03 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Կը գտնուինք Նոր տարուան սեմին:
Մեր կեանքին մէջ Նոր տարին փուլ մըն է` ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան ճամբով մեր անձին հետ ըլլալու: Մեր անձին հետ ըլլալ, կը նշանակէ անցնող օրերուն մեր ապրած կեանքն ու մեր կատարած գործը քննել ու արժեւորել: Վստահ ենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իրագործումներ կատարեց, յաջողութիւններ ունեցաւ, բարիքներ գործեց. միաժամանակ, իբրեւ անկատար արարածներ, թերացումներ ունեցաւ, սխալներ գործեց: Այդ բոլորի մասին հարկ է մտածել` սխալը չկրկնելու յանձնառութեամբ: Աստուած, մեր երկնաւոր հայրը, ներող է, ինչպէս ներեց Անառակ որդիին: Նոր տարուան սեմին, Աստուծոյ դիմաց կոչուած ենք վերահաստատելու մեր հաւատքն ու ուխտը` քալելու Աստուծոյ ցոյց տուած ճանապարհէն, մեր կեանքը բարի գործերով հարստացնելով:
Նոր տարին Աստուծոյ դառնալու առիթ է ու միաժամանակ` մեր նմանին: Եկէք պահ մը մտածե՛նք, թէ`
Այսօր մեր ազգային կեանքին մէջ որքա՜ն կարիքաւոր ընտանիքներ կան, որոնց կը պակսի նոյնիսկ ամէնօրեայ հացը. մտածե՛նք անոնց մասին:
Այսօր մեր կեանքին մէջ որքա՜ն ուսումնատենչ աշակերտներ կան, որոնք նիւթական պատճառներով չեն կրնար իրենց ուսումը շարունակել. մտածե՛նք անոնց մասին:
Այսօր, մեր ընտանիքներուն, մեր շրջապատին մէջ հիւանդներ կան, որոնք կարիքը ունին բժշկական խնամքի. մտածե՛նք անոնց մասին:
Այսօր, ինչ-ինչ պատճառներով բանտերու խուցերուն մէջ տառապող հայորդիներ կան. մտածե՛նք անոնց մասին:
Այսօր, Արցախի ու Հայաստանի ճակատներուն վրայ գիշեր ու ցերեկ ձիւնին ու բուքին մեր հայրենիքը պաշտպանող զաւակներ ունինք. մտածե՛նք անոնց մասին:
Եկէ՛ք սիրելի հայորդիներ, մտածենք Հայաստանի ու Արցախի մասին, որոնք կարօտը ունին իւրաքանչիւր հայու զօրակցութեան. Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը իւրաքանչիւր հայու ու ամբողջ հայութեան հզօրացումն է:
Սիրելի՛ զաւակներ հայ ժողովուրդի,
Ո՛չ միայն մտածենք նման վիճակներու մէջ գտնուող մեր հայրերուն ու մայրերուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն մասին, այլ նաեւ ու մանաւանդ սիրոյ ու օգնութեան ձեռք երկարենք անոնց: Չմոռնանք Քրիստոսի պատուէրը` «որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մատթ. 25, 40): Ա՛յս է քրիստոնեայ ըլլալու ճշմարիտ ճամբան: Չմոռնանք, որ մենք, ո՛ւր որ ալ գտնուինք, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ապրինք, նոյն ազգին զաւակներն ենք: Մեր միասնականութիւնը եկէք գործնապէս արտայայտենք իրարու օգնելով, զիրար սիրելով:
Բացուող Նոր տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն կ՛օրհնենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները եւ կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր երկնային բարիքներով պայծառացնէ իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան կեանքը: Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ հեռու պահէ մեր ազգն ու հայրենիքը ամէն տեսակ չարիքէ: Թող Նոր տարին իւրաքանչիւր հայու ու ամբողջ հայութեան կեանքին մէջ նորանոր իրագործումներով լեցուն տարի մը ըլլայ:
Հայրական ջերմ սիրով:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 յունուար 2019
Անթիլիաս