13 հոկտեմբեր 2015
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւնները պիտի սկսին մինչեւ տարեվերջ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը նշուի Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքին մէջ:
Հոկտեմբեր 12-ին Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը հրամանագիր ստորագրած է Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ նոր համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկի համար: Նոր համաձայնագիրը կը փոխարինէ այժմ գործող Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագրին: «ԵՄ-ն յանձնառու է Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս Հայաստանի հետ շարունակաբար զարգացնելու եւ ամրապնդելու համապարփակ համագործակցութիւն` համատեղ կարեւորութեան բոլոր ոլորտներու մէջ»,- կ՛ըսուի կայքին մէջ:
Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի գագաթնաժողովի ընթացքին 2015 թուականի Մայիս 22-ին` Եւրոպական Միութիւնը եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, որ կ՛ողջունէ ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ նոր համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ փոխհամաձայնութիւնը:
http://www.yerakouyn.com