ՄԱԿ-ի Մէջ Տարածուած Է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յուշագիրը

29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԱԿ:

ՄԱԿ-ի մէջ 11 դեկտեմբերին տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած յուշագիրը` ղարաբաղեան տագնապին ընթացքին անյայտ կորսուածներու հարցին շուրջ:

Փաստաթուղթը հրապարակուած է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքին վրայ:

Յուշագիրին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ տագնապի ընթացքին անյայտ կորսուածներու հարցը ծագած է 1991-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմէն շատ աւելի առաջ. դեռ 1988-1989 թուականներուն տեղի ունեցած էին պատանդառութեան եւ առեւանգման առանձին դէպքեր, եւ հետագային, տագնապի լարման հետ կապուած, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու խնդիրը աւելի սրեցաւ: Հայերը պատանդ վերցնելու փորձը լայն կերպով տարածուած էր յատկապէս 1991-ի Արցախի հայկական բնակավայրերու տեղահանման «Օղակ» գործողութեան ժամանակ:

«Մարդոց առեւանգումները տեղի կ՛ունենային Արցախի ամբողջ տարածքին, որմէ ետք անոնք կը յայտնուէին ազրպէյճանական բանտերու եւ կալանավայրերու մէջ, ուր կ՛ենթարկուէին դաժան խոշտանգումներու եւ անմարդկային վերաբերմունքի:

Միայն 1991-ի ութ ամիսներուն ընթացքին` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ` Արցախի տարբեր գիւղերէ 640 խաղաղ բնակիչ անօրինական կերպով ձերբակալուած կամ գերեվարուած է: 127 հայեր` կեղծ մեղադրանքներով` դատապարտուած են տարբեր ժամկէտներով ազատազրկման, որոնցմէ 31-ը մահացած է կանոնաւոր բնոյթ կրող խոշտանգումներու պատճառով», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Յուշագիրով նաեւ կը ներկայացուին բազմաթիւ փաստեր` ղարաբաղեան տագնապին ընթացքին եւ 1994-ի զինադադարի մասին համաձայնագիրի ստորագրուելէն ետք ազրպէյճանական կողմէն հայ պատանդներու եւ գերիներու նկատմամբ խոշտանգումներու իրականացման վերաբերեալ:

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ բարձրացնելով անյայտ կորսուածներու հարցը եւ, միեւնոյն ժամանակ, հրաժարելով անոր լուծման համար որեւէ համագործակցութենէ, Ազրպէյճանը ակնյայտօրէն կը հետապնդէ քողարկուած նպատակներ:

Ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ շահարկել զինուորական գերիներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերը` Ազրպէյճանի քաղաքացիներ Տիլհամ Ասկերովի եւ Շահպազ Կուլիեւի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին կատարուած յանցագործութիւնները արդարացնելու նպատակով:

Այս արշաւը հանրային կեանքի բոլոր ոլորտները ներառող պետական քաղաքականութեան մէկ մասն է, որ ուղղուած է հայատեացութեան հրահրման ու հայերու դէմ յանցագործութիւններու խրախուսման: Ազրպէյճանի մէջ հայերու նկատմամբ ցեղապաշտութիւնն ու այլատեացութիւնը հաստատուած է նաեւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու փաստաթուղթերով:

aztagdaily.com/archives/421821

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail