22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
«Ազդակ-ի ընթերցողները եւ ընդհանրապէս լիբանանահայութիւնը լաւապէս կը ճանչնան «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փորձագէտ եւ հայկական ուսումնասիրութեան «Անի» կեդրոնի համակարգող, լրագրող Թաթուլ Յակոբեանը: Անցնող 10 տարիներուն ան յաճախ հրաւիրուած է Լիբանան, մասնակցած` ՀՅԴ Հայ դատի խորհրդաժողովներուն, ունեցած է լսարաններ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, այցելած է հայկական վարժարաններ, իր հրատարակութիւններուն տպագրական աշխատանքի կարեւոր մէկ մասը իրագործուած է Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ մօտէն առնչուած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի «Արցախ ֆոնտ»-ի աշխատանքներուն ու մասնակից դարձած` անոր կազմակերպած ձեռնարկներուն եւ Արցախ այցելութիւններուն: «Ազդակ»-ի մէջ ունեցած է իր մնայուն սիւնակը եւ իր հրատարակութիւնները մինչեւ օրս կարելի է գտնել Համազգայինի գրախանութին մէջ: Ասոնց կողքին, գործի ու մտածումներու փոխանակման ճամբով, Թաթուլին հետ հաստատուած են ընկերական կապեր, եւ այդ մէկը աւելիով խորացուցած է լիբանանահայ գաղութին հետ իր ունեցած ծանօթութիւնները:
Այս բոլորին մէջ, սակայն, առկայ են քանի մը առանցքներ, որոնք հարկ է լուսարձակի տակ բերել: Առաջին` Թաթուլը ծանօթ է աւելի իր արցախեան հիմնահարցի գծով կատարած աշխատասիրութիւններով, լոյս ընծայած յօդուածներով եւ վերլուծութիւններով: Երկրորդ` իր այցելութիւններուն ընթացքին ան մնայուն շփման մէջ եղած է Լիբանանի դաշնակցական ղեկավարութեան եւ մտաւորական շրջանակներու հետ եւ քաջածանօթ է ու մի՛շտ վկայած է նաեւ անոնց առողջ մօտեցումներուն եւ լայն փորձառութիւններուն մասին: Երրորդ` Թաթուլը միշտ ալ հարազատ զգացած է դաշնակցական միջավայրին մէջ, եւ յատկապէս լիբանանեան կառոյցի ունեցած լայն փորձառութիւնը ու համայնքի կազմակերպուածութիւնը մի՛շտ ալ իր գնահատանքին արժանացած են:
Որոշ ժամանակէ մը ի վեր եւ նախքան Հայաստանի մէջ բռնկած ժողովրդային շարժումի ուժեղացումը եւ Թաթուլին` այդ շարժման աշխուժ մասնակցութիւնը` իբրեւ լրագրողը, որ այս պարագային իր բնական իրաւունքն է, սակայն մեզի համար բոլորովին անհասկանալի պատճառներով ան սկսաւ իր գրիչն ու օգտագործած խօսափողը ուղղորդել այնպիսի ոլորտներու մէջ, որոնց մասին յաճախ ինք ակնարկութիւն կատարած էր եւ` այդ երեւոյթը քննադատած: Այսօր չհասկցանք, բայց վաղը թերեւս հասկնանք, թէ ինչո՞ւ պատահեցաւ այս շրջադարձը: Երբեք պիտի չուզէինք տեսնել Թաթուլ Յակոբեանը իր հակադաշնակցականութիւն բուրող մտածումներով, այլ պիտի ուզէինք զայն տեսնել այն ոլորտին մէջ, ուր առկայ էր առողջ դիտարկումը, հասուն մօտեցումը եւ առարկայական քննադատութիւնը, թէկուզ նաեւ այդ քննադատութիւնը ուղղուած ըլլար Դաշնակցութեան հասցէին:
Այո՛, բաւական երկար ժամանակէ ի վեր, արցախեան հիմնահարցի բոլոր ծալքերը եւ անցուդարձերը առարկայականօրէն քննարկող, փակագիծները լայն բացող Թաթուլ Յակոբեանի վերլուծումներուն եւ մտորումներուն յաճախակիօրէն չենք հանդիպիր, ոչ ալ այս առնչութեամբ կը լսենք իր մտահոգութիւնները:
Թող որ վաղը պատմութիւնը վկայէ եւ իր արժեւորումը տայ այս շրջադարձին մասին: Այսօր սակայն անհրաժեշտ է որոշ պարզաբանումներ կատարել եւ կեդրոնանալ զանազան առիթներով ու միջոցներով իր կողմէ հնչող գաղափարներու վրայ, որոնք իրենց թեմաներով, թաքնուած կիրքով, անյայտ ներշնչանքով դժբախտաբար կառուցողական չեն եւ տեղ մը դարձած են տուրք մատուցող հաճոյակատարութիւն հակադաշնակցականութեան հինցած վարքագիծին: Յայտնենք, որ այս վարքագիծը որդեգրողներուն նկատմամբ ինք մօտիկ անցեալին արժեւորում կատարած էր եւ իր վերապահութիւնը յայտնած: Մենք զինք երբեք պիտի չուզէինք տեսնել այս կարգավիճակին ու մթնոլորտին մէջ:
Վերջերս նաեւ այցելեց Լիբանան` պարզաբանելու համար Հայաստանի մէջ կայացած Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները: Վերադարձէն անմիջապէս ետք «Սիվիլնեթ»-ի տուած իր հարցազրոյցը կը կարօտի որոշ պարզաբանումներու եւ յստակացումներու, որոնք կ՛արժէ առանձնացնել եւ շեշտադրել:
1.- Թաթուլ Յակոբեանին այս եւ ընդհանրապէս վերջին շրջանի հարցազրոյցներուն մէջ առկայ է Դաշնակցութեան ղեկավարութեան եւ շարքերուն միջեւ խրամատ մը տեսնելու եւ այդ խրամատը իր ոճով ընդարձակելու բռնազբօսիկ ճիգ մը: Ան, վստահ եմ, կը գիտակցի, որ խրամատ գոյութիւն չէ ունեցած եւ այսօր ալ չունի, եւ ինք քաջածանօթ է Դաշնակցութեան գործելաոճին եւ ժողովական դրութեան եւ շատ լաւ գիտէ, թէ այնտեղ հարցերը ինչպէ՛ս քննարկուած են երէկ եւ նոյն ձեւով նաեւ ինչպէ՛ս կը քննարկուին այսօ՛ր: Հետեւաբար զուր են Յակոբեանին ճիգերը` հարցերը անհատականացնելու եւ Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը թիրախաւորելու:
2.- Անոր հարցազրոյցին մէջ ի յայտ կու գայ Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը նսեմացնելու, անոր հասցէին երեւակայածին վերագրումներ հիւսելու, չըսելու համար` ամբաստանութիւններ ուղղելու ժխտական միտում մը: Արդեօք ան Լիբանանի ո՞ր փողոցին անկիւնը կամ հաստատութեան մէջ հանդիպած է մարդոց, որոնք «անսալով» Դաշնակցութեան ղեկավարութեան հրահանգին` կ՛ամբաստանեն Փաշինեանը, այսպէս ըսած, Ղարաբաղը ծախելու յանցանքով: Աւելի՛ն. ան չի վարանիր այդ մէկը որակելու արշաւ` ուղղորդուած կեդրոնի մը կողմէ:
3.- Շինծու է նաեւ այն վարկածը, որ իբր թէ Դաշնակցութիւնը Հանրապետական կուսակցութեան եւ արցախեան իշխանութեան մէկ թեւին հետ եռանկիւն կազմելով` կը փորձէ հարուածել Փաշինեանը: Ան այստեղ Դաշնակցութիւնը կ՛ամբաստանէ «Անթակոնիզմով»-ով եւ բնականաբար կ՛ահազանգէ անկէ յառաջանալիք վտանգի մասին: Թաթուլին համար յստակ է, որ Դաշնակցութիւնը ղարաբաղեան հարցին գծով բոլոր կողմերուն հետ իր մտահոգութիւնները, արժեւորումները եւ տեսլականները կիսած է անցեալին ու կը կիսէ նաեւ այսօր, եւ այդ մէկը ուղղուած չէ ոեւէ անհատի ու կողմի, այլ կը բխի հայութեան համահայկական այս նուաճումը ամրագրելու ու անխախտ պահելու առաջադրանքէն: Պէտք է հասկնալ նաեւ, որ այս փուլին առկայ են ղարաբաղեան հարցին գծով լուրջ մտավախութիւններ, այնքան ատեն որ հիմնախնդիրի եզրայանգումը տակաւին չէ կատարուած, եւ բոլոր կարելիութիւնները կը մնան բաց եւ իբրեւ այս թղթածրարի լաւատեղեակ հետազօտող, Թաթուլ Յակոբեանը վստահ ենք ներքուստ լաւապէս ըմբռնած է պահու լրջութիւնը եւ մեր կուսակցութեան այս իմաստով դրսեւորած մտահոգութեանց տուն տուող պատճառները:
4.- Ան իր հարցազրոյցին մէջ յիշեցնելով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ Դաշնակցութեան դէմ շղթայազերծուած հալածանքը, անոր` Տէր Պետրոսեանին ծաւալած դաշնակցական գործիչներու ձերբակալութիւնները եւ Ընդհանուր ժողովի ու կուսակցութեան գործունէութեան կասեցումը, Թաթուլը կը փորձէ զուգահեռներ գծել ներկայ իշխանութեանց ու դաշնակցութեան այսօրուան յարաբերութիւններուն հետ: Մինչդեռ Թաթուլին համար յստակ է, որ օրին Դաշնակցութիւնը հակադրուեցաւ ղարաբաղեան հարցի գծով Տէր Պետրոսեանի զիջումնային ազգավնաս քաղաքականութեան: Հետեւաբար այսպիսի ոլորապտոյտի մէջ հարցերու դիտարկումը չի նպաստեր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ու անոր միջազգային իրաւունքներու ու վարկի ամրագրման գործընթացին:
5.- Իրերու այս կացութեան մէջ Հայաստան-սփիւռք կապերու վատթարացման նախատեսութիւնը ղօղանջելով` Թաթուլը իր երեւակայութեան մէջ կ՛երթայ բաւական հեռու եւ որդեգրելէ ետք Փաշինեանը հարուածելու շինծու եւ իր կողմէ հնարուած մեղադրանքը, կ՛եզրակացնէ, որ այդ վարքագիծը կրնայ հասցնել հոն, ուր Դաշնակցութիւնը պոյքոթէ համահայկական նախաձեռնութիւնները եւ, այս իմաստով, վնասուին Հայաստան-սփիւռք կապերը: Այստեղ անշուշտ շրթունքի փոքր ծառայութեամբ մը կը յորդորէ Փաշինեանը` ըլլալու զուսպ իր արտայայտութիւններուն մէջ: Թաթուլը ի յառաջագունէ կը փորձէ գտնել պառակտում ստեղծող ամբաստանեալներ եւ ակամայ այսպիսի վտանգաւոր գաղափարներ զարգացնելով ու տարածելով` ինք իր շինծու խօսքով է որ կը հարուածէ այս օրերուն հացի ու ջուրի նման կարեւոր հայութեան միասնականութիւնն ու համախմբուածութիւնը` հայրենիքի գերագոյն արժէքին շուրջ:
6.- Հարցազրոյցին մէջ ան լուսարձակի տակ կ՛առնէ սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան դերը ու նշանակութիւնը եւ ընդհանրապէս աւանդական Սփիւռք հասկացողութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս յառաջ կը մղէ նոր մտածողութիւն մը: Անդրադառնալով սփիւռքի ապաքաղաքականացած զանգուածին` ան կը կարեւորէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները անհատ ներկայացուցիչներու ճամբով զարգացնելու հայրենի իշխանութիւններու վարքագիծը եւ այդ զանգուածին հետ կապերը արմատացնելու գործօնը: Այլ խօսքով, ան տողատակի կը փորձէ նսեմացնել սփիւռքը կազմակերպած ու զայն հայրենիքի հետ ամրօրէն կամրջած եւ իբր այդպիսին հայապահպանման ու Հայ դատի հետապնդման պայքարի ու աշխատանքներուն մէջ անփոխարինելի ներդրում ունեցած պատմակշիռ ու պատմադրոշմ իրողութիւն մը, որուն տակաւին հայրենիքը եւ հայութիւնը խիստ կարիքը ունին: Հետեւաբար սփիւռքի հետ յարաբերութեանց սերտաճման մէջ անհատ ներկայացուցիչներ ներառելով հանդերձ, ո՛չ մէկ ատեն կարելի է սփիւռքի հաստատութենական եւ լայն փորձառութիւն ձեռք բերած հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային, մարզական, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու կատարած գործն ու ձեռք բերած փորձառութիւնը անտեսել: Այդ մէկը բոլոր ժամանակներուն մնայուն ու կենսատու հարստութիւն է հայրենիքին ու անոր ապագայ երթին համար:
7.- Դաշնակցութեան արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն ըլլալու հանգամանքին մէջ ինքն իրեն դասատուի ու թելադրողի դերին մէջ դնելով` Թաթուլ Յակոբեանը ի յառաջագունէ կը փորձէ հանրային կարծիք ձեւաւորել եւ այս իմաստով Դաշնակցութիւնը տեսնել ժխտական դերակատարութեան մէջ:
Մենք յորդոր տալու կարիքը չունինք Թաթուլ Յակոբեանին,սակայն ինք դաշնակցական շարքերուն կատարած իր յորդորներով կը փորձէ փայփայել այն երազը` Դաշնակցութեան մէջ իր եւ այլոց կողմէ պառակտման սերմեր ցանելու ժամանակավրէպ փորձի արդիւնաւորումը: Ան կը յուսայ նաեւ ձայնակցողներ գտնել եւ` իր գաղափարներուն հաւատացողներ:
Հարցազրոյցին մէջ տեղ գտած իր մատնանշումները, ըստ երեւոյթին, ամբողջական բաւարարուածութիւն չէին տար իր միտումներուն, որովհետեւ աւելի ուշ «Անի» ուսումնասիրական կեդրոնի կայքին վրայ «Սիվիլնեթ»-ի հարցազրոյցը տեղադրելով` անոր կցած է նաեւ նոր յորդորներ եւ վերլուծումներ, համալրելով ու աւելի պայծառ դարձնելով Դաշնակցութիւնը թիրախաւորելու իր վարքագիծը:
Թաթուլ Յակոբեանը Դաշնակցութեան խորհրդարանական գործունէութեան փուլերը լուսարձակի տակ բերելով, կը կատարէ պիտակաւորումներ` յայտնելով, որ կուսակցութիւնը կորսնցուցած է իր վարկն ու հեղինակութիւնը, համագործակցած ըլլալով հայրենի իրերայաջորդ վարչակարգերու հետ:
Նուազագոյն տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, թէ որեւէ քննարկումի ընթացքին պարզացումները եւ բռնազբօսիկ նոյնացումները, երբ միտումնաւոր ու կասկածելի նպատակաուղուածութիւն ունին եւ այդ ներշնչանքով կը կատարուին, դուրս կու գան լրագրողական եւ վերլուծաբանական ընկալեալ սահմաններէն` իրենց տեղը զիջելով բանսարկութիւններու, ապակողմնորոշման տանող փորձարկումներու եւ պատմական խեղաթիւրումներու: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործունէութիւնը այսպիսի պարզացումներով ու նաեւ կիրքով քննարկելը, ինչպէս նաեւ այդ քննարկման ընթացքին անտեսելով Դաշնակցութեան տուեալ ժամանակներու որդեգրած կեցուածքներն ու քաղաքականութիւնը` հայրենիքի ու հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, նուազագոյնը ըսելու համար, յօդուածագրին կողմէ ազնիւ մօտեցում չէ:
Այս բանաձեւին պիտի չյանգէինք, եթէ Թաթուլ Յակոբեանը իր յօդուածին վերջին բաժինը չվերնագրէր` «Դաշնակցութիւնը եւս կարիք ունի թաւշեայ, անցնցում յեղափոխութեան» եւ ապա` «Ինչպէս Հայաստանն էր յոգնել Սերժ Սարգսեանից ու նրա շրջապատից, նոյն կերպ յոգնածութիւն կայ Բիւրոյի ու վերնախաւի անփոփոխ դէմքերից»: Այստեղ այլեւս պարտաւոր ենք յորդորել Թաթուլը, որ զբաղի լրագրողական եւ վերլուծական իր այլ թեմաներով եւ Դաշնակցութեան ընելիքին մասին պատգամներ չփոխանցէ:
Այո՛, Դաշնակցութիւնը երբեք չէ յոգնած իր հետեւողականութենէն` հայրենիքի ու հայութեան անմնացորդ ծառայութենէն, գաղափարական իր հաւատամքէն եւ մանաւանդ` ազգային տեսլականներու հետապնդումէն: Դաշնակցութեան ժողովները կը ճշդեն Դաշնակցութեան ընելիքը, եւ յստակ է, թէ Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին ի՛նչ ներշնչանքով կը կատարուին այս եւ նման թելադրանքներ: Թաթուլին համար պէտք է շատոնց յստակ եղայ ըլլայ, որ նման յորդորներ աւելիով զգաստ կը պահեն դաշնակցական շարքերն ու կը խորացնեն անոր շարքերուն միասնականութիւնը:
Թաթուլ Յակոբեանը ուսումնասիրած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գրականութիւնը, բաւական տեղեակ է պատմական վճռորոշ փուլերու Դաշնակցութեան գործին, խօսքին ու նուիրումի չափին: Ինք գիտէ նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը ասկէ շատ աւելի մեծ փորձութիւններու դիմաց մնացած է զգաստ ու ամրակուռ: Անոր երեւակայածին, ժխտական նախատեսութիւնները ոչ մէկ ատեն յարիր են Դաշնակցութեան համոզումներուն, գործին ու դաւանած սկզբունքներուն:
Անկեղծօրէն կ՛ակնկալենք, որ օր մը, մօտիկ ապագային, Թաթուլ Յակոբեան կը վերադառնայ իր հարազատ ակունքներուն` Դաշնակցութեան կատարած գործին ու տեսակէտներու քննարկման իր առարկայական արժեւորումներուն եւ իբրեւ անկախ լրագրող` լուսարձակի տակ կ՛առնէ, թէկուզ` քննադատութիւններով, Դաշնակցութեան վարքագիծն ու գործունէութիւնը: Մինչ այդ անհրաժեշտ կը գտնենք պատասխանելու անոր այս փուլին կատարած ամբաստանութիւններուն ու տեսակէտներուն, որ այդքան ալ հաճելի չէ մեզի համար: Եւ արդէն մեր շարքերը ու մանաւանդ ժողովուրդը ընդհանրապէս այսպիսի հնամաշ ոճով կիրարկուող հակադաշնակցական պայքարի մասին շատոնց տուած են իրենց արժեւորումը:
Թող Թաթուլ Յակոբեանը անհոգ ըլլայ, Դաշնակցութինը գիտէ իր ընելիքը եւ այդ ընելիքը, ինչպէս անցեալին, նոյնպէ՛ս այսօր կը բխի մէկ ու ամբողջական հայութեան եւ հզօր Հայաստանի շահերէն ու տեսլականէն:
aztagdaily.com/archives/421044