Խոհեր Եւ Մտածումներ Հրայր Մարուխեանէն

21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

… Իսկ եթէ գայ այն օրը, երբ ժողովուրդը այնպէս փափաքի, որ Դաշնակցութիւնը անցնի իշխանութեան գլուխ, ապա այն ատեն մենք պիտի վերցնենք այդ պարտականութիւնը եւս: Բայց իշխանութիւնը երբե՛ք նպատակ չէ եղած Դաշնակցութեան համար: Չէ եղած նոյնիսկ 1918-ին, երբ անկախութիւնը չոքեց մեր վրայ, եւ ժողովուրդը ըսաւ Դաշնակցութեան «ե՛կ ղեկավարէ», եւ եկաւ ու ղեկավարեց: Դաշնակցութիւնը իշխանութեան հասնելու համար չէ, որ այս բոլորը կ՛ընէ այլ` իշխանութեան նպաստելու համար:

***

… Մենք մեր ձեռքը կ՛երկարենք համայն հայութեան, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, որպէսզի միասին դիմագրաւենք մեր ժողովուրդի ճակատագրի դէմ գործող ուժերը, որպէսզի վաղը Արցախի ճակատագիրը միասին յաջողինք իր վերջնական լուծումին հասցնել, որպէսզի գեղեցիկ օր մը մեր հայրենիքի մէջ միասին`  Դաշնակցութեամբ, Ռամկավարով, Հնչակեանով, Բարեգործականով, ՀՕՄ-ով, բոլորո՛վ, բոլորո՛վ կարելի ըլլայ անցընել այս ճգնաժամը, ազգային խոր գիտակցութեամբ անդրադառնալ, որ ժամանակն է ազգային միասնութիւնը արժեցնելու եւ նորաստեղծ անկախ հանրապետութեան ամրակայումը խօսքի սահմաններու մէջ չպահելու, այլ իրապէս զայն իրագործելու` զուգահեռաբար ընդունելով այն սկզբունքը, որ վարչակարգերը գնայուն են, իսկ ժողովուրդն ու հայրենիքը` մնայուն… Հայրենիքը` մեր միասնական կամքով զօրացած, ձեռք-ձեռքի տալով հզօրացած` օրըստօրէ ա՛լ աւելի ամրակայէ իր գոյութեան, իր ժողովրդավարութեան եւ անկախութեան կռուանները:

***

Հրայր Մարուխեան, Սարգիս Զէյթլեան, Երուանդ Փամպուքեան եւ Վաչիկ Ղարաբեկեան- Աղբալեան ակումբի մուտքին

… Ահա այդ տիեզերական նշանակութիւն ներկայացնող սկզբունքներն են, որոնք ընդօրինակումի գնով պէտք է ներառուին ազգային-պետական մեր սահմանադրութեան մէջ` կազմելով անոր առանցքային տրամադրութիւններէն մէկը: Հիմնական այդ սկզբունքներէն կարեւորագոյնը օրէնսդիր, գործադիր, եւ դատական իշխանութեանց տարանջատման հասկացութիւնն է:

… Ժողովուրդի ազատ կամքով ընտրուած իշխանութիւնը, երբ հիմնուած է երեք` մէկը միւսին հսկող ու հաւասարակշռող, մէկը միւսը լրացնող առանցքային կառոյցներու վրայ, այդ պարագային, միայն այդ պարագային ժողովրդավարութեան կենսահաստատ առաջադրանքները իրականանալու կարելիութիւն ունին, եւ բացառաբար այդ իրողութեամբ է, որ ժողովուրդը կարող է վայելել իրապէս ազատ եւ անկաշկանդ կեանքի բարիքները:

«Ազգն ու հայրենիքը վեր են իշխանութեան, նախագահի, կուսակցութիւնների շահերից: Մենք պարտաւոր ենք ձեռք-ձեռքի տալով` հայոց պատմութեան այս բախտորոշ պահին միասին լուծել հայութեան դէմ ցցուած ազգային, քաղաքական եւ տնտեսական մերօրեայ կնճիռը, միասին կռուել ազգային չարիքի դէմ եւ համայն ազգն ու Հայաստանը փրկել նոր փորձանքներից: Եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս միշտ, այժմ էլ պատրաստ է ստանձնելու իր պատմական պատասխանատուութիւնը»:

***

Սահմանադրութիւնը, իր տրամադրութիւններու համահայկական իրականութեան հետ անխզելի կապակցութեամբ, պէ՛տք է հայութեան ուժի միասնութեան գրաւականը եւ խորհրդանիշը դառնայ: ՀՀ-ի ազգային-պետական սահմանադրութիւնը պէտք է կարողանայ առանցքային բնոյթ կրող տրամադրութեամբ մը` մէկ ազգի եւ մէկ հայրենիքի համոզումը յառաջացնել հայրենաբնակ թէ արտերկրի հայութեան բոլոր շրջանակներուն մէջ:

Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի մեր ժողովուրդին կը մնայ արթուն ըլլալ եւ ընել այնպէս, որ ունենանք հայութեան արժանապատուութիւնը բարձր պահող լաւագոյն սահմանադրութիւնը: Ընել այնպէս, որ սերունդներ հպարտանան ՀՀ-ի ազգային-պետական սահմանադրութեան ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ ազգային արժէքով: Ընել այնպէս, որ հայ ազգը կարողանայ պարծենալ ժողովրդավարական լիցք ունեցող իր ուրոյն սահմանադրութեամբ:

Սահմանադրութիւն, որուն հիմամբ «խոկումէն ծնող ընտրանքի կարելիութեամբ», կեանքի կը կոչուի ըստ ամենայնի ժողովրդավար կառոյցով կառավարութիւն մը, ոչ թէ «պատահականութեան եւ ուժի տրամաբանութենէն ծնող» հակաժողովրդավար իշխանաւորներու խումբ մը:

aztagdaily.com/archives/420863

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail