Ինքնութիւն. Հայ ըլլալու եւ զգալու բազմաթիւ ձեւեր
Ինքնութիւն. Հայ ըլլալու եւ զգալու բազմաթիւ ձեւեր 20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ: «Հորիզոն».- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ`Սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագիր մը սկսաւ անցեալ տարի: Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) հետազօտական ծրագրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին: Առաջին հանգրուանով, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա), Մայիս եւ Յունիս 2018-ին, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին, գլխաւորութեամբ՝ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Այս քաղաքներու հարցախոյզերու արդիւնքները արդէն առցանց հրապարակուած են www.armeniandiasporasurvey.com կայքէջին մէջ։ Այս տարուան հարցախոյզը կը շարունակուի Մոնթրէալի, Արժանթինի,Ռումանիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ «Հորիզոն» յաջորդաբար պիտի հրատարակէ 2018-ի ուսումնասիրուած հիմնական թեմաներու մասին յօդուածաշարք մը։ Կը հրատարակենք շարքի երկրորդ յօդուածը։ Առաջին յօդուածը կարդալ այս յղումով։ Սիւզըն Փաթթի Հետազօտութեան ընթացքին թէեւ բազմաթիւ հարցումներ […]