28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը 2018ը որակած է «Մենատէրներու տարի»՝ նկատել տալով, որ գերիշխող եղած են Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն այնպիսի արարքները, որոնք կը սպառնան մոլորակին ապահովութեան եւ կը վտանգեն միլիոնաւոր մարդոց կեանքերը։
Թրամփի նուիրուած բաժինը «Արկածախնդրութիւններ խենթանոցին մէջ» որակելով, թերթը երկրորդական մենատէրներու շարքին անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին՝ յիշեցնելով, որ ան երկիրը դէպի նախագահական համակարգի անցնելու ճանապարհը յաջողութեամբ հարթած է, յաւելեալ ուժ ձեռք բերելով:
Մենատէրներու ցանկին վրայ կան նաեւ Պրազիլի, Վենեզուելլայի, Ֆիլիփինի, Հիւսիսային Քորէայի, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարներուն անունները:
Թերթը կը նշէ, որ իրենց սեփական շահերը ժողովուրդներուն շահերէն վեր դասող այս մենատէրները իսկական վտանգ են ժողովրդավարութեան, կենսոլորտին եւ մարդկային տարրական իրաւունքներուն:
asbarez.com/arm/333731/