27 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա կը յայտնէ, որ իրենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը ժամանակային շրջանակի մէջ չեն դներ:
«Մենք միշտ հանդէս եկած ենք տագնապի շուտափոյթ լուծման եւ այդ լուծումը ապահովող միջոցներուն ի նպաստ: Յստակ ժամկէտներու մասին կը նախընտրեմ չխօսիլ: Պատմութիւնը երկարատեւ է, ցաւօք, ասիկա ձգձգուող տագնապ է: Ինչ կը վերաբերի ռուսական կողմին` իբրեւ (ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի) համանախագահ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի հետ ընդհանուր անցեալ ու պատմութիւն ունեցող երկիր, մեր կողմէն պիտի կատարուի անհրաժեշտ ամէն բան», ըսած է Զախարովա:
Ան նաեւ դժուարացած է նշել, թէ արդեօք Ռուսիան հանդէս պիտի գա՞յ իբրեւ յունուար 2019-ի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի կազմակերպիչ:
aztagdaily.com/archives/421520