Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ներսէս Արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի Ուղղուած Կայսերական Հրովարտակը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Art-A-Tsolum – Arab map of the Caliphate period – Baku was part of Armenia

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ներսէս Արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի Ուղղուած Կայսերական Հրովարտակը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

05 ԱՊՐԻԼ 2023 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Նիկոլայ Ա. Կայսր                                                 Մարաջախտ Հանս ֆոն Դիբիչ                         Զօրավար Իվան Պասկեւիչ

Ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ մարաջախտ Հանս ֆոն Դիբիչ Նիկոլայ Ա. կայսեր յանձնարարութեամբ 1827¬ի տարեսկիզբին Պետերբուրգէն Թիֆլիս ուղարկուած էր, քննութիւն բանալու Կովկասի կառավարչապետ եւ գլխաւոր հրամանատար զօրավար Երմոլովի գործունէութեան շուրջ:

Մարաջախտ Դիբիչ ծագումով գերմանացի էր, ռուսական  բանակին մէջ ծառայութեան մտած, Նափոլէոնի դէմ պատերազմին մասնակցած եւ իր հերոսութիւններով բարձր գնահատանքի ու վստահութեան արժանացած էր:

Զօրավար Ալեքսի Երմոլով պարսկական պատերազմը շարունակելու ծրագիր մշակելով զբաղած էր: Այդ ծրագիրին համաձայն արշաւանքը պիտի սկսէր երեք ուղղութիւններով: Ձախ թեւը զօրավար Մադաթովի պիտի յանձնուէր: Մադաթովի հրամանատարութեան տակ զօրքը Ղարաբաղէն պիտի  յարձակէր եւ պիտի շարժէր դէպի Ատրպատականի խորերը: Առանձին զօրաբանակ մըն ալ պիտի շարժէր դէպի Երեւանի խանութիւն եւ Էջմիածինը գրաւելէն ու զայն յենակէտի վերածելէն ետք պիտի շարժէր դէպի Երեւան, իսկ գլխաւոր բանակը պիտի քալէր Թաւրիզի վրայ` զայն գրաւելու նպատակով:

Մարաջախտ Դիբիչ հաւանութիւն տուաւ զօրավար Երմոլովի մշակած ծրագիրին: Որոշուեցաւ արշաւանքը սկսիլ ապրիլին: Դիբիչ փորձեց Երմոլովն ու Պասկեւիչը հաշտեցնել եւ նախքան արշաւանքի սկսիլը դերերու բաշխումը յստակացնել: Բայց Պասկեւիչ կտրուկ կերպով յայտարարեց, որ ինք ամէն ինչ կը ձգէ եւ Ռուսաստան կը վերադառնայ, բայց Երմոլովի հետ չի ծառայեր:

* * *

Ռուսական կառավարութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն նախատեսած էր վիրահայոց առաջնորդ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիին: Ան մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր, անձնական ընդունակութիւններ, եռանդ եւ կազմակերպչական մեծ կարողութիւններ ունէր եւ անմիջական շփում ու սերտ կապեր ունէր Կովկասի ռուսական զինուորական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններու ու ղեկավար գործիչներու հետ: Միւս կողմէ, Թիֆլիսի մէջ գործելը մեծապէս նպաստած էր Ներսէս արքեպիսկոպոսի հեղինակութեան բարձրացման նաեւ այն պատճառով, որ քաղաքի հայութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունէր հայ կեանքին մէջ: Եւ տակաւին, Եփրեմ կաթողիկոս գրեթէ անգործութեան մատնուած էր եւ Ներսէս արքեպիսկոպոսի ազդեցութեան տակ կը գտնուէր:

Ռուսական կառավարութիւնը որոշեց, որ պէտք է խրախուսել հայերը, որպէսզի անոնք շարունակեն իրենց աջակցութիւնը ռուսական բանակին:

Նիկոլայ Ա. կայսր 2 փետրուար 1827¬ին հրովարտակ ուղարկեց Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիին:

Կայսրը հրովարտակին մէջ կ՛ըսէր, որ պարսկական պատերազմի սկիզբէն հայերը ցոյց տուին, թէ գիտեն գնահատել այն հոգածութիւնները, որ ռուսական կառավարութիւնը ունի իրենց նկատմամբ: Ռուսաստանի հովանիին տակ մտած հայերը կրնան համեմատել իրենց դրութիւնը իրենց այն ազգակիցներու դրութեան հետ, որոնք կ՛ապրին դրացի իսլամ պետութիւններուն մէջ: Նորին կայսերական մեծութիւնը սրբազան արքեպիսկոպոսին կը յանձնարարէ հայ ժողովուրդին յայտնել իր կատարեալ բարեհաճութիւնը եւ հաւաստիացնել անոր կայսերական խոստումով, որ որքան ժամանակ շարունակուի հայոց հաւատարմութիւնը դէպի ռուսական գահը, այնքան ժամանակ ալ ան անփոփոխ պիտի պահէ իր ողորմածութիւնը այդ ազգին վրայ: Նորին մեծութիւն կայսրը իր ողորմած բարեհաճութիւնը անձամբ Ներսէս սրբազան արքեպիսկոպոսին կը յայտնէ, ընդունելով, որ անոր յորդորներով հայ ժողովուրդը այդքան հաւատարմութիւն ցոյց տուած է:

Հրովարտակը Ներսէս արքեպիսկոպոսին յանձնեց մարաջախտ Դիբիչ: Այնուհետեւ Դիբիչ նամակ ուղարկեց կայսրին, յայտնելով որ ցարական ուշադրութիւնը խոր ազդեցութիւն գործեց հայ հոգեւորականին վրայ:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի, խորապէս ոգեւորուած, իր դպրոցի տպարանէն առանձին պրակով հրապարակեց Նիկոլայ Ա. կայսեր հրովարտակը եւ անոր թարգմանութիւնը, կցելով նաեւ իր ներբողական ճառը: Տետրակի ճակատին գրուած էր. «Հռչակ ողորմութեան ինքնակալի եւ կայսեր ամենայն ռուսաց Նիկողայոսի առաջնորդ առ ազգս հայոց որ ի Վրաստան»: Այդ տետրակէն հարիւրաւոր օրինակներ բաժնուեցան, որպէսզի ամէն տեղ «աւետարանուի» կայսերական ողորմածութիւնը հայոց ազգին հանդէպ:

Կայսերական հրովարտակը մեծ հանդիսաւորութեամբ կարդացուեցաւ Թիֆլիսի հայոց առաջնորդանիստ Վանքի եկեղեցիին մէջ, որմէ ետք Ներսէս արքեպիսկոպոս սրտառուչ ճառ մը խօսեցաւ:

Իր կարգին զօրավար Երմոլով փետրուար 15¬ի գրութեամբ կը հաւաստէր թէ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի ամէն տեսակ գովելի գործ իր կողմէ միշտ կը վկայուի կայսեր առջեւ:

* * *

Զօրավարներ Իվան Պասկեւիչի եւ Ալեքսի Երմոլովի յարաբերութիւնները դարձած էին թշնամական: Պասկեւիչ յամառ պայքար կը մղէր Երմոլովը չէզոքացնելու համար: Ան շարունակ կայսեր կը յիշեցնէր որ Երմոլով իր դէմ անձնական հաշիւներ ունի, եւ այդ հաշիւներէն կը տուժէ ընդհանուր գործը:

Մարաջախտ Դիբիչ մանրամասն հարցուփորձի ենթարկեց Երմոլովը: Նոյն օրերուն կայսրը նամակ ուղարկեց Դիբիչի, յայտնելով որ չխաբուի ստախօս եւ կեղծաւոր Երմոլովէն:

Կայսերական հրամանով Երմոլով 29 մարտ 1827¬ին պաշտօնանկ եղաւ Կովկասի կառավարչապետի եւ գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնէն եւ զայն փոխարինեց զօրավար Պասկեւիչ:

* * *

Զօրավար Իվան Պասկեւիչի համար Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի ցանկալի մէկը չէր, որովհետեւ Երմոլովի կողմնակից կը նկատուէր, բայց ռուսական զէնքի յաջողութեան համար հայ արքեպիսկոպոսը անհրաժեշտ անձ մըն էր: Պատերազմը հայկական հողերուն վրայ պիտի մղուէր, իսկ այս հոգեւորականը մեծ ազդեցութիւն ունէր հայերուն, ինչպէս նաեւ տեղացի թուրքերուն եւ քիւրտերուն վրայ:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի ռուսական հրամանատարութեան հաւանութեամբ հայկական կամաւորական գումարտակներու կազմութեան ձեռնարկեց:

Հայեր ռուսերու զինակից եւ աջակից պիտի ճանչցուէին եւ յաղթութեան օգուտներուն մասնակցելու իրաւունք պիտի ստանային:

Հայկական գումարտակներու կազմութեան համար Երմոլովէն տրուած հաւանութիւնը Պասկեւիչ հաստատեց եւ իր կողմէ Թիֆլիսի զինուորական նահանգապետ զօրավար Սիպիագինի պարտականութիւն տուաւ գունդի կազմութեան հսկել:

Հայկական գումարտակներու կազմակերպման համար մշակուեցաւ երեսունչորս յօդուածէ բաղկացած «Առաջադրութիւն», որ հաստատուեցաւ ռուսական բանակի սպայակոյտին կողմէ:

«Առաջադրութեան» համաձայն հայկական գումարտակ կրնային ընդունուիլ կամաւոր ցանկութեամբ 18 տարեկանէն ոչ փոքր եւ 30 տարեկանէն ոչ մեծ տղամարդիկ, որոնք առողջ են եւ կրնան դիմանալ արշաւանքի դժուարութիւններուն:

Գումարտակը նախատեսուած էր հետեւեալ կազմով. մէկ շտաբս-սպայ, երկու գնդապետ, երկու շտաբս-գնդապետ, չորս պորուչիկ, չորս պոդպորուչիկ, մէկ գանձապահ, մէկ համհարզ, չորս փողահար, չորս թմբկահար, ութսուն ենթասպայ, ութ հարիւր շարքային եւ քառասուն արտաշարքային ֆուռլեյտոր: Գումարտակի հրամանատարը պէտք է ունենար շտաբս-սպայի կամ գնդապետի կոչում եւ ազգութեամբ հայ ըլլար:

Գումարտակին հագուստն էր` կանաչ գոյնի մահուդէ չեկմէտ` ծալուող թեւերով, մուգ գոյնի բուրմէթէ արխալուղ, գդակ եւ եափունջի:

Գումարտակին կամաւորները պարտաւոր էին, ռուսական բանակին մէջ ընդունուած կարգին համաձայն, հաւատարիմ ծառայութեան երդում տալ:

Հայկական գումարտակները իրենց յատուկ ազգային դրօշակները պէտք է ունենային, իսկ հրամանները հայերէն պիտի տրուէին:

Կամաւորները յատուկ գերազանցութեան համար պարգեւատրման կը ներկայացուին` ստանալու առաջին սպայական աստիճան:

Կամաւորներու ծառայութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին անոնց կիներն ու երեխաները ազատ կը կացուցուին ամէն տեսակ տուրքերէ եւ պարհակներէ:

Կամաւորական գումարտակներու ամբողջ ծախսերը կը հոգայ ռուսական կառավարութիւնը:

Պատերազմի աւարտին կամաւորները իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց տուները:

* * *

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի հայութեան ուղղուած կոչ մը հրապարակեց, ըսելով. «Հասաւ ժամը, երբ մեր աչքերով պիտի տեսնենք Արարատեան աշխարհի եւ հայոց ազգի ազատութիւնը: Հասաւ ժամը, երբ Մայր աթոռը պիտի վերականգնէ իր վաղեմի անկախութիւնը: Ոտքի կանգնեցէք, հայ քաջեր, թօթափեցէ՛ք պարսկական լուծը, ուրախացուցէք ալեզարդ Մասիսը, անգամ մըն ալ արիւնով ներկեցէք հայրենի հողը եւ ապրեցէք ազատ»:

Ներսէս արքեպիսկոպոսի բոցաշունչ կոչը լայն արձագանգ գտաւ հայ ժողովուրդին մէջ: Հայրենիքը ազատագրելու տենչով տոգորուած` մեծաթիւ երիտասարդներ մտան կամաւորական ջոկատներուն մէջ:

Աւագ չորեքշաբթի, 30 մարտ 1827-ին Թիֆլիսի մէջ կամաւորներու հանդիսաւոր զօրահանդէս կատարուեցաւ: Ներսէս արքեպիսկոպոս, ձիու վրայ հեծած, սրտաշարժ ճառով ոգեւորեց կամաւորները, եւ քանի մը անգամ գունդը առջեւէն ռազմերթ կատարեց նուագածուներու երաժշտութեամբ եւ կեցցէներու գոռումներով, որոնց արքեպիսկոպոսը պատասխանեց. «Ապրիք քաջեր, շնորհակալ եմ»: Կամաւորներ եւ ժողովուրդ պատասխանեցին.

«Կեցցէ՜, ուռռա՜» աղաղակներով:

Ներսէս արքեպիսկոպոս վաթսուն հեծեալ կամաւորներու հետ ապրիլ 2-ին զօրավար Կոնստանդին Բենկենդորֆի զօրաբաժնին հետ Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ դէպի Ջալալօղլի:

* * *

Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոց

Ներսէս արքեպիսկոպոսի Թիֆլիսէն հեռանալէն ետք կամաւորական ջոկատներու կազմակերպման գործը ստանձնեց Ներսիսեան վարժարանի տեսուչ Յարութիւն քահանայ Ալամդարեան:

Կամաւորներ հաւաքագրելու համար յատուկ մարդիկ գործուղուեցան տարբեր վայրեր:

Կամաւորներու համար նոր հանդէս սարքուեցաւ Թիֆլիսի մէջ: Վանքի բակին մէջ հայ հոգեւորականներ օրհնեցին գունդին դրօշակը: Յարութիւն քահանայ Ալամդարեան իր արտասանած ճառին մէջ ըսաւ. «Այսօր հայ ժողովուրդը ետ կը ստանայ այն, ինչ կորսնցուցած էր հինգ հարիւր տարի առաջ, երբ զրկուեցաւ իր թագաւորութենէն եւ անկախ ու ազատ ազգի դիրքէն իյնալով` մատնուեցաւ գերութեան եւ ստրկութեան: Ահա կը կազմակերպուի հայկական զօրք, որ հայ ժողովուրդին պահապանը պիտի հանդիսանայ` Աստուծոյ եւ անոր օրհնեալ կայսր Նիկոլայի հովանաւորութեան տակ»:

Հայ կամաւորները երդում ըրին Յարութիւն քահանայի ձեռքով բարձրացած հայկական դրօշակին առջեւ: Այդ երդումը գրած էր ինք` Յարութիւն քահանայ Ալամդարեան:

* * *

Զօրավար Երմոլով իր պաշտօնանկութենէն առաջ, 17 մարտին զօրավար Մադաթովի առանձին զօրագունդի մը հրամանատարութիւնը յանձնած եւ հրամայած էր պատրաստ ըլլալ գարնանային արշաւանքին մասնակցելու համար:

Մադաթովի պատուիրուած էր իր զօրքերը համալրել արցախցի կամաւորներով: Զօրավարը այդ պատուէրը արագութեամբ կատարեց:

Տակաւին իրեն խոստացուած զօրքերուն մեծ մասը չհասած, զօրավար Մադաթով իր հայ կամաւորներով եւ ձեռքին տակ գտնուած փոքրաթիւ պատրաստի զօրքերով ճամբայ ելաւ, սկսելով Պարսկաստանի դէմ պատերազմին:

Մադաթովի հրամանատարութեան տակ զօրքը ապրիլ 18-ին հասաւ Արաքսի ափը, Խուդափերինի կամուրջին մօտ: Բայց պարսիկներ քանդած էին կամուրջը եւ միայն կամարներուն սիւները կանգուն մնացած էին: Գարնան ձիւնհալի եւ յորդ հեղեղներու պատճառով գետէն անցնիլ անկարելի էր:

Գետին միւս ափը պարսիկ հինգ հազար զինուորներ դիրք բռնած էին: Գնդակներու տարափի տակ` Մադաթով հրամայեց կամուրջը տախտակամածով պատել, որուն վրայէն անցաւ զօրքը:

Մադաթով ցրուեց պարսկական զօրքերը եւ ափ ելաւ Արաքսի միւս կողմը:

Մադաթով 22 ապրիլ 1827-ին Պասկեւիչէն հրաման ստացաւ իր հրամանատարութեան յանձնուած զօրքը զօրավար Պանկրատեւի յանձնել եւ Ղարաբաղ վերադառնալ:

aztagdaily.com/archives/577799

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail