Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով Փութինը Կը Շնորհաւորէ Փաշինեանը

31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Ուղերձին մէջ նշուած է.

«Յարգելի՛ Նիկոլ Փաշինեան,

Ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ ձեզ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան լուսաւոր տօներուն առիթով:

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան, մշակութային եւ հոգեւոր մտերմութեան բազմադարեան աւանդութիւններու վրայ: Մեր երկիրները կառուցողական համագործակցութեան մեծ փորձառութիւն կուտակած են քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական, մարդասիրական եւ միւս մարզերուն մէջ:

Յոյս ունիմ, որ մենք պիտի շարունակենք զարգացնել հայ-ռուսական փոխշահաւէտ կապերը բոլոր ուղղութիւններով: Ատիկա կը համապատասխանէ մեր եղբայրական ժողովուրդներու շահերուն, շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման:

Ձեզի եւ ձեր մտերիմներուն կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն, իսկ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն` բարօրութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում»:

aztagdaily.com/archives/421978

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail