19.12.2018 –
Մարդու իրաւունքներու հիմնարկի նախագահ փրոֆ. Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը դատապարտուեցաւ 2,5 տարուայ ազատազրկման։ Ֆինճանճը կը մեղադրուէր «Այս յանցագործութեան մեղսակից չենք ըլլար» յայտարարութեան միջոցաւ ահաբեկչութեան քարոզչութիւն ընելով։
Յայտնի է, թէ վերի խորագրով խմբագրուած բողոքի գրութիւնը ստորագրուած էր մօտ երկու հազար ակադէմականի կողմէ։ Աւելի ետք նախագահ Էրտողանի ցուցմունքներով դատական գործողութեան ձեռնարկուեցաւ ստորագրեալներու դէմ։
Նախորդ շաբաթ այս էջի վրայ տեղեկացուցած էինք Թուրքիոյ բժիշկներու կաճառի նախկին նախագահ փրոֆ. Կենճայ Կիւրսոյի դատավարութիւնը։ Արդարեւ Կիւրսոյին ալ վճռուած էր երկու տարի երեք ամիս բանտարկութիւն։
Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը դատավարութեան ընթացքին յայտնեց, թէ իրողութեան եւ իրաւունքի պայքարին յանցանք համարուելուն համար ամօթ կը զգայ։ «Համաշխարհային արդարադատութեան մէջ մեր ելոյթները երբեք ու երբեք յանցագործութիւն չեն համարուիր։
Խաղաղութիւն պահանջելը յանցանք չէ։ Հետեւաբար կը մերժեմ ձեր մեղադրանքները։ Ինչպէս անցեալին ըսած էր Էմիլ Զոլա՝ ես ձեզ կը դատապարտեմ»։
agos.com.tr/am/hvotvadzi/21766/hrant-dinki-mrtsanagi-tapnyegir-finchanchi-yes-tsyez-gi-tadabardyem