Մանոյեան. «Դաշնակցութիւնը Իր Տեսակէտները Պիտի Հասցնէ Ժողովուրդին»

25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ:

Որեւէ առողջ քաղաքական կազմակերպութեան մէջ, ինչ զարգացումներ ալ, որ ըլլան երկրին եւ կուսակցութեան գործունէութեան շուրջ, միշտ ալ պիտի ըլլան ու պէտք է ըլլան տարբեր կարծիքներ:

Այս մասին երէկ «Փաստարկ» մամուլի ակումբին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը` անդրադառնալով Դաշնակցութեան մէջ տարակարծութիւններու եւ ղեկավար մարմինին մէջ փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին խօսակցութիւններուն:

«Ինչ կը վերաբերի Բիւրոյի սերնդափոխութեան, ապա ես չեմ կարծեր, որ այս Բիւրոն իբրեւ այդպիսին երկար ժամանակ է, որ կը մնայ: Բիւրոյի մէջ կան մարդիկ, որ 2000-էն են, բայց կան նաեւ մարդիկ, որ 2015-էն են: Այսինքն` այնպէս չէ, որ ոչ մէկ փոփոխութիւն եղած է: Փոփոխութիւնը միշտ ալ եղած է: Եւ 15 յունուարին տեղի ունենալիք Ընդհանուր ժողովը կրնայ ինչ որ փոփոխութիւններ բերել», նշեց Կիրօ Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կա՞ն հակասութիւններ Հրանդ Մարգարեանի` Բիւրոյի ղեկավարման հետ, դաշնակցական գործիչը ըսաւ.

«2000-էն է Հրանդ Մարգարեանը, բայց Մերքելը աւելի երկար ժամանակէ է, ուստի Մերքելի նկատմամբ ալ, բնականաբար, դժգոհութիւն պիտի ըլլայ: Կան կարծիքներ այս կամ այն անդամի նկատմամբ, բայց ի վերջոյ ժողովը իր մեծամասնութեամբ որոշում կու տայ: Ես վստահ եմ, որ Հրանդ Մարգարեանի ընտրութեան առաջին օրն ալ մարդիկ կային, որ համաձայն չէին, այսօր ալ անոնց թիւը 1-2-ով կրնայ աւելցած ըլլալ` հաշուի առնելով Ընդհանուր ժողովի ընդհանուր թիւը:

Հարցը միայն անձերը չեն, այլ քաղաքականութիւնը: Ընդհանուր ժողովը պիտի մշակէ կուսակցութեան ընդհանուր ռազմավարութիւնը, որուն հիման վրայ Հայաստանի կառոյցը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իր քաղաքականութիւնը պիտի ճշդէ, եւ մենք պիտի ունենանք այսօրուան պայմաններուն եւ իրականութեան համապատասխան ծրագիր»:

Կիրօ Մանոյեան յիշեցուց, որ 1995-1998-ին Դաշնակցութիւնը չէ եղած խորհրդարանին մէջ, բայց շարունակած է գործել, եւ այսօր ալ նոյնը պիտի ըլլայ:

«Իր տեսակէտները պիտի հասցնէ ժողովուրդին, իշխանութեան դրական գործերուն նկատմամբ դրական կեցուածք պիտի դրսեւորէ, իսկ բացասականին, այն, ինչ որ Դաշնակցութեան համար մտահոգիչ է, այդ մտահոգութիւնները պիտի արտայայտէ: Դաշնակցութիւնը կը մնայ քաղաքական բեմի վրայ, իսկ Ընդհանուր ժողովը, Հայաստանի պարագային ալ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը, կ՛որոշեն աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնը»:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման առնչութեամբ Արցախի մասնակցութեան` Կիրօ Մանոյեանն ըսաւ, թէ ասիկա շատ կարեւոր է, սակայն ատիկա կարելի է, եթէ Հայաստանը իրական ճնշում գործադրէ Ազրպէյճանի վրայ. «Տագնապի խաղաղ լուծման համար բանակցութիւններուն Արցախի մասնակցութիւնը միշտ ալ կարեւոր է:

Արցախի մասնակցութեան կարեւորութիւնը միշտ ալ շեշտուած է, սակայն Արցախի մասնակցութիւնը չի կրնար փոխարինել Հայաստանի մասնակցութեան այնպէս, ինչպէս Հայաստանի մասնակցութիւնը չի կրնար փոխարինել Արցախին: Սակայն հարցը այն է, թէ ատիկա ինչպէ՛ս պիտի պարտադրուի Ազրպէյճանին: Կը կարծեմ, որ ատիկա կարելի կ՛ըլլայ Ազրպէյճանի վրայ իրական ճնշում գործադրելով: Իսկ Ազրպէյճանի վրայ իրական ճնշում կ՛ըլլայ, եթէ Հայաստանը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը»:

Մանոյեանի կարծիքով` Ազրպէյճանը պէտք է լրջանայ բանակցութիւններուն:

Պետական կառավարման սեղմումի քաղաքականութեան հետ կապուած Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Մենք կողմ ենք պետական կառավարման համակարգը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելուն, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ նախարարութիւնները իրար կապելով կամ ընդհանրապէս հանելով, անպայման, պէտք է առաւելագոյն արդիւնաւէտութիւն ըլլայ: Առաւելագոյն արդիւնաւէտութիւն ըսելով կը հասկնանք աշխատողներու թիւի նուազու՞մ, ատիկա առաւելագոյն արդիւնաւէտութիւն չէ:

Առաւելագոյն արդիւնաւէտութիւնը պաշարներու համապատասխան արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է: Իսկ մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններուն հարցով Դաշնակցութիւնը իր տեսակէտը յայտնած է: Ի դէպ, սփիւռքի նախարարութեան փակման հետ կապուած անհանգստութիւններ կան սփիւռքի մէջ, որ առանց մեզի հետ խորհրդակցելու ստեղծեցիք, հիմա ալ առանց մեզի հետ խորհրդակցելու կը փակէք:

Ատիկա իր բացասական հետեւանքները պիտի ունենայ»: Օրէնքի նախագիծին մէջ գրուած է, որ սփիւռքի նախարարութիւնը վարչութեան տարբերակով պիտի ըլլայ արտաքին գործոց նախարարութեան կազմին մէջ, ինչ որ, ըստ Մանոյեանի, ճիշդ չէ:

aztagdaily.com/archives/421393

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail