Մի քանի լաւ լուրեր ունինք ձեզի հաղորդելու մեր բոլորիս՝ Փոքրիկ Անահիտի ծրագիրէն

Մի քանի լաւ լուրեր ունինք ձեզի հաղորդելու մեր բոլորիս՝ Փոքրիկ Անահիտի ծրագիրէն:

Բարեւ Սիրելիներ,

●Նախ եւ առաջ, ուրախ ենք յայտնելու ձեզ թէ համակարգուած ու հաւաքական աշխատանքի շնորհիւ ամէնէ յարմար բնակարանը գտնուած է։ Բնակարանը 2 սենեականոց է, բաց խոհանոցով, մուտքով մը եւ զուգարան բաղնիք մը, Գիւմրիի կեդրոնը, Շարլ Ազնավուրի արձանի մօտ : (Նկարները կը տրամադրենք շուտով)

● Նախորդ ներկայացուցած բնակարանէն աւելի մեծ, յարմարաւէտ իր դիրքով, խնայողութեամբ ու շինութեամբ, ու կահաւորուած նոր գահոյքով ։

● Բաղդատած նախորդ գտած տունին, անշուշտ բնակարանին գինը աւելի թանկ է ($11,500 միայն տունին գինը) քան մեր հաւաքած գումարը ($10,059) որը պիտի ծառայէր ամբողջ ծրագիրին (Բնակարան + գահոյք + հին տնակի քանդում) բայց եւ այնպէս հպարտ ենք յայտնելու որ նոր նուիրատուներու շնորհիւ պիտի կարողանանք այս նոր բնակարանը ձեռք բերել։

● Նորութիւնը այն է որ այս նոր բնակարանին մէջ պիտի ապրին Փոքրիկ Անահիտը, Իր Հայրիկը ՝ Անդրանիկը եւ նաեւ իր Տատիկը։ Այսպիսով լուծած պիտի ըլլանք նաեւ Տատիկին հարցը զոր կ’ապրէր նաեւ տնակի մը մէջ։

● Բնակարանը պիտի ըլլայ փոքրիկ Անահիտին անունով 99,9 %ը իսկ մեր անունով 0,1%ը ապահովութեան համար:

● Հին տնակը պիտի քանդենք ու տարածքը մաքրենք որպէսզի, մեր չափով, Գիւմրին վերադարձնենք իր գեղեցիկ նախկին տեսքին ու տնակներու հարցը հետզհետէ լուծուի։

● Նուիրատուութիւններուն ամբողջ տեսքը, թղթաբանական ամբողջ փաթեթը ու ծրագիրին ամփոփումը յետոյ կը հրատարակենք մեր համացանցի էջին վրայ (www.radioyan.com/donate4gyumri) ինչպէս նաեւ այստեղ:

● Հետեւաբար, բոլոր նուիրատուներուն պիտի հրաւիրենք ՇԱՏ ՇՈՒՏՈՎ Հայաստան հանցնելու համար բնակարանը Փոքրիկ Անահիտին ու ընտանիքին։

Կը սպասենք ձեր արձագանքին՝ Ասպետ
Կրնաք կապուիլ մեր հետը Messenger ով
Radio YAN // Shirak Kentron NGO

https://www.facebook.com/donate/299125704047092/306175666675429/

🇦🇲 As mentioned previously, find below the pictures of the future apartment of little Anahid 🏠🎁🎀 ինչպէս արդէն ըսած…

Posted by Ռատիո Եան on Friday, December 28, 2018

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail