Հայկական Երկու Հանրապետութիւններու Յարաբերութիւնները Պէտք է Ամենաբարձր Մակարդակի Վրայ Ըլլան. Աշոտ Ղուլեան

28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ անցնող տարուան ընթացքին շարունակած է աշխատանքը միջխորհրդարանական կապերը ընդլայնելու ուղղութեամբ:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին, այսօր կայացած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ ըսած է ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան՝ մանրամասնելով, որ այդ հարթութեան մէջ ամենակազմակերպուած յարաբերութիւնները ՀՀ Ազգային ժողովի հետ ձեւաւորած միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովն է:

«Մեզի համար առաջնահերթութիւն է միջխորհրդարանական կապերը զարգացնել այն երկիրներուն հետ, որոնք մշտական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Արցախի հանդէպ: Իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած է բարեկամական հինգ խումբ: Առաջինը ստեղծուած է 2012 թուականին Լիթվիայի Սէյմասին մէջ, որուն յաջորդած է Ֆրանսայի հետ բարեկամութեան խումբի ձեւաւորումը: Յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին տարբեր ձեւաչափերով: Բայց բոլոր պարագաներուն մեզի համար նպատակը ընդհանուր է՝ մեր երկրի միջազգային ճանաչումը, որ պիտի փորձենք իրականացնել նաեւ միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման միջոցով»,- նշած է Ա. Ղուլեան:

ԱԺ նախագահը անդրադարձած է նաեւ ՀՀ-ի մէջ ձեւաւորուած նոր խորհրդարանին եւ ընդգծած, որ համագործակցութիւնը անոնց միջեւ պիտի շարունակուի:

«Ունինք հայկական երկու հանրապետութիւն, որոնց յարաբերութիւնները, անկախ քաղաքական փոփոխութիւններէն, պէտք է ըլլան ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ հաշուի առնելով համազգային խնդիրները եւ ընդհանուր նպատակները»,- նշած է Ա. Ղուլեան:

yerakouyn.com/2018/12/28/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail