28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
UNESCO-ն որոշում կայացուցած է այժմեան Թուրքիոյ տարածքին վրայ գտնուող հայկական Պորտասարը (թրքական անուանումը` Գեոբեքլիթեփէ) ընդգրկել Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին վրայ: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ Euronews-ը:
Աղբիւրին համաձայն` սոյն որոշումը Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն ընդունած է Դեկտեմբեր 24-ին, Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած իր 42-րդ նիստին ժամանակ:
Յիշեցնենք, որ 6 տարի առաջ Պորտասարը ներառուած էր UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցանկին վրայ:
Պորտասարի հնաւայրը կը համարուի աշխարհի ամենահին տաճարի հայրենիքը, որ ըստ մասնագէտներու` 12.000 տարեկան է:
1995-էն ի վեր գերմանացի եւ թուրք հնագէտները պեղումներ կ՝իրականացնեն այստեղ: Մասնագէտները կ՝ենթադրեն, որ առայժմ յայտնաբերուած է սոյն հնաւայրի 5 տոկոսը միայն:
yerakouyn.com/2018/12/28/