Ընդառաջելով Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատներու Խնդրանքին` Սուրիական Բանակը Մուտք Գործեց Մընպեժ Եւ Այդտեղ Բարձրացուց Սուրիոյ Դրօշը
29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ «մեկնելով մեր ազգային պատասխանատուութենէն եւ ընդառաջելով Մընպեժի բնակչութեան կոչին»` Սուրիոյ կառավարական ուժերը մուտք գործած են Մընպեժ եւ այդտեղ բարձրացուցած Սուրիոյ դրօշը:
Բանակի հրամանատարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց Սուրիոյ ազգային գերիշխանութեան պաշտպանութեան համար Սուրիոյ բոլոր զաւակներու ջանքերուն մէկտեղման կարեւորութիւնը` վերահաստատելով «ահաբեկչութիւնը ճզմելու եւ ներխուժողները սուրիական հողերէն վտարելու վճռականութիւնը»:
Բանակը նաեւ վստահեցուց, որ սուրիացի բոլոր քաղաքացիներուն եւ շրջանին մէջ ապրող ուրիշներու անվտանգութիւնը ամբողջութեամբ երաշխաւորուած է:
Նախքան այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղած են իրենց վերահսկողութեան տակ առնելու Մընպեժ քաղաքը եւ զայն պաշտպանելու թրքական յարձակումներուն սպառնալիքէն:
Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները նաեւ նշեցին, որ իրենց զինեալները Մընպեժէն հեռացած են` կռուելու համար Սուրիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ կայք հաստատած ՏԱՀԵՇ-ի մնացորդացին դէմ:
Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Սուրիոյ պետութեան, որուն կը պատկանինք իբրեւ հող, ժողովուրդ եւ սահման, կոչ կ՛ուղղենք իր զինեալ ուժերը ուղարկելու` ստանձնելու համար այս կէտերը եւ Մընպեժի շրջանը պաշտպանելու թրքական սպառնալիքներէն»:
«Մընպեժի շրջանէն մեր հեռանալէն ետք պիտի կեդրոնանանք Եփրատի արեւելեան ափին եւ այլուր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Ժիհան Ահմետ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Սուրիոյ բանակին Մընպեժ մուտք գործելուն եւ Դամասկոսի հետ աշխատանք կը տանին Թուրքիոյ առջեւ ճամբան փակելու: Ան ընդգծեց, որ այս համաձայնութիւնը կը վերաբերի Եփրատի արեւելեան ափի շրջանին:
Միջազգային Արձագանգ
Քրեմլին ողջունեց սուրիական բանակին Մընպեժ մուտքը` յայտարարելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն այսօր Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումներուն ընթացքին պիտի արծարծուի սուրիական բանակին Մընպեժ մուտքն ու շրջանին մէջ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւններուն հարցը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը իրաւունք չունին սուրիական բանակին կոչ ուղղելու` Մընպեժ մուտք գործելու, որովհետեւ քաղաքին պատասխանատու պաշտօնական իշխանութիւն չեն»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Սուրիական բանակը Մընպեժի մէջ հոգեբանական պատերազմ կը մղէ, եւ մինչեւ հիմա սուրիական ուժերուն քաղաք մուտք գործելուն վերաբերեալ փաստեր չկան»:
Ան յայտնեց, որ այսօր Մոսկուա այցելող թրքական պատուիրակութիւնը ռուս պաշտօնատարներուն հետ պիտի քննարկէ Մընպեժի հարցը` նշելով. «Թուրքիան կը ձգտի քիւրտ զինեալներուն Սուրիոյ մէջ դաս մը տալ»:
«Թուրքիան դէմ է Սուրիոյ մասնատման, մեր նպատակը ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն այդտեղէն հեռանալն է, եւ երբ ատիկա իրականանայ, մեզի համար ոչինչ պիտի մնայ այդ երկրին մէջ կատարելիք», ըսաւ ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց սուրիական բանակին Մընպեժ մուտքը եւ զայն նկատեց սուրիական հողերուն վրայ Սուրիոյ պետութեան գերիշխանութիւնը հաստատող քայլ մը:
Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Մոսկուա զգուշացուցած է Թուրքիան, որ պէտք չէ մուտք գործէ Սուրիա եւ պէտք է սուրիական բանակին արտօնէ, որ մուտք գործէ այն շրջանները, ուրկէ պիտի հեռանան ամերիկեան ուժերը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախապէս, յղում կատարելով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քաղաքական աղբիւրներու, հաղորդած էր, որ քիւրտ պաշտօնատարներ անցեալ շաբաթ այցելած են Մոսկուա` Ռուսիան համոզելու, որ սուրիական բանակը մղէ սահմանը թրքական յարձակումէն պաշտպանելու:
aztagdaily.com/archives/421774