ՀՀ-ն կը Վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակին եւ Անվտանգութեան Գերակայութեան Վերաբերեալ Յստակ Դիրքորոշումը. Աննա Նաղտալեան
25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանը կը վերահաստատէ իր շատ յստակ դիրքորոշումը բանակցային փաթեթին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին եւ անվտանգութեան գերակայութեան վերաբերեալ: Այս մասին, այսօր ըսած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան՝ պատասխանելով Հանրային հեռուստաընկերութեան «Լուրեր» ծրագիրի հարցին, թէ ինչպէս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի վերջին յայտարարութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ:
«Երկու մօտեցում կրնայ ըլլալ այս յայտարարութեան առնչութեամբ: Կրնանք վերահաստատել մեր շատ յստակ դիրքորոշումը բանակցային փաթեթին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին եւ անվտանգութեան գերակայութեան վերաբերեալ՝ երկու պարագային ալ տալով առաւել լայն պարզաբանումներ: Այնուամենայնիւ, կը կարծենք զսպուածութիւն պէտք է ցուցաբերել հանրային յայտարարութիւններու մէջ` այսպիսով սատարելով բանակցութիւններուն, եթէ ի հարկէ անկեղծ ցանկութիւն կայ պահպանելու անոնց նկատմամբ յանձնառութիւնը: Ասիկա յատկապէս կը վերաբերի այն դէպքերուն, երբ փորձ կը կատարուի սեփական միակողմանի տեսակէտները, ըստ էութեան, իբրեւ նախապայմաններ ներկայացնելուն: Պէտք չէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին փոխարէն որոշել իր կամքը:
Նախապայմանները, ալ չենք ըսեր՝ սպառնալիքները, ազդեցութիւն պիտի չունենան բանակցութիւններուն մէջ մեր դիրքորոշման վրայ: Լաւատեսութեան կամ յոռետեսութեան դրսեւորումները գործընթացին վրայ ներգործութիւն ունենալու առումով հաւասարապէս անարդիւնաւէտ մեթոտներ են: Անհրաժեշտ է իրատեսական ըլլալ եւ իրապէս յանձնառու՝ բոլոր կողմերուն համար ընդունելի հանգուցալուծում գտնելուն»,- ըսած է Աննա Նաղտալեան:
yerakouyn.com/2018/12/25/