Սուրիական Ընդդիմութիւնն Ու Քիւրտերը Դաշինք Կազմած Են

13 հոկտեմբեր 2015

Սուրիական ընդդիմութիւնը եւ քիւրտերը դաշինք կնքած են` «Իսլամական պետութեան» դէմ համատեղ պայքարելու համար, կը յայտնէ PanARMENIAN.Net-ը՝ վկայակոչելով Reuters-ը:

Դաշինքը ստացած է «Սուրիոյ ժողովրդական ուժեր» անուանումը: Դաշինքի կազմին մէջ միաւորուած են Քիւրտերու ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատները (YPG), քրիստոնեայ ասորիներու ուժերը, ինչպէս նաեւ Սուրիական արաբական համաձանութիւնը, որուն կազմին մէջ կը մտնեն ԱՄՆ-ի կողմէ աջակցութիւն ստացող սուրիական ընդդիմութեան միաւորուած ստորաբաժանումները:

Որպէս հիմնական թիրախ յայտարարուած է պայքարը ԻՊ-ի դէմ: Յառաջիկային պէտք է գրոհ սկսի Ռաքքայի ուղղութեամբ, որ կը համարուի իսլամականներուն փաստացի մայրաքաղաքը: Պիտի գրոհեն արաբական կազմաւորումները, իսկ քիւրտերը պիտի ապահովեն պաշտպանութիւնը, կը յայտնէ աղբիւրը:

Մինչդեռ քիւրտերը խոստացած են քանի մը շաբաթուան ընթացքին գրաւել Ռաքքան: Քիւրտերու ազգային ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու հրամանատար Սիփան Համօն յայտնած է, որ իրենք կը բանակցին ԱՄՆ ղեկավարած համաձայնութեան հետ գրոհի իրականացման ժամկէտը համաձայնեցնելու վերաբերեալ:

http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail