«Մոսկուա Տակաւին Չի Հասկնար, Թէ Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Ե՞րբ, Ինչպէ՞ս Եւ Դէպի Ո՞ւր Պիտի Հեռանան» Կ՛ըսէ Փեսքով

22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Մոսկուա տակաւին չի հասկնար, թէ ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ դէպի ո՞ւր պիտի հեռանան»: Ան նաեւ հարց տուաւ, թէ սուրիական հողերէն ամերիկեան ուժերու հեռացումին «յաջորդ փուլը» ի՞նչ կը նշանակէ:

«Պէտք է հասկնանք յաջորդ փուլին իմաստը, այդ եւս մինչեւ հիմա ոչ ոք գիտէ», նշեց ան` աւելցնելով. «Ռուսիան կը նկատուի իրենց երկիրը միջազգային ահաբեկչութենէն ազատագրելու համար օրինական եւ միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ սուրիացիներուն օժանդակութիւն տրամադրած երկիրը»:

Փեսքով յայտնեց, որ իր երկիրը հակամէտ չէ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրուած յաղթանակին մէջ ամերիկեան դերակատարութեան գնահատման առումով չափազանցութիւն կատարելու:

aztagdaily.com/archives/421053

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail