21 Սեպտեմբերի 28ամեակին Խորհուրդը. Հայաստանի Հանրապետութեան Վերածնուող Ազատութիւնը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

21 Սեպտեմբերի 28ամեակին Խորհուրդը. Հայաստանի Հանրապետութեան Վերածնուող Ազատութիւնը

25 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգման պատմակերտ նուաճումին՝ 21 Սեպտեմբերի համաժողովրդային Հանրաքուէին 28րդ տարեդարձը վերանորոգ հպարտութեան եւ համազգային ինքնավստահութեան վարար ապրումներով համակեց հայ մարդոց միտքն ու հոգին՝ հայաշխարհի չորս ծագերուն:

Ահա 28 տարիներէ ի վեր, աշխարհով մէկ՝ քաղաքամայր Երեւանէն ու հայրենի ոստաններէն մինչեւ Սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերու հայօճախները, պահանջատէր հայութիւնը մէ՛կ ու անպարտելի բռունցք պարզած՝ Սեպտեմբերի այս օրերուն կը տօնէ ու կը վերյիշէ 1991 թուականի Անկախութեան Հանրաքուէն, որ Խորհրդային Հայաստանի քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 99 տոկոսի միահամուռ ձայնով՝ «Այո՛» պատասխանեց Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ անկախ հանրապետութիւն հռչակելու հանրաքուէի միակ հարցումին։

Բառացիօրէն այդպիսի՛ն էր բանաձեւումը 21 Սեպտեմբերի հանրաքուէով համաժողովրդային դատաստանին ներկայացուած Մեծ Հարցումին եւ, ի փառս Հայաստանի ու հայութեան, հայրենի մեր ժողովուրդը միաձայնութեամբ ընտրեց Հայաստան Աշխարհի ու հայոց պետականութեան վերանկախացման ուղին՝ արժանանալով աշխարհասփիւռ հայութեան համահունչ զօրակցութեան։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սեպտեմբեր 21ի համաժողովրդային հանրաքուէէն 28 տարի ետք ալ, հայ քաղաքական միտքը իր գլխաւոր հոսանքներով կը շարունակէ ամէն բանէ գերիվեր դասել եւ իբրեւ լիարժէք վերապրումի ու անկաշկանդ զարգացման անփոխարինելի կռուան՝ իր բոլոր ուժերով պահել, պահպանել ու հզօրացնել անկախութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան:

Հիմա որ աւարտած են Հայաստանի Անկախութեան հանրաքուէին 28ամեակի տօնախմբութիւնները եւ ժամանակի դատաստանին յանձնուած են այդ առթիւ աջէն թէ ձախէն արտասանուած յաւուր պատշաճի խօսքերն ու յանձնառու պատգամները, կարեւոր է օրակարգի վրայ բերել եւ արժեւորման լուսարձակին տակ առնել իւրայատուկ խորհուրդը վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան վերածնուող Ազատութեան:

Որքան ալ փորձեր կատարուին նսեմացնելու շուրջ տարի ու կէս առաջ հայրենի հայութեան նուաճած քաղաքացիական անհնազանդութեան՝ մերժումի, բողոքի եւ ծառացումի համաժողովրդային հզօր շարժումին պատմակերտ նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը, անհեռանկար են նմանօրինակ ճիգերը եւ փաստօրէն, թաւշեայ յեղափոխութեամբ, Հայաստանն ու հայութիւնը ուղի բացին եւ կը շարունակեն յաղթաքայլ յառաջանալ Հայաստանի անկախութիւնը ազատ մարդով, ազատ քաղաքացիով եւ ազատ հասարակութեամբ օժտելու պայծառագոյն հորիզոնի ուղղութեամբ:

Անշուշտ կարելի չէ ուրանալ, որ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական դէմքը եւ յեղափոխական գործիչը վճռորոշ ներդրում ունեցան թաւշեայ յեղափոխութիւնը յաղթանակով պսակելու յաջողութեան մէջ: Բայց մեծագոյն ուրացումը գործող քաղաքական անպարկեշտութեան կը ծառայեն բոլոր անոնք, որոնք մեր ժողովուրդին ամէնէն ազնիւ, ազգային եւ ազատատենչ ապրումներն ու ձգտումները անարգել կը փորձեն՝ սոսկ Նիկոլ Փաշինեանի »ամբոխավարութեան« եւ »իշխանամոլութեան« վերագրելով նուաճուած յեղաշրջումը, որուն ահա կը հետեւի սահմանադրական՝ այլեւ ժողովրդավարական հաստատաքայլ, բայց անարիւն յեղափոխութիւնը ի խնդիր Ազատութեան լիիմաստ եւ լիարժէք նուիրագործումին:

Թերահաւատները եւ անուղղաները կրնան դիմել մեծահռչակ հայագէտ Մանուկ Աբեղեանի նոյնքան հանրածանօթ եղբօրորդուն՝ դաշնակցական ականաւոր տեսաբան եւ իմաստասէր Արտաշէս Աբեղեանի »Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան« հանգանակի գաղափարաբանութիւնը վերծանող մենագրութեան, որ լոյս տեսած է 1920ականներուն, »Հայրենիք Ամսագիր«ի էջերուն մէջ:

28 Մայիս 1918ին նուաճուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական կտակը պատմագիտական եւ հասարակագիտական իր էութեամբ ընդգրկելու եւ վերծանելու խորամոյն լրջախոհութեամբ՝ Արտաշէս Աբեղեան հանգանակի երեք յենասիւնները՝ »անկախութիւն«ը, »ազատութիւն«ը եւ »միացեալ«ը բացատրած եւ տեղաւորած է Հայաստանի բռնի խորհրդայնացման հետեւող ժամանակաշրջանի աշխարհաքաղաքական պրիսմակին մէջ:

Ճիշդ այդ պրիսմակէն դիտուած՝ այսօր աւելի քան իմաստալից, այժմէական եւ ուղենշային է Ա. Աբեղեանի այն շեշտադրումը, թէ անկախութիւնը ինքնին իր հետ չի բերեր ազատութիւն, ինչպէս որ ազատութիւնը ինքնին չ՛երաշխաւորեր անկախութիւնը:

Ազգեր անկախացած են օտարի լուծէն, բայց ինկած են սեփական բռնակալի տիրակալութեան տակ, ինչը անպայման չի նշանակեր, որ հայանուն բռնատէրին իշխանութիւնը նախապատիւ է ռուսին, թուրքին, պարսիկին կամ արաբին բռնակալ լուծէն…

Ազգին զաւակները իբրեւ համայնք կամ հասարակութիւն ստացած են յարաբերական ազատութիւն, իբրեւ տուեալ բազմազգեան երկրի քաղաքացիներ, ինչպէս օրինակ՝ Օսմանեան կայսրութեան հայերս, 1908ին, բայց քաղաքացիական այդ ազատութիւնը բաւարար երաշխիք չէ եղած, որպէսզի »բուն Հայաստան«ը անկախութեան տիրանայ: Ընդհակառակն՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան բերած ազատութիւնը «հիմք» ծառայեց թրքական պետութեան, որպէսզի ծրագրէ եւ գործադրէ հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը: Տարբերութիւնները յարգելով հանդերձ՝ նմանօրինակ շրջափուլէ անցանք ազգովին 1917ի համառուսական մեծ յեղափոխութենէն ետք, երբ ցարական բռնիշխանութենէն ազատագրուելու երազով ոգեւորուած հայը ստիպուեցաւ Լենին-Քեմալ սադայէլական գործարքին զոհաբերելու ծով արեան գնով նուաճուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Վերադառնանք մեր օրերուն եւ պարզապէս խոստովանինք, որ 1991ին վերանակախացեալ Հայաստանը թէեւ արժանացաւ անկախ պետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումին, բայց առաջին իսկ քայլերէն զրկուեցաւ ազատութեան իրաւ երաշխիքներէն:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր Վանօ Սիրադեղեանով ու Սերժ Սարգսեանով, Վազգէն Մանուկեանով եւ Համբարձում Գալստեանով, Վազգէն Սարգսեանով եւ Ռոպերթ Քոչարեանով (մի՛ մոռնաք Հայաստանի անդրանիկ նախագահին »պատմական« յայտարարութիւնը 1993ին, ուղղուած ՀՂՀ նախագահի պաշտօնակատար դաշնակցական Գէորգի Պետրոսեանին եւ Դաշնակցութեան ու »Քոչարեանը Ղարաբաղի փաստացի նախագահն է«) հա հրեց, հա հրեց մեր ժողովուրդին, որպէսզի հայը ստիպուած աւելի քան մէկ միլիոնով արտագաղթէ, իսկ յետոյ Քոչարեանը առօք-փառօք հանգուցեալ Քըրք Գրիգորեանի հարիւրաւոր միլիոններով »Հայաստանը ընդհանուր ռեմոնդի արժանացնելու« խեղկատակութիւնը բեմադրէ եւ իր միլիոնները դիզէ:

Թերեւս սխալ կը հնչէ, բայց Հայաստանի եւ հայութեան վերածնուող ազատութեան առիթով օրակարգային առաջին հարցին կարեւորութեամբ պարտաւոր ենք խոնարհելու մեր ժողովուրդին արժանաւորութեան առջեւ, իբրեւ 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակը եզրափակող ամէնէն ազատատենչ, խաղաղապաշտ եւ արդարադատ յառաջապահը Կանտիի կողմէ դար մը առաջ բանաձեւուած, այլեւս անցեալին պատկանող, բայց մերօրեայ հայութեամբ իր սքանչագործ վերածնունդը ապրող թաւշեայ յեղափոխութեան:

Առանց հայ մարդու եւ հայ հասարակութեան Ազատութեան՝ Հայաստանի անկախութիւնը միշտ խոցելի պիտի մնայ արտաքին ճնշումներու եւ մեծապետական խաղարկումներու ներքեւ:

21 Սեպտեմբերի համաժողովրդային հանրաքուէով սկսած Անկախութեան յաղթարշաւը Ազատութեան վէմերով կ՛ամրապնդուի ահա՛ մէկուկէս տարիէ ի վեր՝ աշխարհասփիւռ հայութեան քայլ առ քայլ ամրապնդուող թաւշեայ յեղափոխութեամբ:

Մենք բախտաւոր այն սերունդն ենք, որ տեսանք եւ վայելեցինք 2018ի Ազատութեան խրախճանքը պահանջատէր հայութեան:

Ինչպէս Անկախութիւնը, նոյնպէս եւ Ազատութիւնը թէեւ ծով զոհաբերութեամբ ձեռք կը բերուին, բայց շատ աւելի ծանր գին կը պահանջեն պաշտպանութեան համար:

Իշխանութեան աթոռակռիւով մոլագար նորելուկները բնաւ մտահան պէտք չէ ընեն, որ Հայաստանի այսօրուան գլխաւոր օրակարգը ազատ հանրապետութեան ամրապնդումն է վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ:

Հայ քաղաքական միտքի այսօրուան կիզակէտը Անկախութեան անունով բեմադրուող աթոռակռիւի պատեհապաշտութիւնը չէ, այլ Ազատութեան արմատաւորման սիրոյն հայ ժողովուրդին Ցաւը տանիլն է, Ազատութեան պահպանման համար ժողովուրդի իշխանութեան հաստատագրումն է:

asbarez.com/arm/354394/21-Սեպտեմբերի-28ամեակին-Խորհուրդը-Հայաս/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail