Ամերիկեան Ուժերը Սուրիոյ Մէջ Իրենց Առաջին Զինապահեստանոցը Դատարկեցին

31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ շրջանէն իրենց ուժերու հեռացման մասին յայտարարութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով դատարկած են զինապահեստանոց մը:

Աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ զինապահեստանոցը կը գտնուի Հասաքէ քաղաքին մօտ, եւ այդտեղ կ՛աշխատին շուրջ յիսուն զինուորներ: Պահեստանոցի պարունակութիւնը եւ զինուորները զրահապատ բեռնակառքերով փոխադրուած են Իրաք:

Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ այս պահեստանոցը մէկն էր անոնցմէ, ուր Միացեալ Նահանգներ Իրաքէն սպառազինութիւն կ՛ուղարկէր քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն յանձնելու համար:

aztagdaily.com/archives/421958

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail