
(Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)
22 մայիս 2018 – ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:
ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ ԵՒ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊՈՂՈՍԵԱՆ ԵՆՔ
Այսօրուայ երիտասարդութիւնը եւ այսօրուայ ՀՅԴ-ի վերին խաւի արկածախնդրութիւնը
Թէ այսօր երիտասարդութիւնը, պատմութեանը մակերեսային կը նային, յիշեցնեմ, Հայ Հեղափոխական Դաշնակցութիւնը կազմուած է, զանազան յեղափոխական խմբակներէ, ժողովուրդային զանգուածային զանազան մտածողութենէ, զանազան մտաւորականութենէ, զանազան համայքներէ, միաւորուած մէկ կանոնագրի շուրջ:
Այսօրուայ ՀՅԴ-ի վերին խաւը, ինքզինք փաստելու համար, կանոնագիրի վերնագիրը փոխելով, հանդէս կ՛ուգայ նոր վերնագիրով մը, անձնական իղձերու եւ շահերու կանոնագիր, փաստը՝ Պողիկեան Աբօ, Պօղոսեան Անդրանիկ եւ շարունակելի,,,,
1890 ստեղծուած Հայ Հեղափոխական Դաշնակցութեան կանոնագիրը կ՛ըսէ հաւաքական ազգային իղձերու եւ շահերու հետապնդում:
Մենք անկուսակցականներ ու համակիրներ, կը պահանջենք ՀՅԴ-ի վերին խաւին հրաժարականները ապա թէ ոչ, մենք բոլորս Աբօ Պողիկեան եւ Անդրանիկ Պօղոսեան ենք:
22 մայիս 2018 Հարմանտայեան Արմենակ Փարիզ:





