաշտը ենթակայական գնահատում է, ոչինչ գիտենք այդ դաշտը գոյացնողներու ցանկութիւններու մասին, անոնք իրենք զիրենք ինչպիսի ազգի մը մէջ կը տեսնեն, ինչպիսի գոյութենական հեռանկարի մը համար:
Այսօր Ո՞ՒՐ է ազգը: Մենք մեզ տպաւորելու համար կ’ըսենք աշխարհատարած, համաշխարհային, եզրեր որոնք կը վկայեն ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱՐԵԼԻՈՒԹԵԱՆ մասին, զոր կը կարծենք շրջանցել շրջապատէն փոխ առնուած կարգախօսներով եւ ճառով, որոնք կը մնան թաղայինի եւ մասնակիի մէջ, յանգելով թաղային էսթէպլիշմընթներու, այդ ալ կը համարենք ղեկավարում, բազմապատկելով «կուսակցութիւն»-ները, «կազմակերպութիւն»-ները, «միութիւն»-ները: Այդ «բազմապատիկ»-ները ունին վարիչներ, ղեկավարներ, հետեւաբար բազմապատիկ տեսակէտներ, իրենց վերլուծումներով: Շէքսփիր ըսած էր «բառեր, բառեր», words, words… Անորոշ դիմագիծով եւ համրանքով հաւաքականութիւնը ԱԶԳ կը համարենք եւ կը կարծենք փակ շրջանակներ, (բջիջ-խմբաւորումներ) գեղեցիկ խօսքով տպաւորել, ճապկումները ղեկավարութիւն-քաղաքականութիւն համարել, ցանցուած կը մնանք «թաղային»ի եւ անխուսափելի «սիրողական»-ի մէջ:
Ի. դարու ֆրանսացի նոպէլեան դափնեկիր մեծ գրող Ալպէր Քամիւ այնքան յատկանշական իմաստուն խօսք ունի, զոր լսելու եւ անոր հետեւելու քաջութիւն պէտք է ունենալ, եթէ կ’ուզենք վերականգնիլ, ո՛չ որպէս համայնք կամ ասդին-անդին տարտղնուած (ան)կազմակերպութիւններ: Ալպէր Քամիւ ընթացիկէն եւ էսթէպլիշմընթէն տարբեր ազատ խօսք ըսողի դէմ շղթայազերծուած հալածանքի մասին կը գրէ եւ իրեն հետ պէտք է բարձրաձայնել՝ ինքնութիւն պահելու եւ իրաւունքէ չհրաժարելու համար. «Ամէն անգամ որ ազատ ձայն մը պիտի փորձուի, առանց յաւակնութեան, ըսել ինչ որ կը մտածէ, ամէն գոյնի եւ մորթի պահակ շուներու բանակ մը կատաղօրէն պիտի հաչէ անոր արձագանգը խեղդելու համար*»: Այս կ’ընեն, չխանգարուելու համար, որպէսզի չխանգարուին քաղքենիական եւ թաղային սիրողականութիւնները եւ երեւելիապաշտութիւնը:
Ինչպէ՞ս ԱԶԳը օրակարգ դարձնել եւ վերականգնել երբ կը բացակայի ՄԻԱՑՆՈՂ ՏԵՍԻԼՔԸ, ընդդէմ կոտարակումներու եւ բաժանումներու, երբ բաժակաճառի դատարկաբանութիւններով կը կարծենք միացում խաղալ, անկարող ըլլալով միացումը իրականացնել՝ ընդդէմ ժամանակավրէպ աւանդութիւններու, զանոնք յաւերժացնող աննպատակ եւ ազգին չառնչուող փառասիրութիւններու, որոնք խոչնդոտած են եւ կը խոչնդոտեն հաւաքական ուժի ստեղծումը:
Պահ մը պէտք է մտածել, պարզ դիտարկումներով
Այսօր պէտք է հրապարակել, թէ երկրէն ներս եւ դուրս, ի՞նչ է կուսակցութիւններու թիւը, խօսիլ առանց ինքնահաճոյակատարութեան, անոնց ազգաշէն ծրագիրներու եւ իրականացումներու մասին: Նոյն հունով, հպարտանալով հանդերձ որ պատմութեան առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք, խօսիլ այդ քրիստոնէութեամբ հպարտացող զանազանութիւններու մասին, պարզ հարցումով՝ քանի տեսակ հայ քրիստոնեայ կայ, ինչպիսի բաժանումներով եւ բազմագլխանիութեամբ, որոնք իրարու միջեւ կը բաժնեն համրանքը, կը ստեղծեն իրենց ազդեցութեան գօտիները, բայց չի ստեղծուիր տոկալու եւ տեւելու համար պրկուած ազդեցութեան մէկութեան գօտին:
Եթէ իր անուան արժանի ղեկավարութիւն ունեցած ըլլայինք, եթէ ունենանք… Ղեկավարութիւն՝ ո՞ր համրանքով հասարակաց ստորոգելիներով համրանք եւ նոյն ուղղութեամբ նայող ազգին համար:
Եթէ այսօր չյառաջացնենք ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ ստեղծող ղեկավարութիւնը, պիտի շարունակենք բազմացնել Եսեր փքող ամէն տեսակի ղեկավարութիւնները, բազմապատկելով պարտութիւններ, նահանջներ եւ յարաճուն տարտղնում, որոնց ճամբու աւարտին ԱԶԳը ապահովաբար պիտի դադրի տեւելէ որպէս այդպիսին: Պիտի մնան ասդին անդին ուրիշ ազգերու մէջ ապրող, տեւող եւ յաջողած անհատներ, որոնք ժամանակ մըն ալ պիտի յիշեն որ ծագումով հայ եղած են իրենց նախնիները:
Զարմանալի թող չթուի: Մեր զանազան բնոյթի ապիկարութիւններով նաեւ, խեղճացուցած ենք բարոյական հեղինակութիւնները, ինչպէս պատմական դեր ունեցած Եկեղեցին: Եկեղեցիին պէտք է վերադարձնել անոր ՄԻԱՑՆՈՂի դերը, հայ մտաւորականութիւնը, փոխանակ բանգիտական դատարկաբանութեամբ ըսելու, որ եկեղեցին ժամանակավրէպ է, ընելիք չունի, անոր հետ ազգի քաղաքականութիւնը առնչութիւն չունի, ինչպէս բանգէտ օր մը ըսաւ. «Qu’est-qu’on a à foutre de l’église… »:
Հանրապետութիւն եւ բազմագլուխ բազմազան սփիւռք(ներ), եթէ չյաջողինք Միութիւն-Միացումը առաջնորդող ՈՒԺԸ ստեղծել, որ դուրսէն պիտի չգայ, ուրիշ մը մեր գլխուն թագաւոր պիտի չկարգէ… Թաղային հեղինակութիւնները, սիրողականները, պիտի հասկնան որ սխալ տեղ տարած են եւ սխալ տեղ կը տանին, եթէ ճիշդ տեղ տարած ըլլալին արդէն հասած կ’ըլլայինք: Կամ հոս հասած չէինք ըլլար:
Հայոց հոգեւոր առաջնորդները պիտի կարենա՞ն իրենց հօտին հեղինակութեամբ ըսել, որ ամբոխահաճականութենէ դուրս պէտք է գալ եւ հետեւիլ…
Այդ ընելու համար կրկին եւ կրկին պէտք է լսել Ալպէր Քամիւն. ««Ամէն անգամ որ ազատ ձայն մը պիտի փորձուի, առանց յաւակնութեան, ըսել ինչ որ կը մտածէ, ամէն գոյնի եւ մորթի պահակ շուներու բանակ մը կատաղօրէն պիտի հաչէ անոր արձագանգը խեղդելու համար…»
Ազգի հոգեբարոյական եւ իմացական ներուժը չէ ցամքած, պէտք է լսել եւ հետեւիլ ընտրելագոյններուն, եւ անոնք կան, ներսը եւ դուրսը, Հանրապետութիւն եւ աշխարհատարած հայութիւն, որպէսզի անոնք աստուածաշնչական Մովսէսին պէս մեր ազգը անցնեն մեր նահանջներու եւ պարտութիւններու Կարմիր Ծովէն…
Այս յաջողութեամբ ընելու համար, քաջութիւն պէտք է ունենալ ըսելու, որ ո՛չ ես ո՛չ այս կամ այն խմբաւորումը իրաւունք ունի, այլ իրաւունք ունին ԱԶԳը եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔը: Այս կ’ըլլայ իրաւ առաջնորդի վերաբերում:
Քանի մը օր առաջ, Հայաստանի Առաւօտ թերթին մէջ կարդացի «Հռիփսիմէ Ջեբեջյան» ստորագրութեամբ յօդուած մը եւ պահեցի համակարգիչիս մէջ: Անկախ ցուցարարներու մասին լրատուութենէն, որպէս խորագիր դրուած երեք տողերը զիս մղեցին մտածելու այն մասին, որ համատարած տխրութիւն է հայ քաղաքական կեանքի մէջ սովորական դարձած սիրողականութիւնը: Կ’արտագրեմ այդ տողերը. «Դո՞ւք էք որոշում բանակի խնդիրները՝ բանակում չծառայածներով, բանակից թռածներով». Հայ կեանքի բոլոր մարզերուն համար կարելի է ընդհանրացնել ընդվզումի միտքը: Որպէսզի մեր ժողովուրդը պարտութիւններու յորձանուտէն դուրս գայ եւ վերականգնի, աւանդական, Տիրոջ ձայնը չկրկնող եւ «վարդապետն ասաց»ները հարցականի ենթարկած քաղաքականացման կարիք ունի: Ճիշդը ընտրելու համար անհաճոյակատար քննադատութիւն պէտք է, միշտ մտածելով, ֆրանսացի մեծ գիտնական Ժան Ռոսթանի հետ, որ պէտք է հասնիլ ճիշդին եւ ճշմարիտին, սխալներու քննադատութեամբ եւ սրբագրութեամբ: Ճշմարտութիւնը ի վերուստ չէ տրուած, այլ ինչպէս ըսած է մեծ գիտնականը, ան թառած կը գտնուի սխալներու կոյտին վրայ: Այսինքն սխալները տեսնել, սրբագրել եւ շարունակել: Այդպէս կ’ըլլայ ճշմարտութեան որոնումը եւ քաղաքական գիտակցութեան զարգացումը՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիի եւ իր իրաւունքին գիտակցող հայուն համար: Ճշմարտութիւնը եւ ճիշդը, ո՛չ պոռչտուք են եւ ո՛չ ալ թութակաբանութիւն: Վերականգնումի եւ յառաջդիմելու համար պէտք է բուժուիլ այդ ախտերէն եւ հրաժարիլ ամբոխ զուարճացնող նիզակ ճօճելու բեմական բառային եւ գալարումներու միմոսութիւններէ: Թշնամին թշնամի է, բայց ի՞նչ են ոչինչ խոստացող օդին մէջ նիզակ ճօճելով զուարճացողները եւ միամիտներ քնացնողները: Այսինքն ամբոխահաճութեան (պոպուլիզմ) ասպետները ազատօրէն կ’արշաւեն ապաքաղաքականացման հետեւանքով անտիրութեան դատապարտուած դաշտերուն մէջ, բարձրախօսէն եւ պատկերներէն ստանալով… իրաւունքներ, որոնք կը հիւսեն անվաղորդայն մնալու դատապարտուած թատերահան դիպաշարներ, որոնք այդքան են միայն:
hairenikweekly.com/ինչպէ՞ս-դուրս-կու-գանք-ազգայինի-քաղաք/