21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՄՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:
Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերը պիտի օժտուին ժամանակակից զինուորական սարքերով: Այս մասին երէկ` 20 դեկտեմբերին, Արցախի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած լիագումար նիստին ըսած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, կը հաղորդէ «Արցախփրես»:
«Յատուկ ուշադրութեան կիզակէտին են եւ կը մնան բանակաշինութեան, անվտանգութեան, ինչպես նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան մարզերը: Այսուհետեւ ալ պիտի կատարուի ամէն ինչ բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, զինուած ուժերը ժամանակակից զինուորական սարքերով օժտելու, քաղաքացիական պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդման ու արդիականացման, զինուորներու, վեթերանների եւ հաշմանդամներու ընկերային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ», ըսած է նախագահ Բակօ Սահակեան:
aztagdaily.com/archives/420915