Փաշինեան Փութինի Հետ Քննարկեց Երկկողմ Համագործակցութեան Հարցեր

28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Դեկտեմբեր 27-ին, Մոսկուայի մէջ, հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափերով համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ վարչապետի գրասենեակէն։

Ողջունելով Նիկոլ Փաշինեանը, նախագահ Փութին իր ուրախութիւնը յայտնեց զայն Մոսկուայի մէջ ընդունելուն համար:

«Ասիկա ձեր առաջին այցն է ընտրութիւններու համոզիչ յաղթանակէն ետք, ձեր եւ ձեր կողմնակիցներուն յաղթանակէն ետք: Կ՛ուզեմ ձեզ մաղթել յաջողութիւններ, բոլոր ծրագիրներու իրականացում, որ դրած էիք ձեր առջեւ, ձեր խումբին առջեւ ի բարօրութիւն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի: Մեր յարաբերութիւնները բնութագրումի կարիք չունին: Անոնք իսկապէս դաշնակցային յարաբերութիւններ են՝ բաւական մեծ բովանդակութեամբ լեցուն: Բաւական է նշել, որ մենք վստահօրէն կը պահպանենք առաջին տեղը օտարերկրեայ պետութիւններու շարքին Հայաստանի հետ տնտեսական համագործակցութեան ոլորտէն ներս. Ռուսիոյ բաժին կը հասնի 25.5 տոկոսը: 2000-էն աւելի ձեռնարկութիւն կ՝աշխատի, 2200 ձեռնարկութիւն: Կ՝աճի ապրանքաշրջանառութիւնը. նախորդ տարի անիկա աճած է գրեթէ 30 տոկոսով՝ 29.7 տոկոսով: Այս տարուան 10 ամսուան կտրուածքով անիկա աւելցած է գրեթէ 18 տոկոսով՝ 17.5 տոկոսով:

Կը կարծեմ՝ ընթացքը լաւ է, պէտք է պահպանել զայն: Մենք պատրաստ ենք մեր կողմէն ընել ատիկա: Պիտի ընենք այն ամէնը, ինչ կախուած է մեզմէ, որպէսզի յարաբերութիւններու այսպիսի մակարդակը մեր մօտ պահպանուի եւ ոչ միայն այս ոլորտէն ներս, այլեւ միւս ուղղութիւններով: Նկատի ունիմ նաեւ անվտանգութեան ապահովման ոլորտը, ՀԱՊԿ ծիրէն ներս համագործակցութիւնը, Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս բազմակողմ տնտեսական համագործակցութիւնը: Մէկ խօսքով՝ մենք ունինք շատ հարուստ, յագեցած օրակարգ»,- ըսած է Փութին՝ կատարելով հանդիպման բացումը :

Նիկոլ Փաշինեան նոյնպէս իր ուրախութիւնը յայտնած է հանդիպման համար:

«Ես արդէն կորսնցուցած եմ հաշիւը, թէ ասիկա մեր քանիերորդ հանդիպումն է: Բայց օդակայանին մէջ արարողակարգի աշխատակիցները յուշեցին, որ ես Ռուսիոյ Դաշնութիւն ամենայաճախ այցելող օտար ղեկավարներէն եմ, աւելի յստակ՝ ես ղեկավարներու եռեակին մէջ եմ: Վստահ եմ, կը կարծեմ՝ ատիկա կ՝ընդգծէ մեր առանձնայատուկ ռազմավարական յարաբերութիւններուն ծիրը: Վստահ եմ, որ մեր յարաբերութիւններու այսպիսի ընթացքը պիտի պահպանուի: Յոյս ունիմ, որ նաեւ պիտի զարգանայ: Ի հարկէ, մենք միւս տարի կը սպասենք ձեզ՝ պաշտօնական այցով Հայաստան: Ատիկա մեզի համար շատ ուրախալի պիտի ըլլայ։

Ի հարկէ, մեր քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները կը զարգանան: Ուրախալի է տեսնել, որ կ՝աճի ռուսաստանցի զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրութիւնը, մասնաւորապէս, Հայաստանի նկատմամբ. ռուսաստանեան ԶԼՄ-ներուն մէջ հրապարակում կար, որ ամանորեայ եղանակին Հայաստանը ռուսաստանցի զբօսաշրջիկներու ամենայայտնի ուղղութիւնն է, եւ նախորդ տարուան համեմատ՝ զբօսաշրջիկներուն հոսքը պիտի աճի 70 տոկոսով: Ատիկա առնուազն կը նշանակէ, որ մարդիկ ոչ միայն հետաքրքրուած են, այլեւ Հայաստանի մէջ ռուսաստանցի զբօսաշրջիկներուն շատ լաւ կ՝ընդունին, անոնք իրենց շատ լաւ կը զգան, եւ ատիկա կ՝ընդգծէ մեր յարաբերութիւններու խորութիւնը: Անոնք ոչ միայն քաղաքական, տնտեսական, այլեւ մարդկային յարաբերութիւններ են, մշակութային յարաբերութիւններ են, եւ վստահ եմ, որ այդ բոլոր յարաբերութիւնները պիտի զարգանան:

Վերջերս Հայաստանի մէջ իրականացան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Շատ ուրախ եմ, որ այդ ընտրութիւնները անցան օրէնքին համապատասխան, անոնք ազատ ընտրութիւններ էին: Շատ ուրախ եմ, որ ատիկա արձանագրեցին նաեւ միջազգային դիտորդները, որոնց մէջ նաեւ՝ Ռուսիոյ Դաշնութենէն դիտորդները. բաւական շատ դիտորդներ կը մասնակցէին այդ ընտրութիւններուն:

Մենք մտադիր ենք զարգացնելու մեր յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով: Վստահ եմ, որ նորընտիր խորհրդարանը պիտի զարգացնէ նաեւ մեր միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները: Մենք դրական տրամադրուած ենք նաեւ մեր տնտեսական յետագայ յարաբերութիւններուն առումով:

Մենք հետաքրքրուած ենք Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս ընդելուզման յետագայ խորացումով, եւ մենք շատ լուրջ կը վերաբերինք Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ մեր նախագահութեան: Վստահ եմ, որ մեր նախագահութեան իբրեւ արդիւնք պիտի ունենանք աւելի արդիւնաւէտ ընդելուզում ԵԱՏՄ ծիրէն ներս»,- ըսած է Փաշինեան իր պատասխան խօսքին մէջ:

yerakouyn.com/2018/12/28/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail