Փակելով Սփիւռքի Նախարարութիւնը Առանց Խորհրդակցելու՝ Իրենք կը Մերժեն Սփիւռքը

Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի www.TheCaliforniaCourier.com հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

26 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:

«Առաջին լրատուական»-ը զրուցած է «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեանի հետ, որ կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածուած։

– Պարոն Սասունեան, յառաջիկային պիտի լուծարուի Սփիւռքի նախարարութիւնը, եւ այդ նախարարութեան գործառոյթները պիտի իրականացնէ ԱԳՆ-ն։ Դուք երկար տարիներ կ՝աշխատէիք Սփիւռքի նախարարութեան հետ։ Հիմա ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս նախարարութեան լուծարումը։

– Սփիւռքի նախարարութեան ձեւաւորման առաջին օրէն՝ արդէն տասը տարի՝ ծառայած եմ իբրեւ այդ նախարարութեան վարչութեան անդամ եւ մօտէն ծանօթ եմ բոլոր աշխատանքներուն, որոշումներուն, ծրագիրներուն։ Եւ հասկնալի պիտի ըլլար, եթէ մեր իշխանութիւնները ուզէին ուսումնասիրել Սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած ծրագիրները եւ աշխատանքները, եւ անոնց վերանայումը շատ բնական պիտի ըլլար, բայց ինծի կը թուի՝ այն, ինչ կառավարութիւնը ըրաւ, երկու լուրջ սխալ կար այդտեղ։ Մէկը այն է, որ այս նախարարութիւնը կը կոչուէր Սփիւռքի նախարարութիւն, այսինքն՝ կ՝առնչուի Սփիւռքի հետ։ Ինչպէ՞ս կարելի է որեւէ լուրջ որոշում կայացնել այս նախարարութեան հետ կապուած՝ առանց խորհրդակցելու սփիւռքահայ մտաւորականներու, սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու հետ։ Երկրորդ՝ նոր իշխանութիւնը, որ նոր եկած է իշխանութեան, շատ գեղեցիկ յայտարարութիւններ ըրած է՝ ըսելով, որ կ՝ուզեն Սփիւռքը ներգրաւուի հայաստանեան կեանքին ներդրումներով, միասնաբար աշխատելով։ Վարչապետն ալ յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ սահմանը ջնջած են, որ ամէն ձեւով սփիւռքահայութիւնը պէտք է ներգրաւուի հայաստանեան կեանքին մէջ։ Նոյնիսկ Սփիւռքի նախարարը՝ իր նշանակման առաջին օրը՝ յայտարարեց, որ իրենց օրակարգին վրայ է երկպալատ խորհրդարան ունենալը, ուր սփիւռքահայերը կրնան ներկայացուիլ։ Սակայն յետագային այլեւս որեւէ բան չըսաւ։ Անգամ մըն ալ վարչապետը ըսաւ, որ ըստ Սահմանադրութեան՝ սփիւռքահայերը չեն կրնար իբրեւ նախարար աշխատիլ, եւ պէտք է տեսնենք՝ ինչ կարելի է ընել, որ փոփոխութիւններ ըլլան։

Ամփոփելով ըսեմ՝ իշխանութիւնները, որ եկան ըստ պաշտօններու, ամենադրական, ամենաազնիւ եւ բարեացակամ խօսքերը ըսին Սփիւռքի մասին, որ բոլորս ալ բարձր գնահատեցինք եւ սատարեցինք մեր իշխանութիւններուն, բայց այս իշխանութիւնները կատարեցին իրենց սխալը. այսպիսի բարեացակամ իշխանութիւն մը, երբ կը յայտարարէ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի լուծարուի, չի հասկնար, որ նման խօսքերով սխալ պատգամ կ՝ուղարկէ Սփիւռքին, որ կը հակասէ իրենց նախկին բոլոր յայտարարութիւնները։ Եւ փակելով նախարարութիւնը առանց խորհրդակցելու՝ կը մերժէ Սփիւռքը։ Վստահ եմ, որ իշխանութեան նպատակը Սփիւռքը մերժելը չէ, կը յայտարարէ, որ կ՝ուզէ գործակցիլ Սփիւռքի հետ, ես կը հաւատամ այդ խօսքերուն, բայց այն, ինչ կ՝ընէ, գործը չի համապատասխաներ խօսքին։ Չես կրնար նախարարութիւնը փակել՝ առանց խորհրդակցելու եւ առանց հիմնաւորելու, թէ ինչ կ՝ուզես ընել, երբ կը փակես։ Պարզապէս ըսել, որ պէտք է փակել կամ փոխել, ասիկա շատ վատ տպաւորութիւն կը ձգէ Սփիւռքի վրայ։ Եւ այս երկու կարեւոր եւ լրջագոյն սխալները ըրին այս որոշման մէջ։

– Նախարարը կը նշէր, որ յեղափոխութենէն ետք Սփիւռքի սպասելիքները Հայաստանէն շատ մեծ են։ Իսկապէս այսօր մե՞ծ են Սփիւռքի սպասումները իշխանութենէն։

– Անշո՛ւշտ, Սփիւռքը սպասելիքներ ունի ո՛չ միայն այս իշխանութիւններէն, մենք նախկին իշխանութիւններէն նոյնպէս սպասելիքներ ունէինք, որ այդքան ալ չարդարացան։ Մենք միշտ պիտի ունենանք սպասումներ, եւ ՀՀ կառավարութիւնն ալ միշտ սպասումներ պիտի ունենայ Սփիւռքէն։ Մենք մէկ ազգի զաւակներ ենք եւ բոլորս ալ պէտք է գործակցինք իրարու հետ։ Եւ մեր ընդհանուր հայ ժողովուրդը Սփիւռքի ու հայրենիքի մէջ պէտք է զարգանայ եւ առաջ երթայ։ Ես չեմ կրնար պատկերացնել հայ մը, որ չ՝ուզէ, որ մենք առաջընթաց արձանագրենք։ Բայց ատիկա կեանքի կոչելու համար մենք պէտք է իրարու հետ նստինք, խորհրդակցինք։ Անշուշտ, հասկնալի է, որ վերջին խօսքը կը պատկանի պետութեան, եւ իրենք վերջին որոշումը կրնան կայացնել։ Բայց պէտք է քիչ մը ազնիւ ըլլալ եւ հարցնել Սփիւռքին՝ ինչ կը մտածէ այս որոշման մասին։ Խորհրդակցիլ եւ միայն անկէ ետք որոշում կայացնել, եւ ոչ թէ հակառակը՝ որոշում կայացնել եւ յետոյ յայտարարել այդ մասին։ Պէտք է նախ յայտարարէին, որ կ՝ուզեն Սփիւռքի նախարարութիւնը տարբեր ձեւերով զարգացնել. հրաւիրէին սփիւռքահայ գործարարներ, Սփիւռքի մասնագէտներ, որոնք իրենց ըսելիքը ըսէին, լսէին դիմացինը, ապա նայէին, թէ ինչ ուղղութեամբ ընթանայ։ Կառոյցը ինքնին կարեւոր չէ, կառոյցը միջոց է նպատակը իրագործելու համար։ Նախ պէտք է որոշուէր՝ ինչն է Սփիւռքի նախարարութեան նպատակը, յետոյ նոր մտածէին, թէ որ կառոյցը պէտք է զայն իրականացնէ՝ արտաքին գործոց նախարարութի՞ւնը, թէ՞ փոխվարչապետը, ո՞րն է լաւագոյն ձեւը։ Չմոռնամ ըսելու, որ Հայաստանը միակ երկիրը չէ, որ ունեցած է Սփիւռքի նախարարութիւն։ Շատ երկիրներ, երկար տարիներ, Սփիւռքի նախարարութիւն ունին, բայց արդեօք մեր իշխանութիւնները հետաքրքրուա՞ծ են, թէ միւս երկիրներու Սփիւռքի նախարարութիւնները ինչպէս կ՝աշխատին, ինչպէ՞ս կը ծրագրեն իրենց աշխատանքը, ո՞ր երկրին մէջ կայ նախարարութիւն, եւ որ երկրին մէջ անիկա ունի տեսչութեան ձեւ կամ կը կազմէ այլ նախարարութեան մաս։ Ասիկա նոյնպէս պէտք է ուսումնասիրուի։ Պէտք չէ նոր հեծանիւ ստեղծել, առաջինը մենք չենք, որ կը մտածենք՝ ինչպէս ընել Սփիւռքի նախարարութեան հետ աշխատանքը, կայ այլ երկիրներու փորձ, եւ եթէ անոնց փորձը յաջողած է, վերցնել անոնց փորձը։ Միշտ օգտակար է՝ նախքան որոշում կայացնելը՝ քիչ մը աշխատիլ եւ ուսումնասիրել ուրիշներու փորձն ու գիտելիքները։

– Հնարաւո՞ր է, որ այս նախարարութիւնը երկար տարիներ բովանդակային առումով ինքզինք չէ արդարացուցած, եւ չկայ այդպիսի նախարարութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւն։ Հաւանաբար ա՞յդ է լուծարման պատճառը։

– Ես վստահ եմ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը չէ կատարած այդ բոլոր աշխատանքները, որ կրնար կատարել։ Նաեւ արդար ըլլալու համար պէտք է ըսեմ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը կ՝առնչուի հարիւր երկիր ցրուած եօթը միլիոն հայերու հետ։ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքը շատ դժուար աշխատանք է, եթէ կ՝ուզես հարիւր երկրի մէջ ցրուած եօթը միլիոն ժողովուրդին հետ կապուիլ, անոնց հասնիլ, հարցերը հոգալ։ Սփիւռքի մէջ քանի մը Սփիւռք կայ, հին Սփիւռք կայ, նոր Սփիւռք կայ, տարբեր կուսակցութիւններ եւ միութիւններ կան, եւ յաճախ այս բոլորը իրարու հետ չեն համագործակցիր, իրարու հետ խնդիրներ ունին, եւ այս բոլորին հետ առնչուիլը շատ լուրջ հարց է։ Վերջին 25 տարիներուն կը ծառայէի Միացեալ հայութեան ֆոնտին, որ եօթը սփիւռքահայ մեծագոյն կազմակերպութիւններու համադրումն էր, եւ գիտեմ, թէ ինչ կը նշանակէ եօթը տարբեր կազմակերպութիւններու միացում, շատ լաւ կը հասկնամ այդ դժուարութիւնները։

Գալով ձեր հարցին՝ եթէ Սփիւռքի նախարարութիւնը որեւէ բան լաւ չէ ըրած, կարելի է ըրածները եւ չըրածները ուսումնասիրել, տեսնել՝ ինչպէս կարելի է բարելաւել, նաեւ հասկնալ՝ ինչն է այդ նախարարարութեան նպատակը, եւ անկէ ետք միայն տեսնել, թէ այդ նպատակի իրականացման համար որ կառոյցը աւելի նախընտրելի է։ Փորձած են աշխատանքներ իրականացնել, բայց միշտ եղած են բացթողումներ։ Ես՝ իբրեւ Սփիւռքի նախարարութեան վարչութեան անդամ, շատ յաճախ հարցը բարձրացուցած եմ նախկին նախարարի եւ նախարարութեան վարչութեան միւս անդամներու առջեւ։ Եւ կարելի չէ ըսել՝ այս նախարարութիւնը լաւ չ՝աշխատիր, փակենք։Պէտք է մտածել՝ եթէ այս նախարարութիւնը լաւ չ՝աշխատիր, ինչպէս կրնանք հասնիլ անոր, որ լաւ աշխատի։ Իշխանութիւնները կ՝ըսեն, որ կարեւոր է Սփիւռքը իր ներդրումներով, նաեւ մշակութային, մտաւորական ներդրումներով։ Եօթը միլիոնը մեծ թիւ է փոքր ազգի համար, որ Հայաստանէն դուրս կ՝ապրի, եւ կարեւոր է, որ այդ մարդոց վերաբերեալ իւրաքանչիւր որոշում ըլլայ ծրագրուած որոշում եւ ոչ թէ հապճեպ։

Յաջորդ հարցը, որուն կ՝ուզեմ անդրադառնալ, այն է, որ իմ կարծիքով՝ իշխանութիւնները իբրեւ մեկնակէտ որոշած են, որ պետական աշխատակազմը կրճատեն, նախարարութիւնները 17-էն 12-ի վերածեն, այսինքն՝ իրենք սկսին կրճատման ծրագիրէն։ Եւ եթէ մէկ անգամ որոշած են կրճատել, երկրորդական կը դառնայ՝ այս նախարարութիւնը կարեւո՞ր է, թէ՞ կարեւոր չէ, լաւ գործ ըրա՞ծ է, թէ՞ չէ ըրած. իրենց գլխաւոր նպատակը կրճատումն է, եւ այդ կրճատումն ալ կարելի է տարբեր ձեւերով ընել։

yerakouyn.com/2018/12/26

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail