Սփիւռքի Նախարարութեան Լուծարման Որոշումը Համահայկականութեան Ժխտում Է

21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Կառավարութիւնը մշակած է որոշման նախագիծ մը՝ ըստ որուն սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի լուծարուի եւ անոր պարտականութիւնները պիտի փոխանցուին փոխվարչապետի գրասենեակին:

Արդեօք որոշումը տալու ընթացքին նկատի առնուած է Սփիւռքի կարծիքը: Այս հարցին շուրջ իրենց կարծիքը եւ գնահատականը տուած են «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիր, հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեան:

Ըստ Շահան Գանտահարեանի՝ նման որոշում տալէ առաջ, նախ պէտք է ուսումնասիրել մեծ Սփիւռք ունեցող երկիրներու փորձառութիւնը, կառավարութիւն-Սփիւռք յարաբերութիւններու եղանակը եւ աշխատող կառոյցը:

«Գերատեսչութիւն լուծարելու կամ պահելու որոշումները պէտք է տրուին տարբեր ձեւաչափերով՝ նկատի ունենալով խորհրդակցութիւններու եւ քննարկումներու արդիւնքները: Այդ քննարկումներուն պէտք է մասնակցին դասական Սփիւռքի եւ նոր Սփիւռքի ներկայացուցիչները եւ Սփիւռքի մէջ կառավարչական փորձառութիւն ունեցող անհատ մասնագէտներ: Քննարկումը պէտք է կատարուի փորձագիտական մակարդակով», ըսաւ Գանտահարեան՝ աւելցնելով, որ այն իրողութիւնը, որ մեր ազգին մեծամասնութիւնը կ՛ապրի հայրենիքէն դուրս, կը յուշէ, որ առանձին գերատեսչութիւն անպայման պէտք է գոյութիւն ունենայ, հայրենակեդրոն Սփիւռքի կայացման աշխատանքները համակարգելու համար:

Ըստ «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիրին՝ հայրենադարձութիւնը գործող կառավարութեան առաջնահերթ օրակարգներէն է, որ ըստ էութեան, Սփիւռքին վերաբերող հարց է, եւ հեռանկարը պիտի ըլլայ ապահովել Սփիւռքի՝ նաեւ իրաւական դերակատարութիւնը:

Վաչէ Բրուտեան, իր կարգին նշեց, որ ինք ականատես եղած է խորհրդային տարիներուն գործող Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի՝ Սփիւռքի նկատմամբ կողմնակալ վերաբերմունքին, երբեմն՝ խորհրդային իշխանութեան վերջին տարիներուն, բարերար դերակատարութեան, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Սփիւռքի հանդէպ այլանդակ մօտեցումներուն, նաեւ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման լայնածաւալ աշխատանքներուն: Ըստ անոր՝ այս աշխատանքները միտուած էին ռազմավարական իմաստով համահայկական մեծ օրակարգ առաջադրելու:

«Այս նախարարութեան հիմնումը գործի կը լծէր համահայկական մտակառոյցը ի շահ հայութեան ու Հայաստանի ընդհանրական շահերուն: Մէկ խօսքով՝ անիկա կեանքի կոչուեցաւ լուծելու համար հայկական աշխարհի բարդ հարցերը: Ուրիշ հարց է, թէ տասնամեայ գործունէութեան ընթացքին որքանով արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը: Այսօր, բնականաբար, կարելի է քննարկել սփիւռքի նախարարութիւնը իր ռազմավարական առաջադրանքներուն յարիր քաղաքականութեամբ օժտելու խնդիրը. ճշդումնե՞ր, ճշգրտումնե՞ր, բարեփոխումնե՞ր՝ անկասկա՛ծ: Սակայն զայն լուծարելու որոշումը համահայկականութեան, հայութեան՝ ՄԷԿ ժողովուրդ ըլալլու հանգամանքի ժխտում է: Ոչ ոք իրաւունք ունի նման թեթեւսոլիկ եւ ծանծաղամիտ վերաբերմունք ցուցաբերելու ու յանգելու սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարելու որոշման: Պետութիւնը «քորփորէյշըն» չէ՛, պարոնա՛յք իշխանաւորներ, որ այդ մտածելակերպով կը վերաբերիք համազգային հարցերուն: Փաստօրէն, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ի վիճակի չեն ըմբռնելու համահայկական տարողութիւն ունեցող խնդիրներու իսկական տարողութիւնը, որովհետեւ, փաստօրէն, նման հարցերուն անոնց մօտեցումները, լաւագոյն պարագային, մակերեսային վարչարարականէն անդին չեն անցնիր», իր խօսքը ամփոփեց Բրուտեան:

horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail