Թրամփ. «Էրտողան Այն Անձն Է, Որ Կրնայ Վերջ Տալ Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Մնացորդին»

25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ կիրակի օր «երկար ու արդիւնաւէտ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Զրոյցի ընթացքին քննարկուած է Սուրիոյ, ՏԱՀԵՇ-ի եւ առեւտուրի վերաբերող հարցեր:

Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց.«Ես տակաւին նոր երկար ու արդիւնաւէտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած եմ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Քննարկած ենք ՏԱՀԵՇ-ը, Սուրիոյ մէջ մեր հասարակաց գործողութիւնները, այնտեղէն ամերիկեան ուժերու դանդաղ եւ սերտօրէն համակարգուած հեռացումը»:

«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ինծի բուռն կերպով յայտնեց, որ վերջ պիտի տայ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մնացորդին», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Էրտողանը անձ մըն է, որ կրնայ ատիկա կատարել, մանաւանդ որ Թուրքիան «մերձակայ» է»:

Ան նաեւ աւելցուց, որ քննարկուած են նաեւ զգալիօրէն ընդլայնուած առեւտուրի առնչուող հարցերը:

Միւս կողմէ, թրքական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին. «Անգարայի աջակցութիւնը վայելող սուրիական զինեալ խմբաւորումներ կ՛ուղղուին Մընպեժ քաղաքի մերձակայք»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիան յաւելեալ ուժեր կ՛ուղարկէ Սուրիա:

aztagdaily.com/archives/421357

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail