Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով (Բ. Մաս)

Վանի այգեստանը

23 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2017 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ: -//ՆԱԽՈՐԴԸ//:

Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան

Այ­սօր, պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի այս շրջան­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ բնա­կո­ւած են քիւր­տե­րով, տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ բնակ­չագ­րա­կան նոր դի­մա­գիծ ու նկա­րա­գիր մը հաս­տա­տե­լով։ Պատ­մա­գէտ­ներ կը հա­ւա­տան, թէ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը պատ­մա­կան ու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով հա­յու­թեան ա­մէ­նէն մեծ վնա­սը կրեց, քա­նի ա­նոր կո­րուս­տի ծա­ւա­լով ու տա­րո­ղու­թեամբ՝ քա­նի մը բա­ներ կոր­սո­ւե­ցան հա­յու պատ­մու­թեան մէջ։

Նախ՝ հա­յու ինք­նու­թիւ­նը այդ շրջա­նէն ներս։ Երկ­րորդ՝ այդ ինք­նու­թեան բնո­րոշ կեր­պարն ու տե­սա­կը, որ այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նի։ Ա­պա՝ լե­զուն, բար­բա­ռը, իւ­րա­յա­տուկ ա­ւան­դու­թիւ­նը, ա­նոնց փաս­տա­թուղ­թերն ու ար­խիւ­նե­րը, գոյ­քե­րը, ե­կե­ղե­ցի­ներն ու վան­քե­րը, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան կեդ­րոն­նե­րը, օ­ճախ­նե­րը։

Ա­սոնք ան­մի­ջա­կան վնաս­ներն են, ո­րոնց տե­սա­կը ոչն­չա­ցած է, կա­րե­լի չէ այ­լեւս վե­րա­կանգ­նել։ Բայց կան նաեւ ոչ ան­մի­ջա­կան վնաս­ներ, ո­րոնք ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ ու ա­նոնց բազ­մա­տե­սակ հե­տե­ւանք­նե­րով վե­րա­ցան։ Չ­կա՜ն այ­լեւս։ Ա­նոնց յի­շա­տակն իսկ ջնջե­լու ճիգ կայ։

Այս բո­լո­րը ան­շուշտ՝ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի վրայ հիմ­նո­ւած վնա­սուց հա­տու­ցու­մի ա­ռաջ­նա­կարգ հարց մը կը դնէ հա­մայն հա­յու­թեան առ­ջեւ։

Ժա­մա­նակն է հա­շո­ւի նստե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան մշա­կու­մի ո­լոր­տի մը նոր հան­գա­մանք­նե­րուն հետ, մա­նա­ւանդ ուղ­ղա­կիօ­րէն ­Թուր­քիոյ հետ, որ­պէս տու­ժած հա­յու­թիւն, որ­պէս տու­ժած Հա­յաս­տան, որ­պէս տու­ժած ս­փիւռք եւ հա­մա­հայ­կա­կան հայ­րե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րով ու ար­հես­տա­վարժ ե­ղա­նա­կով հե­տապն­դե­լու հա­մար մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը, ի­րա­ւա­կան հար­թակ­նե­րու վրայ։

***

Ե­կէք խօ­սինք մեր ներ­կա­յի տա­րան­ջա­տող պատ­կե­րին մա­սին։

Հա­սա­րա­կա­կան զար­գաց­ման ի­մաս­տով թուրք պե­տու­թիւ­նը յստակ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը կի­րար­կէ հոն, եւ մե­ծաւ մա­սամբ լքած ու տնտե­սա­պէս ան­տե­սած է տա­րա­ծաշր­ջա­նը։ Այդ մէ­կը կը զգաս ան­մի­ջա­պէս, երբ թրքաբնակ շրջա­նէ մը կ­’անց­նիս քրտաբ­նակ յա­րա­կից շրջան մը։

Ի­րենց կար­գին, քիւր­տե­րը, ուղ­ղա­կի թէ ա­նուղ­ղա­կի հա­զա­րու­մէկ ձե­ւեր կ­’որ­դեգ­րեն, որ­պէս­զի ի­րենց բնա­կած տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րուն մէջ բա­ցար­ձա­կա­պէս թուր­քեր չապ­րին, թրքա­կան փո­խա­րի­նա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը չէ­զո­քաց­նե­լու, առ­նո­ւազն նո­ւա­զեց­նե­լու լռե­լեայն մի­տու­մով։

Կա­րե­լի է հաս­տա­տել, թէ այս մէ­կը մեծ չա­փե­րով յա­ջող­ցու­ցած են։ ­Բա­ցի բա­նա­կէն, բա­ցի ոս­տի­կա­նու­թե­նէն եւ կարգ մը պե­տա­կա­նօ­րէն լիա­զօ­րո­ւած հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նեա­նե­րէն, ոե­ւէ թուրք ապ­րե­լու հա­մար այդ շրջան­նե­րը չ­’ընտ­րեր, չի նա­խընտ­րեր։ Քիւր­տե­րը, սու­սիկ-բու­սիկ, ճնշու­մի մատ­չե­լի եւ ան­մատ­չե­լի մի­ջոց­ներ կը ստեղ­ծեն, որ­պէս­զի թուր­քը հոն չհաս­տա­տո­ւի, կամ՝ հաս­տա­տո­ւե­լու ընտ­րան­քին չհա­մար­ձա­կի յա­ռա­ջա­նալ։

Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին, այն­պի­սի «զար­մա­նա­լի» վե­րա­բե­րում կ­’որ­դեգ­րո­ւի են­թա­կա­յի մը, կամ ա­նոր ըն­տա­նի­քին հան­դէպ, որ կարճ ժա­մա­նակ վերջ կը լքէ ու կը հե­ռա­նայ շրջա­նէն։ ­Հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին, քրտաբ­նակ շրջան­նե­րու մէջ գոր­ծող վար­ժա­րան­նե­րու մէջ քրտե­րէն դա­սա­ւան­դե­լը բա­ցար­ձա­կա­պէս ար­գի­լո­ւած է։ Ա­սոր փո­խա­րէն ա­ւել­ցած են թրքա­կան դրօ­շակ­նե­րը, իբ­րեւ ճնշող մի­ջոց՝ դրօ­շի ճամ­բով պե­տա­կա­նու­թեան փո­խար­ժէք պատ­կա­նե­լիու­թիւն պար­տադ­րե­լու հա­մար։

Իւ­րա­քան­չիւր քա­ղաք, գիւ­ղա­քա­ղաք թէ գիւղ մուտք գոր­ծե­լու պա­րա­գա­յին, մայ­րու­ղի­նե­րու կամ ճա­նա­պարհ­նե­րու վրայ, հսկայ պաս­տառ­նե­րով կը նշո­ւի տո­ւեալ վայ­րին ա­նու­նը, բնակ­չու­թեան թի­ւը եւ ճա­նա­պարհ­նե­րու շա­րու­նա­կու­թեան տար­բեր ու զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը։

Այս տո­ւեալ­նե­րը՝ թրքաբ­նակ շրջան­նե­րու պա­րա­գա­յին, հիմ­նո­ւած կ­’ըլ­լան վի­ճա­կագ­րա­կան պաշ­տօ­նա­կան կամ կի­սա­պաշ­տօ­նա­կան մար­դա­հա­մար­նե­րու ար­դիւնք­նե­րու վրայ։ Քր­տաբ­նակ շրջան­նե­րու պա­րա­գա­յին, քա­ղա­քա­կան ու բնակ­չագ­րա­կան յստակ, քո­ղար­կո­ւած ու մի­տում­նա­ւո­րօ­րէն այ­լա­փո­խո­ւած թի­ւե­րու վրայ։

Տանք օ­րի­նակ­ներ։ ­Կարս քա­ղա­քին հա­մար կը տրո­ւի 800.000 բնակ­չու­թեան թիւ, մինչ­դեռ կը գնա­հա­տո­ւի թէ քա­ղա­քի ու շրջա­կայ գիւ­ղե­րու բնակ­չու­թեան թի­ւը կը հաս­նի 1.200.000ի։ Տիար­պէ­քիրն ալ կը ներ­կա­յա­ցո­ւի 800.000 բնակ­չու­թեամբ, մինչ­դեռ ա­նոր թի­ւը կը հաս­նի 2.500.000ի։ ­Միեւ­նոյնն է պատ­կե­րը Աղ­րըի (Ա­րա­րատ), որ կը ներ­կա­յա­ցո­ւի 170.000, մինչ­դեռ կը գնա­հա­տո­ւի 250.000։ Եւ դեռ շարք մը քրտաբ­նակ շրջան­նե­րու, ինչ­պէս ­Մու­շի։ ­Հոս փա­կա­գիծ մը բա­նանք ու քիչ մը խօ­սինք ­Մու­շի մա­սին։

Մեր պատ­մու­թեան 5րդ ­դա­րուն ­Մու­շի դաշ­տը, կամ պատ­մա­կան ­Տա­րօ­նի գա­ւա­ռը, Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի իր տա­րած­քով, մեծ դեր խաղ­ցած են հա­յու­թեան կրթա­կան ու մտա­ւո­րա­կան շարժ­ման մէջ։ ­Հոն տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­րե­րու գիւ­տը, ­Սուրբ ­Գիր­քի թարգ­մա­նու­թիւ­նը եւ ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւի եւ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի պէս մար­դիկ, Ա­թէն­քի, Բիւ­զան­դիո­նի եւ Ա­ղեք­սանդ­րիոյ մտա­ւոր կեդ­րոն­նե­րու մէջ ի­րենց ստա­ցած ուս­մամբ, հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լով, լու­սա­միտ ա­շա­կերտ­ներ պատ­րաս­տե­ցին, ինչ­պէս՝ Եզ­նիկ ­Կող­բա­ցին, ­Ղա­զար Փար­պե­ցին, ­Կո­րիւն Ս­քան­չե­լին, եւ դեռ ի­րենց յա­ջորդ­նե­րը՝ ­Փաւստոց ­Բիւ­զան­դը, ­Մով­սէս Խո­րե­նա­ցին, Ե­ղի­շէն, ­Դա­ւիթ Ան­յաղ­թը, Ա­գան­թան­գե­ղո­սը, որ գոր­ծե­ցին կրթու­թեան, գրա­կա­նու­թեան, թարգ­մա­նու­թեան, գի­տու­թեան ծաղ­կուն բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս, ո­րոնք՝ յա­ջոր­դող դա­րե­րուն ի­րենց գոր­ծը շա­րու­նա­կե­ցին Ա­նա­նիա ­Շի­րա­կա­ցի, ­Սե­բէոս Ե­պիս­կո­պոս, Յով­հան Օձ­նե­ցի, Ս­տե­փա­նոս ­Սիւ­նե­ցի, ­Թով­մաս Արծ­րու­նի, Ս­տե­փա­նոս Ա­սո­ղիկ ­Տա­րօն­ցի, Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցի, Ա­րիս­տա­կէս ­Լաս­տի­վերտ­ցի, ­Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լի, ­Ներ­սէս ­Լամբ­րո­նա­ցի եւ կի­լի­կե­ցի­նե­րէն՝ Գ­րի­գոր Տ­ղայ ­Կա­թո­ղի­կոս, Սմ­բատ ­Գունդս­տա­պըլ, ­Հե­թում ­Պատ­միչ, ­Վար­դան Այ­գեկ­ցի, ­Կոս­տան­թին եւ ­Թո­րոս ­Ռոս­լին, ­Սար­գիս ­Պի­ծակ եւ ա­ւե­լի վերջ ալ Գ­րի­գոր Տա­թե­ւա­ցի։

Մու­շը ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ քա­ղաք էր. հոն կը գտնո­ւէին հինգ ե­կե­ղե­ցի­ներ, հինգ դպրոց­ներ, բազ­մա­թիւ միու­թիւն­ներ, հո­գե­ւոր կեդ­րոն­ներ, ո­րոնք գոր­ծե­ցին մին­չեւ 1923 թո­ւա­կա­նը։

Մու­շի մէջ էր նաեւ հե­ղի­նա­կա­ւոր ուխ­տա­վայր ­Սուրբ ­Կա­րա­պե­տը, կա­ռու­ցո­ւած Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւոր­չի կող­մէ 4րդ ­դա­րուն, ինչ­պէս նաեւ քա­նի մը վան­քեր, ո­րոնց­մէ մաս մը կը պա­հէր գի­շե­րօ­թիկ դպրոց։ ­Հոն կը գտնո­ւէին նաեւ ­Մա­մի­կո­նեան տոհ­մի՝ պար­սիկ­նե­րու դէմ 451ին կա­յա­ցած բո­լոր ճա­կա­տա­մարտ­նե­րուն մէջ հրո­սա­կա­յին կռիւ­ներ մղած ­Մու­շեղ եւ ­Վա­հան Մա­մի­կո­նեան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ­Գայլ ­Վա­հա­նի գե­րեզ­ման­նե­րը։ ­Մու­շէն ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցի տե­ղա­փո­խո­ւած են մեր սա­սուն­ցի ան­զու­գա­կան ֆե­տա­յի ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի (1871-1907) եւ այլ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րու ա­ճիւն­նե­րը։

1860ին Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ եւ ­Գա­րե­գին Եպսկ. Ս­րո­ւանձ­տեանց (1840-1892) Մ­շոյ ­Սուլ­թան Սուրբ ­Կա­րա­պետ վան­քին մէջ խմբագ­րե­ցին «Ար­ծո­ւիկ ­Տա­րօ­նոյ» թեր­թը, իբ­րեւ շա­րու­նա­կու­թիւն ­Վա­րա­գայ վան­քին մէջ նա­խա­պէս հրա­տա­րա­կո­ւած «Ար­ծո­ւի Վաս­պու­րա­կա­նի» հան­դէ­սին։

Հոս՝ ա­ւե­լորդ չենք հա­մա­րեր նշե­լու, որ 1886ին կա­ռու­ցո­ւած Մ­շոյ ­Սուլ­թան Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին ա­ւար­տե­լով, ­Տա­րօ­նէն գաղ­թած հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի հայ պան­դուխտ­ներ հե­տա­գա­յին Յու­նաս­տան հաս­տա­տո­ւե­լով, ծո­վե­զեր­քէն շալ­կո­ւած քա­րե­րով շի­նած են Ա­լեք­սանդ­րու­պոլ­սոյ (թրքա­կան ու պուլ­կա­րա­կան տի­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին կը կո­չո­ւէր ­Տէ­տէա­ղաճ, ինչ­պէս Գո­մո­թի­նին կը կո­չո­ւէր ­Կիւ­միւլ­ճի­նա) ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին։

Սուրբ ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին կը գոր­ծէ մին­չեւ այ­սօր, ինչ­պէս ա­նոր կից՝ ­Տա­րօ­նեան վար­ժա­րա­նը։ Շր­ջա­նի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դը, 20ա­մեակ մը ա­ռաջ, իր շա­բա­թօ­րեայ ­Ծաղ­կոց վար­ժա­րանն ալ կո­չեց ­Տա­րօ­նեան։ Ա­նու­նը ի զօ­րու է մին­չեւ այ­սօր։ ­Հա­մայն­քի կրթա­կան տա­րեգ­րու­թեան մէջ իր նշա­նա­կա­լի հետ­քը ձգած է բա­նաս­տեղծ ու ե­րա­ժիշտ ­Գէորգ Կառ­վա­րենց, որ այս քա­ղա­քին մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րած է 6 տա­րի 1924-1930։ ­Կառ­վա­րենց այդ տա­րի­նե­րուն հիմ­նեց նաեւ ­Տա­րօ­նեան Ե­րի­տա­սար­դաց ­Միու­թիւ­նը, «­Հայ Ք­նար» երգ­չա­խում­բը եւ նոյն ա­նո­ւամբ պար­բե­րա­թերթ մը։

Ա­ւելց­նենք նաեւ, որ երբ ձեռ­նար­կո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանդ­րու­պոլ­սոյ Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ շի­նու­թեան, հոն հաս­տա­տո­ւած հին պան­դուխտ­նե­րէն միա­կը, որ վե­րապ­րե­ցաւ այդ տա­րի­նե­րուն, Մ­խի­թար ­Մա­մի­կո­նեանն էր, ո­րու ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­նե­րը Ա­շոտն ու Թա­գու­հին, շա­րու­նա­կե­լով ի­րենց հօր գոր­ծը մեր ազ­գա­յին ու կու­սակ­ցա­կան կեան­քին մէջ, «Ա­զատ Օր»ի բա­րե­րա­րու­թեամբ յատ­կան­շո­ւե­ցան։

Վե­րա­դառ­նա­լով ­Մու­շին, նշենք, որ հոն կը գոր­ծէ նաեւ Ա­ռա­քե­լոց վան­քը, կա­ռու­ցո­ւած 4րդ դա­րուն, 312 թուա­կան, որ ծա­նօթ է որ­պէս ­Թարգ­ման­չաց սե­րուն­դի գե­րեզ­մա­նա­տե­ղի։ ­Վան­քի ա­րե­ւե­լեան պա­տին վրայ կան խա­չար­ձան­ներ եւ գե­րեզ­մա­նա­քա­րեր 5րդ ­դա­րու ա­նո­ւա­նի­նե­րէն՝ Ղա­զար ­Փար­պե­ցիի, ­Դա­ւիթ Ան­յաղ­թի, ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցիի եւ ու­րիշ­նե­րու։ Այս ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մա­սին չա­փա­զանց օգ­տա­կար տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղած ենք բա­նաս­տեղծ ­Սօս ­Վար­դա­նեա­նի «Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի վան­քե­րը» աշ­խա­տու­թե­նէն։

Շա­րու­նա­կե­լով ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը նշենք, որ ­Վան-­Մու­շի մէջ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ ­Պիթ­լի­սի (­Բա­ղէշ-պատ­մա­կան ­Սալ­նա­ձորն է), ո­րու հայ­կա­կան նա­հան­գի սահ­ման­ներն էին ա­րե­ւել­քէն՝ Վա­նայ լի­ճը, հիւ­սի­սէն՝ ­Պին­կէօ­լը (­Բազ­մաղ­բիւր), հա­րա­ւէն՝ ­Տիգ­րիս գե­տը, իսկ ա­րեւ­մուտ­քէն ալ՝ ­Տաւ­րո­սեան լեռ­նե­րը։ ­

Պիթ­լի­սը միայն, ու­նե­ցած է հայ­կա­կան 4 ե­կե­ղե­ցի, ուր 17րդ ­դա­րուն գոր­ծած է ­Բար­սեղ Աղ­բա­կե­ցին, դա­սա­ւան­դե­լով մա­տե­նա­գի­տու­թիւն, փի­լի­սո­փա­յու­թիւն, ճար­տա­սա­նու­թիւն ու քե­րա­կա­նու­թիւն։ ­Հոս՝ թուր­քե­րը ու­նե­ցած են 15 մզկիթ, իսկ հա­յե­րը 7 դպրոց, ո­րոնց­մէ մէ­կը բո­ղո­քա­կա­նաց։

Պիթ­լի­սէն շա­րու­նա­կա­բար կը գտնուի ­Մա­նազ­կեր­տը, Ար­ճէ­շը, Ա­լաշ­կեր­տը, Ա­նին, ­Վան-­Տոս­պը, Վա­րա­գի, ­Շա­տա­խի, ­Մոկ­սի, Էրզ­րու­մի (­Կա­րին) շրջան­նե­րը։ ­Տա­կա­ւին, բո­լո­րո­վին բնաջն­ջո­ւած ու քան­դո­ւած զուտ հա­յաբ­նակ Այ­գես­տա­նի կող­քին կա­ռու­ցո­ւած նո­րաս­տեղծ քա­ղաք մը, Պա­յա­զի­տը, Երզն­կան, ­Բա­սէ­նը, Ս­վա­զը, ­Խար­բեր­դը։

Վա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան օ­րե­րուն (1915), Այ­գես­տա­նի մէջ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը տե­ղա­կան փոք­րիկ հայ­կա­կան պե­տու­թիւն մը կազ­մած էր։

Խ­նու­սի, ­Բայ­բուր­դի, Գ­ղի լեռ­նա­յին թէ դաշ­տա­յին մեծ թէ փոքր գա­ւառ­նե­րու, մարզ­պե­տու­թիւն­նե­րու, զար­գա­ցած կամ ոչ, երկ­րա­գոր­ծա­կան կամ ոչ, խաշ­նա­րա­ծու­թեամբ զբա­ղող կամ ոչ այլ շրջա­նէն իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր պատ­մու­թիւ­նը։

Ան­ցեա­լին, ա­ռաջ­նոր­դա­րան­նե­րու, ծխա­կան քա­հա­նա­նե­րու, գիւ­ղե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ տե­ղա­կան հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րու թո­ւա­քա­նա­կա­յին տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, ­Վա­նի նա­հան­գի հայ բնակ­չու­թեան թի­ւը կը հաս­նէր 103.000ի, ­Պիթ­լի­սի նա­հան­գի­նը 154.000ի, Էրզ­րու­մի նա­հան­գի­նը 160.000ի։ Աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը, բնակ­չու­թեան թի­ւը, ի­րենց ու­ղե­ցոյց էր, նաե՛ւ պատ­մու­թիւն։

Յի­շեց­նենք, որ 1878ին ­Պեր­լի­նի վե­հա­ժո­ղո­վին, Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած շրջա­նի հա­յու­թեան թի­ւը կը հաս­նէր 1.330.000ի, իսկ մահ­մե­տա­կան­նե­րու­նը՝ 530.000ի։ ­Յի­շեց­նե­լու հա­մար, նշենք, որ ­Պեր­լի­նի վե­հա­ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցած էր Անգ­լիոյ ջան­քե­րով եւ ­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ ­Պիս­մար­քի նա­հա­գա­հու­թեամբ եւ ա­նոր կը մաս­նակ­ցէին մեծ պե­տու­թիւն­ներ՝ ­Ռու­սիա, Ֆ­րան­սա, Բ­րի­տա­նիա, ­Գեր­մա­նիա, Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիա եւ ­Թուր­քիա։

1896ի պաշ­տօ­նա­կան վի­ճա­կագ­րու­թեան հա­մա­ձայն, հայ­կա­կան 6 նա­հանգ­նե­րու (­Վան, Պիթ­լիս, Էրզ­րում, Ս­վազ, ­Խար­բերդ, ­Տիար­պէ­քիր) մէջ ապ­րող հա­յե­րու թի­ւը կը հաս­նէր 613.000ի։ Այս թի­ւին վրայ պէտք է ա­ւելց­նել առ­նո­ւազն 20 առ հա­րիւր, տրո­ւած ըլ­լա­լով որ թրքա­կան վի­ճա­կագ­րու­թիւն­նե­րը, -ինչ­պէս այ­սօր քիւր­տե­րու պա­րա­գա­յին, ան­ցեա­լին ալ հա­յե­րու, նո­ւազ թի­ւե­րով ու հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով կը կազ­մո­ւէին։ ­Հա­յե­րը՝ 613.000ին դի­մաց կը հան­դի­սադ­րէին ի­րենց թի­ւը, որ կը գնա­հա­տո­ւէր 736.000ի։ Իսկ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն յե­տոյ, հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան առ­նո­ւազն 50 առ հա­րիւ­րը՝ չէ­զո­քա­ցո­ւե­ցաւ։

Հարց կը ծա­գի. մնա­ցեալ­նե­րը ո՞ւր կը գտնո­ւին։ ­Թո՛ղ պա­տաս­խա­նեն թուր­քե­րը։

Ի­րենց ար­մատ­նե­րուն վե­րա­դառ­նա­լու ե­րա­զով ապ­րող քրտա­կան բնակ­չու­թեան տո­ւեալ­նե­րով, ա­նոնք այ­սօր ­Թուր­քիոյ մէջ կը գնա­հա­տո­ւին 25 մի­լիո­նի շուրջ։ Թր­քա­կան աղ­բիւր­ներ կը խօ­սին 10 մի­լիո­նի մա­սին։ ­Սու­րիոյ, Ի­րա­քի, ­Պարս­կաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող քիւր­տե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւը կը գնա­հա­տո­ւի 40 մի­լիո­նի շուրջ։

Ի՛նչ ալ ըլ­լայ, թի­ւե­րը եր­կու կող­մե­րէն ալ կը փո­խո­ւին, ի­րենց ճիշդ թէ սխալ, կամ նոյ­նիսկ չա­փա­զան­ցո­ւած հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով։

Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ քրտաբ­նակ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան թի­ւին նո­ւա­զու­մը կը կա­տա­րո­ւի զուտ ընտ­րա­կան մի­տում­նե­րով, որ­պէս­զի թի­ւե­րը ուղ­ղա­կիօ­րէն խար­դա­խե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը միշտ առ­կայ ըլ­լայ։

Ինչ կը վե­րա­բե­րի մեր անդ­րա­դար­ձած պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին գտնո­ւող ե­կեղ­եցի­նե­րուն, վան­քե­րուն եւ հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րուն, բո­լո­րո­վին լքո­ւած ու մի­տում­նա­ւոր կեր­պով ան­տե­սո­ւած են թուրք պե­տու­թեան կող­մէ, որ­պէս­զի ա­նոնց վրա­յէն անգ­թօ­րէն անց­նի ժա­մա­նա­կի ու մո­ռա­ցու­թեան փո­շին եւ ա­նոնք բնա­կան ճամ­բով փճա­նան եւ պատ­մու­թեան հետ­քե­րը ջնջո­ւին։

Այդ­պի­սով է դժբախ­տա­բար, որ կը խան­գա­րո­ւին պատ­մա­կան վա­ղե­մու­թեան ժամ­կէտ­նե­րը, եւ հին եւ նոր եւ խրա­խու­սո­ւած եւ չյար­գո­ւած։
Հա­յու կամ­քը բա­ւա­րար չէ միայն հա­յու պատ­մու­թեան ող­բեր­գա­կան է­ջե­րը սրբագ­րե­լու հա­մար։

Ո­մանք կը մոռ­նան, սա­կայն, որ պատ­մու­թիւ­նը բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ կա­պեր ու­նե­ցած է եւ ու­նի, պատ­մու­թեան եւ պատ­մա­կան մտա­ծո­ղու­թեան հետ։

Ս­փիւռ­քը, սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը, պատ­մա­կան դէպ­քե­րու հե­տե­ւան­քով գո­յա­ցած ի­րո­ղու­թիւն մըն է, որ պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ, ուս­տի ա­ռաջ­նա­կարգ ու­շադ­րու­թեան ու կա­րե­ւո­րու­թեան կը կա­րօ­տի։ ­Հա­յու­թիւ­նը ի­րար կա­պող գլխա­ւոր ազ­դա­կը պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ, զայն վե­րա­ծե­լով հա­յու ինք­նու­թեան հիմ­քի։ ­

Պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնն է որ դուրս պի­տի բե­րէ տա­րա­գիր ու տարտղ­նո­ւած հա­յը զո­հի ու ջար­դո­ւա­ծի վի­րա­ւոր հո­գե­բա­նու­թե­նէն, որ­մէ նոր սե­րուն­դը պէտք է ձեր­բա­զա­տո­ւի իր պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը ա­ւե­լի ա­մուր հի­մե­րու վրայ հաս­տա­տե­լու հե­ռան­կա­րով։

Ի­րա­ւուն­քը կը հիմ­նո­ւի ու­ժի վրայ։ ­Բո­լորս գի­տենք այդ մէ­կը։

Մեր հե­տապն­դած ի­րա­ւուն­քը անձ­նա­գիր կը փնտռէ։

Այս ե­րե­ւոյթ­նե­րը պա­տա­հա­կան չեն, երբ ­Թուր­քիոյ մա­սին կը խօ­սինք։ ­Հի­մա մենք՝ ո՞ր մէ­կու մա­սին կը խօ­սինք սա­կայն։ ­Թուր­քիան չյա­ջո­ղե­ցաւ իր եր­կի­րը քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ձու­լա­րա­նի մը վե­րա­ծել, քա­նա­կի ու ո­րա­կի խտրու­թիւն դնել։ ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քակր­թա­կան մո­զա­յի­քին մէջ հա­յե­րը, փոքր թէ մեծ, խճան­կար մը դրած են, մշա­կոյ­թը իր ընդ­հա­նու­րին մէջ հսկայ խճան­կա­րի մը վե­րա­ծե­լով։

***

Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ա­մէ­նէն նշա­նա­ւոր ու ծա­նօթ վան­քե­րէն մէկն է ­Վա­րա­գան, ո­րու ա­նու­նը սեր­տօ­րէն կա­պո­ւած է Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի ա­նո­ւան հետ։ ­Ծա­նօթ է, որ 1860ա­կան­նե­րուն ­Հայ­րի­կին կող­մէ հինգ տա­րո­ւայ տե­ւո­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կո­ւե­ցաւ «Ար­ծիւ Վաս­պու­րա­կան Աշ­խար­հին» լրագ­րի հրա­տա­րա­կու­թեան, վան­քի տպա­րա­նին մէջ, որ փա­կո­ւած է 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը։

Վա­րա­գայ վան­քի բար­ձուն­քի կա­տա­րին, կայ նաեւ Ս. Գ­րի­գո­րի վան­քը, որ ա­ւե­րո­ւած է 1648ի երկ­րա­շար­ժին պատ­ճա­ռով եւ այ­նու­հե­տեւ վե­րա­նո­րո­գո­ւած չէ։ ­Հա­յոց ­Ձո­րի սահ­մա­նէն սկսող Ար­տոս լե­րան փէ­շե­րուն (­Վան) գա­ւա­ռա­կեդ­րոն Ոս­տան ա­ւա­նի մէջ կայ Ս. Ն­շա­նի վան­քը, ո­րու շուրջ կը բնա­կէին Ռշ­տու­նեաց տոհ­մի իշ­խան­նե­րը։ Ոս­տա­նը ­Վա­նայ լի­ճի ա­փե­րուն գտնո­ւող 7 բեր­դա­քա­ղաք­նե­րէն մէկն է։

Ռշ­տու­նի­նե­րու տոհ­մը՝ ­Թէո­թո­րոս Ռշ­տու­նի իշ­խա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ պայ­քա­րե­ցան ու բազ­մա­թիւ յաղ­թա­նակ­ներ տա­րին ա­րաբ­նե­րուն դէմ, երբ ա­նոնք ա­ռա­ջին ան­գամ ­Հա­յաս­տան ներ­խու­ժե­ցին ­Պարս­կաս­տա­նի վրա­յով 642 թո­ւա­կա­նին, գրա­ւե­լէ վերջ ­Նա­խի­ջե­ւա­նը։

Ս. Ն­շան վան­քին մէջ կը գտնո­ւի 5րդ ­դա­րու պատ­միչ Ե­ղի­շէի գե­րեզ­մա­նը։ Ե­ղի­շէն (410-480) ող­բեր­գա­կան ո­ճով ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը։ Ան՝ մեր կրօ­նա­կան ու հո­գե­ւոր քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը վե­րա­ծեց ազ­գա­շունչ յե­ղա­փո­խա­կան է­պո­սի մը, իր գլուխ գոր­ծոց Վար­դա­նան­քով (451)։

Ինչ որ հին է, ան­պայ­ման չի մոռ­ցուիր. կը դրոշ­մո­ւի մար­դու ու պատ­մու­թեան մտքին ու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Վա­րա­գայ շրջա­նին մէջ, լեռ­նե­րու ստո­րո­տին կայ ­Նա­րե­կայ վան­քը։ Այս վան­քին մէջ կը գտնո­ւին 11րդ ­դա­րու ա­նո­ւա­նի բա­նաս­տեղծ ու մա­տե­նա­գիր Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի (951-1010), նաեւ ­Վաս­պու­րա­կա­նի ­Սե­նե­քե­րիմ թա­գա­ւո­րի, ­Խուշ­խուշ թա­գու­հիի եւ ­Պետ­րոս ­Գե­տա­դարձ կա­թո­ղի­կո­սի գե­րեզ­ման­նե­րը։

Ա­պա­հով նա­խա­տե­սու­մով ինչ որ ժա­մա­նա­կին մէջ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ կը դի­մա­նայ ժա­մա­նա­կին մէջ։ Հա­ւատքն ալ կը մրցի ժա­մա­նա­կին հետ։
Էրզ­րու­մի (­Կա­րին) նա­հան­գը կը կազ­մէ բռնագ­րա­ւո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ա­մէ­նէն ըն­դար­ձակ հայ­կա­կան նա­հան­գը, իր մշա­կու­թա­յին ու հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րով եւ փա­ռա­ւոր հա­րուստ ան­ցեա­լով։

Էրզ­րու­մը՝ հիւ­սիս ա­րե­ւել­քէն սահ­ման ու­նե­նա­լով իր ժա­մա­նա­կի ­Ռու­սաս­տա­նը, հիւ­սի­սէն Տ­րա­պի­զո­նի նա­հան­գը եւ ա­րեւ­մուտ­քէն Ս­վա­զի (­Սե­բաս­տիա) նա­հան­գը իր պատ­մա­կան Խար­բեր­դով, ­Պիթ­լի­սի եւ ­Վա­նի նա­հան­գով եւ 4 մեծ գե­տե­րով, որ կը բխին իր նա­հանգ­նե­րու սահ­ման­նե­րէն՝ ա­րե­ւել­քէն Եփ­րա­տը, Ա­րաք­սը, ա­րեւմ­տեան Եփ­րա­տը, ­Ճո­րո­խը (Օլ­թիի ճիւ­ղա­ւո­րու­մով) եւ 9 գա­ւառ­նե­րը, ո­րոնց­մէ ա­մէ­նէն ծա­նօթ­ներն են մեր յե­ղա­փո­խա­կան պատ­մու­թե­նէն Ք­ղին, Խ­նու­սը իր նշա­նա­ւոր հան­քե­րով եւ ջու­րե­րով (­Պին­կէօլ)։

Էրզ­րու­մը հա­րուստ ե­ղած է ե­կե­ղե­ցի­նե­րով, ո­րոնց­մէ ա­մէ­նէն ծա­նօ­թը ե­ղած է 1840ին կա­ռու­ցո­ւած Ս. Աս­տուա­ծա­ծի­նը, իր ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նով ու գե­րեզ­մա­նով։ ­Հոն կը գտնո­ւի կա­խա­ղան բարձ­րա­ցած մեր յե­ղա­փո­խա­կան անձ­նո­ւէր­նե­րէն Ա­րամ Ա­րա­մեա­նի գե­րեզ­մա­նը։

Կա­խա­ղան բարձ­րաց­ման օ­րը՝ այդ տխուր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղած էր ա­մե­րի­կա­ցի հիւ­պա­տո­սը, որ նկա­րա­հա­նած էր դէպ­քը։ ­Դիա­կը կա­խուած վի­ճա­կի մէջ եր­կու-ե­րեք օր մնա­ցած էր հրա­պա­րա­կին վրայ, որ թուր­քե­րու տե­սակ մը «ուխ­տա­տե­ղիի» վե­րա­ծո­ւած էր։

Դա­հիճ­նե­րը դիա­կը տո­ւած էին հոն բնա­կող ե­րեք հա­յե­րու։ Ա­րա­մեան կա­խա­ղան բարձ­րա­նա­լէ ա­ռաջ 1896ին ե­րեք տա­րի մնա­ցած էր ­Կա­րի­նի բան­տին մէջ, ուր­կէ 30 ­Յու­լիս 1896ին գրած էր իր ցնցիչ հայ­րե­նա­սի­րա­կան նա­մա­կը։ Ա­րա­մեան ո­գե­կո­չո­ւած է նաեւ մեր յե­ղա­փո­խա­կան ազ­գա­յին եր­գե­րուն մէջ։

Այս անհ­րա­ժեշտ փա­կա­գի­ծէն ետք, դար­ձեալ վե­րա­դառ­նանք մեր նիւ­թին։

Էրզ­րու­մի վան­քե­րէն ե­ղած է ­Կար­միր վան­քը, ուր ու­սա­նած են հա­յոց դպրու­թեան ու գի­տու­թեան կրօ­նա­ւոր­ներ, ինչ­պէս աստ­ղա­գէտ Ա­նա­նիա ­Շի­րա­կա­ցին, Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցին, Գ­րի­գոր ­Մա­գիստ­րո­սը, Ա­րիս­տա­կէս ­Լաս­տի­վերտ­ցին եւ բա­զում ու­րիշ­ներ։

Կա­րի­նը 1914ին ու­նէր 60.000 բնա­կիչ, ո­րուն 15.000ը հա­յեր էին։

Վա­նայ լի­ճի մօ­տա­կայ Փ­շա­ւանց գե­տի հո­վի­տին մէջ կը գտնո­ւի ­Նա­րեկ գիւ­ղը, ո­րու կեդ­րո­նը կա­ռու­ցո­ւած է ­Նա­րե­կի վան­քը։

Ա­նոր մէջ կը գտնուի 19րդ ­դա­րու ակ­նա­ռու բա­նաս­տեղծ եւ մա­տե­նա­գիր Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի գե­րեզ­մա­նը, որ ե­ղած է ուխ­տա­վայր շրջա­նի հա­յու­թեան հա­մար։

Վան­քը իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցի գոր­ծած է մին­չեւ 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը։ ­Նա­րե­կա­ցիի բա­նաս­տեղ­ծա­կան շուն­չով գրո­ւած ա­ղօ­թա­գիր­քը կը կո­չո­ւի «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան», ա­ւե­լի ծա­նօթ «­Նա­րեկ» ա­նու­նով։

Գա­լով Ա­րիս­տա­կէս ­Լաս­տի­վերտ­ցիին, ե­ղած է 11րդ ­դա­րու մա­տե­նա­գիր (1153-1198) եւ իր խմբագ­րած «­Պատ­մու­թիւ­նը» կը նկա­րագ­րէ սել­ճուք­նե­րու ­Հա­յաս­տան ար­շա­ւան­քը, հայ — բիւ­զան­դա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րու ան­կու­մը (1045), Ա­նիի գրա­ւու­մը (1064) եւ ­Մա­նազ­կեր­տի (­Ման­ծի­կերտ) պա­տե­րազ­մը (1071), սել­ճուք­նե­րու եւ ­Բիւ­զան­դիո­նի մի­ջեւ։

Մար­դիկ կան, ո­րոնց շնոր­հիւ ան­ցեա­լի մեր պատ­մու­թիւ­նը կը կար­դանք այ­սօր։ Ե­րախ­տա­պարտ ենք բո­լո­րին։

Էրզ­րու­մի դաշ­տին վրայ (­Կա­րի­նի նա­հանգ), կը գտնո­ւէր ­Խաչ­կա­վան­քը եւ ­Գը­զըլ ­Քի­լի­սէ փոք­րիկ ե­կե­ղե­ցին։

azator.gr/?p=7608

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail