ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՍՊԱՐԱՊԵՏ ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻՆ

20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՍՊԱՐԱՊԵՏ ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻՆ

63 տարի առաջ այսօր՝ 21 Դեկտեմբեր 1955ին, պոլշեւիկեան բանտի մէջ մահացաւ մեր մեծագոյն սպարապետը՝ ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ։ Մեր ժողովուրդը, եւ յատկապէս Սփիւռքահայ երիտասարդը միշտ երախտապարտ պիտի ըլլան մեծ Դաշնակցականին։ Մանաւա՛նդ երախտապարտ, որ այսօր Սիւնիքը Հայաստանի անբաժան մասն է։ Առանց Դաշնակցութեան կամքին եւ Նժդեհի բազուկին, Սիւնեաց աշխարհը մերը պիտի չըլլար այսօր։

Սպարապետին համար Հայաստանն ու Հայութիւնը իր շունչէն աւելի մօտ եղան իրեն։ Ասոր բացատրութիւնը պարզ է։ Գարեգին Նժդեհ գլխագիր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆ էր՝ միսը միսէն, ոսկրը ոսկորէն։

Ինչպէս ինք կը վկայէ, «Դաշնակցական եմ եւ ահա հայրենի երկիրս ու հայութիւնը շունչէս աւելի մօտ են ինձ։ Եւ արդէն կը զգամ, թէ սովորական զգացումներէն զատ՝ ունիմ նաեւ Հայաստանի զգացումը, որ ինձ հետ ծնուած չէր եւ զոր սակայն Դաշնակցութիւնը տուաւ ինձ։»

Սեդօ Պոյաճեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail