Պաշտօնական Պաքուն 2019-ին Երեւանէն Կ՝ակնկալէ «Ատրպէյճանի Գրաւուած Տարածքներէն Զօրքերու Դուրս Գալ»ը

25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Պաշտօնական Պաքուն 2019-ին Երեւանէն կ՝ակնկալէ «Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներէն զօրքերու դուրս գալ»ը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը՝ վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցի մէջ տեղ գտած Ատրպէյճանի ԱԳՆ ղեկավար Էլմար Մամետիարովի յայտարարութիւնը:

Վերջինս ընդգծած է, որ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով առաջընթացը առաջին հերթին հնարաւորութիւններ պիտի բանայ ՀՀ-ի մէջ տնտեսական աճին համար:

Մամետիարով ափսոսանքով նշած է, որ երկար տարիներ շարունակուող բանակցութիւնները արդիւնք չեն տուած: «Սակայն ՀՀ-ի մէջ կատարուած վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի եւ ՀՀ վարչապետի միջեւ Տուշանպէի ու Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կայացած զրոյցները, նաեւ հանդիպումներս իմ հայ գործընկերոջ հետ՝ որոշակի լաւատեսութեան հիմք կու տան` բանակցային գործընթացի առաջխաղացման տեսանկիւնէն»,- նշած է ան:

Մամետիայրով խօսած է նաեւ ՀՀ ԱԳՆ ղեկավարի հետ վերջին հանդիպման իբրեւ արդիւնք ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մասին` նշելով, որ այնտեղ կը խօսուի բանակցութիւնները շարունակելու մասին: «Ատիկա կը նշանակէ, որ բանակցութիւններուն ձեւաչափը պիտի մնայ անփոփոխ»,- աւելցուցած է ան:

«Կարեւոր է նաեւ համատեղ յայտարարութեան մէջ արտացոլուած միտքը, որ մօտ ապագային անհրաժեշտ է իրականացնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան մակարդակով անմիջական` արդիւնքին ուղղուած բանակցութիւններ»,- ըսած է Մամետիարով:

Ըստ անոր` այդ մօտեցման կ՝աջակցին ԵԱՀԿ համանախագահները:

yerakouyn.com/2018/12/25/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail