Թրքական Հրասայլերը Հատած են Թուրք-սուրիական Սահմանը

26 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիան զինամթերք ուղարկած է Սուրիա: Դեկտեմբեր 25-ի երեկոյեան նկատուած է, թէ ինչպէս Թուրքիոյ սահմանամերձ Քիլիս նահանգէն հրասայլերով բեռնուած բեռնատար մեքենաները կը հատեն թուրք-սուրիական սահմանը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber-ը։

Ըստ աղբիւրին՝ շարասիւնը շարժած է դէպի Սուրիոյ Թել Ռըֆաթ եւ Մանպիճ շրջանները, ուր կը նախատեսուին ռազմական գործողութիւններ քրտական ուժերուն դէմ: Վերջիններուս Անգարան կը համարէ ահաբեկիչներ, իսկ Ուաշինկթընին՝ ոչ: ԱՄՆ-ն քիւրտ զինեալները կը դիտարկէ իբրեւ կարեւոր գործընկեր Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկիչներու դէմ պայքարին մէջ:

Ըստ նախատեսուածին՝ Թուրքիան արդէն պէտք է Մանպիճի մէջ սկսած ըլլար քրտական ուժերու դէմ ռազմական գործողութիւնը, բայց անիկա վերջին պահուն յետաձգուած է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, իբրեւ յետաձգման պատճառ նշած է այն հանգամանքը, որ թրքական կողմը չի փափաքիր վնաս հասցնել այդ տարածքին մէջ տեղակայուած ամերիկացի զինուորներուն:

yerakouyn.com/2018/12/26/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail