Բաբայեան. «Մամետեարովի Յայտարարութիւնները Կը Վկայեն Բանակցութիւններու Յառաջընթացին Պաքուի Պատրաստ Չըլլալուն Մասին»

27 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի յայտարարութիւնները կը վկայեն ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացին պաշտօնական Պաքուի պատրաստ չըլլալուն մասին: Այս մասին ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` «Նիուզ»-ի խնդրանքով մեկնաբանելով «Ինթըրֆաքս» գործակալութեան հետ զրոյցին ազրպէյճանցի նախարարի յայտարարութիւնները:

«Մամետեարովի յայտարարութիւնները կարելի է գնահատել միայն իբրեւ Պաքուի ապակառուցողական դիրքորոշումի հերթական դրսեւորում: Անհասկնալի է, թէ ասիկա որո՞ւ հանդէպ անյարգալից վերաբերմունք է` մե՞ր, թէ՞ ինքն իր: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը իբրեւ մեծ զիջում կը խոստանայ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնն ու ինքնակառավարումը: Իսկ ի՞նչ է` հիմա անկէ զրկուա՞ծ ենք: Համանման յայտարարութիւններուն զուգահեռ` Պաքուն կը շարունակէ պատերազմով սպառնալ: Չիրականացած երազանքներուն դիմելու փոխարէն, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է փոխեն հռետորաբանութիւնն ու մօտեցումները, պաշտօնական Ստեփանակերտի հետ ուղիղ բանակցութիւններու սկսին: Ասիկա մեծ քայլ կ՛ըլլար դէպի «էական» բանակցութիւններ, ինչպէս կը սիրէ արտայայտուիլ Մամետեարով», նշեց Դաւիթ Բաբայեան:

aztagdaily.com/archives/421521

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail