13 հոկտեմբեր 2015
Օգոստոսին Սթամպուլի մէջ լոյս տեսաւ հայազգի լրագրող, գրող, հետազօտող Վերճիհան Զիֆլիօղլուի գիրքը իսլամացած հայերու մասին:
«Քաւարանի մէջ գտնուող հայերու պատմութիւնը. Մենք չենք փնտռեր ոչ Քրիստոսի, ոչ Մուհամետ մարգարէի բարեհաճութիւնը» գիրքը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց թուրք ընթերցողներու մէջ, քանի որ առաջին անգամ կը պատմուէր այն իսլամացած հայերու մասին, որոնք, չգիտնալով իրենց հայկական ինքնութեան մասին, միացած էին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK):
Հայ լրագրողին գիրքը հրատարակուած է Թուրքիոյ ամենախոշոր` «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան մէջ` նախնական 1000 օրինակ տպաքանակով: Գիրքը պիտի հրատարակուի երկրորդ անգամ` կրկին նոյն տպաքանակով: Անիկա արդէն իր հաստատուն տեղը ունի Թուրքիոյ գրախանութներու ամենապահանջուած գիրքերու դարակին մէջ:
Վերճիհան Զիֆլիօղլուն Սթամպուլի եւ Անատոլուի համալսարաններու շրջանաւարտ է, որ իր լրագրողական ասպարէզը սկսած է 1995-ին հայալեզու «Մարմարա» օրաթերթին մէջ: Նոյն տարին ան սկսած է աշխատիլ «Նոր Սան» մշակութային ամսագրի համար, այնուհետեւ տեղափոխուած է Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող ամենահին` «Ժամանակ» օրաթերթ:
Անոր յաջորդ կանգառը «Ակօս»-ի խմբագրութիւնն էր: 1998-ին միացած է Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող յառաջատար թերթերէն մէկուն` Hurriyet-ին, ուր աշխատած է մինչեւ 2007-ը, իսկ յետոյ շարունակած է աշխատանքը պարբերականի անգլիալեզու Hurriyet Daily News խմբագրութեան մէջ:
2009-ին, շահելով Frederich Naumann հիմնադրամի մրցոյթը, Վերճիհան Զիֆլիօղլուն այցելած է Հայաստան` ծանօթանալու հայաստանեան լրատուական դաշտին եւ խթանելու հայ-թրքական երկխօսութիւնը մետիա ոլորտին մէջ: Ան բազմաթիւ պարգեւներու արժանացած է եւ գիրքեր հրատարակած է արեւմտահայ պոէզիայի մասին:
Վերճիհան Զիֆլիօղլուի` իսլամացած եւ քրտական շարժման մէջ ներգրաւուած հայերու մասին պատմող գիրքը Արեւելեան Անատոլիայի մէջ անոր շուրջ 12 տարուան հետազօտական աշխատանքի արդիւնքն է, որ տարբեր տեսանկիւններէ կը պատմէ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներու եւ զրկանքներու մասին:
Գիրքին մէջ հայերը ներկայացուած են «իսլամացած» եւ «կրիպտօ» անուանումներով: Գիրքին օգնութեամբ ընթերցողը առաջին անգամ հնարաւորութիւն ունի ծանօթանալու այն հայերուն, որոնք անցեալին միացած էին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան` երբ դեռ չէին գիտեր իրենց հայկական ինքնութեան մասին:
«Երբ անոնք կը տեղեկանան այդ մասին, կը լքեն քրտական շարժումը` սկսելով հարցեր ուղղել իրենք իրենց: Անոնք արդէն լաւ պատկերացում ունին այն մասին, թէ Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման տեսանկիւնէ քիւրրերը ինչ դեր ունեցած են»,-«Մատիամաքս»-ին պատմած է Վերճիհան Զիֆլիօղլուն:
Արեւելեան Անատոլիայի մէջ հեղինակը հանդիպած է նաեւ Ցեղասպանութեան ականատես դարձած համիտեան զինուորներու, որոնց յանձնարարուած էր մասնակցիլ հայերու ոչնչացման ծրագրին: Հեղինակը հանդիպած եւ զրուցած է անոնցմէ մէկուն` 120 տարեկան Մեհմետ Էսենի հետ, որ հրաժարած էր մասնակցելէ հայերու կոտորածներուն` փոխարէնը փրկելով քանի մը հայ ընտանիք: Գիրքին մէջ Վերճիհանը կը ներկայացնէ իր զրոյցը համիտեան զինուորին հետ:
«Գիրքը հրատարակուած է թրքերէն լեզուով, քանի որ նախատեսուած է առաջին հերթին Սթամպուլի հայութեան համար, որ այսօր, ցաւօք, լաւ չի տիրապետեր հայերէնին, ինչպէս նաեւ թուրքերու լայն զանգուածի համար: Ես քաղաքական գործիչ չեմ: Ես լրագրող եմ, գրող, եւ իմ անելիքս կ՛առնչուի ոչ թէ պետութիւններուն, այլ հասարակութիւններուն»,- պատմած է լրագրողը:
Անոր խօսքով` գիրք գրելու իր նպատակը երկխօսութեան նպաստելը չէ եղած:
«դայ իմ գործը չէ: Իմ առաքելութիւնն է լրացնել, փորձել լուծել իմ ժողովրդին բաժին հասած գլուխկոտրուկը: Ես փորձել եմ պատմել նրանց հարիւրամեայ քաւարանի պատմութիւնըէ,- ասել է Վերճիհան Զիֆլիօղլուն:
Անդրադառնալով հայ-թուրքական յարաբերութիւնների ներկայ վիճակին` Թուրքիայում ծնուած եւ բնակուող հայազգի լրագրողը նկատել է, որ այս համատեքստում չի հաւատում «երկխօսութիւնէ, «կամուրջէ բառերին: Նրա համոզմամբ` թուրքական հասարակութեան շրջանում որոշ փոփոխութիւններ են նկատւում Հայոց ցեղասպանութեան ընկալման մասով, սակայն «հայէ բառը դեռեւս շարունակւում է որոշ իմաստով որպէս վիրաւորական արտայայտութիւն օգտագործուել թուրքերի շրջանում:
բայց Վերճիհան Զիֆլիօղլուն լիայոյս է. «ինչ-որ բան կը փոխուի, բայց ոչ շուտէ
http://www.yerakouyn.com/?p=91199