02 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 –:
Յ. Պալեան
Հայաստան բաւական ներուժ եւ հզօրութիւն չունի ինքնիրեն ընծայելու համար անտեսումներու եւ պառակտումներու պերճանքը: Ճիշդ է, ժողովուրդը քուէարկեց, ժողովրդավարական կարգ է, Սահմանադրութեան տրամադրութիւնները պէտք է յարգուին:
Թուղթի վրայ գրուած օրէնքէն տարբեր, կայ նաեւ ազգի եւ հայրենիքի միութեան, միացման, գոյատեւման եւ ինքնութեան մեր ճակատագրին դաջուած անգիր օրէնքը, որուն ըմբռնումով միայն կրնայ զարգանալ եւ ամրանալ հայրենատիրութիւնը, որ մասնակի խնդիր չէ, քուէարկութեան մը պատահականութեամբ չի բացատրուիր, երբ գիտենք որ ընտրական արդիւնք մը միայն ժամանակաւոր է:
Հայաստանի վերանկախացումը երեք տասնամեակէ ի վեր, ոչ միայն փոխեց Հանրապետութեան դիմագիծը, այլ փոխեց նաեւ ՍՓԻՒՌՔ կոչուած անբնականութեան հոգին, գիտցանք, որ ծովերու հայ տատանող զանգուածներու նաւերը, հասնումի կայան մը ունէին: Իրենց ինքնութեան կառչած էին իրենց մշակոյթի ծփացող լաստին վրայ, իրատեսութեամբ, գիտնալով որ այդ լաստը ապաստան չէր, չէր դիմանար ժամանակի աւերին եւ մարդոց ուղղակի կամ անուղղակի նախայարձակումներուն:
Խորհրդային եօթանասուն տարիներու ընթացքին Հայաստան չէր կրնար եւ չուզեց ունենալ ամենայն հայոց ղեկավարում, առանց տիրոջ եւ ծառայի յարաբերութեան: Վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին Հայաստան կարծէք կը շարունակէ խորհրդային աւանդութիւնը, որ օրին սահմանուեցաւ հողակտորի փրկութեան կարգախօսով: Զանգուածին չներշնչուեցաւ մէկութեան եւ միացման կառուցողական գիտակցութիւնը, եւ պէտք չէ զարմանալ երբ լսէք հայ կնոջ խօսքը, ըստ որուն դուք հոս կու գաք մեզ անհանգստացնելո՞ւ: Այս բեմէ ըսուած ամբոխ քնացնող խօսք չէ, այլ մտայնութեան մը անշպար դրսեւորումը:
Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը Սփիւռքի նկատմամբ չունեցան եւ չունին հաւասարի նկատում, ինչ կը վերաբերի ազգի ճակատագրի տնօրինման: Աւելի սիրով եւ հանդուրժողութեամբ կ’ընդունին բարեսիրութիւնները, անհատական կամ թէ հաւաքական-միութենական, քան քաղաքական, կրթական, մշակութային մարզերու մասին կարծիքները եւ դիրքորոշումները՝ երբ անոնք կու գան սփիւռքէն, մանաւանդ երբ անոնք հաւաքական-կազմակերպուած կամքի մը արտայայտութիւն են:
Յետխորհրդային երեսուն տարիներուն ոչինչ կատարուեցաւ եօթանասուն տարիներու ընթացքին կատարուած «սեւացրէ՛ք»ի պետական քաղաքականութիւնը սրբելու համար հանրութեան յիշողութենէն: Գէորգ Աբովի «Դուք դաշնակ շներ» ծառայական քարոզչութիւնը դրոշմած հանրային հոգեբանութիւնը սրբագրել-ուղղելու աշխատանք չկատարուեցաւ, յաճախ ալ շեշտուեցաւ: Օրինակ, տաքսիի վարորդը համոզումով կ’ըսէ, որ «դաշնակները չարիք գործած են Հայաստանի նկատմամբ»: Օրին, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր ուքազով Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը արգիլեց Հայաստանի մէջ, Սեւան քաղաքի միութիւններու շէնքին մէջ հանդիպումի մը ընթացքին, հայ երիտասարդ համալսարանականը կացութիւնը կ’ըմբռնէր հետեւալ ձեւով. «Ան նախագահ է եւ գիտէ»: Անտեղեակութիւն եւ ուղղհայեաց դատումի բացակայութեան տեւող մշակոյթ:
Երեւանի քաղաքապետական եւ Հայաստանի խորհրդարանական յաջորդական ընտրութիւնները, ցոյց տուին որ մտայնութիւնները համազգային չեն, տեղական, հողակտորային եւ խորհրդային ժառանգութիւն են: Հայաստան շատ կը խօսուի հայ «աւանդական կուսակցութիւններ»ու մասին, բայց ոչ ոք կը զարմանայ եւ կ’անհանգստանայ, որ անոնք բացակայ պահուին վերանկախացած Հայաստանի բեմին վրայ: Այս երեւոյթը ըստ արժանւոյն, առանց կիրքի, առանց յաղթականի եւ պարտուածի վերաբերումներու, քննութեան չ’ենթարկուիր եւ չի մատուցուիր Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի զանգուածներուն, որպէսզի քանդուին ներազգային բաժանման պատնէշները: Զանոնք հարկ է քանդել ոչ թէ յաւելեալ իրաւունք ձեռք բերելու համար, այլ՝ յաւելեալ պարտքի եւ փոխլրացման իմաստութեամբ: Այս կրնայ ընել լուսաբանուած հանրային կարծիքը, զոր պէտք կատարէին, կատարած ըլլային, պետութիւնը եւ մտաւորականութիւնը:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զոյգ ընտրութիւնները, հակառակ երկրին մէջ անոնց ստեղծած յոյսի ալիքին, եւ դուրսը արեւուն տակ տեղ փնտռող անբաւարարուածութենէ տառապող եսերու աղմուկին, չբերին յաւելեալ պարտքի գիտակցութեամբ փոխլրացման ազգային իրաւութեամբ յատկանշուող գիտակցութեան պատկերը: Փոխան համագործակցութեամբ ժողովրդավարութեան, ծնունդ առաւ ամբոխային տրաբամաբանութեամբ գործող միանձնեայ ժողովրդավարութիւնը, որ շնչահատ պիտի ըլլայ, քանի որ Հայաստան պէտք է ունի համազգային համագործակցութեան, իր բազմապիսի անլոյծ հարցերը դիմագրաւելու եւ անոնց լուծումներ գտնելու համար:
Երբ անցնի «յաղթանակ»ի գինովութիւնը, երբ հարկ ըլլայ գայթակղութիւններէն անդին ազգային-պետական խնդիրները լուծելու համար հաւաքական ուժ եւ կամք դրսեւորելու, այն ատեն պիտի տեսնենք վտանգը, եւ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ վերատեսութիւններ ընել, եթէ մինչ այդ յուսախաբութիւնները եւ պառակտումները իրենց աւերը գործած չըլլան:
Հիմա արդէն կը խօսուի Ազգային Ժողովէն դուրս ընդդիմութիւն կազմակերպելու մասին, ինչ որ կը նշանակէ իշխանութեան տատանումները կամ սխալները ճարակ դարձնել ամբոխային հակազդեցութիւններու, փոխան կառուցողական երկխօսութեան եւ գործակցութեան: Մեծ մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար, որ վաղը Երեւանի կամ այլ քաղաքներու նոր կամ նոյն մարդիկ բողոքի համար ոտքի կրնան ոտքի ելլել: Ամբոխի անբաւարարութեան զգացումները շատ դիւրաւ կը շահագործուին կարգախօսներ հրապարակ նետելով, երէկի քուէն վերածելով վաղուան զղջումի:
Հայաստանի զոյգ քուէարկութիւնները իրենց միագոյն արդիւնքով չե՞ն յիշեցներ ոչ հեռաւոր անցեալը: Քաղաքացիին ողջմտութեան պէտք է դիմել, ոչ կիրքին, ապագայ կառուցելու համար:
Իսկ սփիւռք(ներ)ի հետ յարաբերութիւնները, կապեր, գործակցութիւնները եւս ուղղահայեաց պէտք չէ ըլլան, այլ ըլլան հորիզոնական, ճշմարիտ համագործակցութիւն եւ ոչ զգացական հայրենասիրութեան չարաշահում եւ անոր հետեւող անտեսում:
Հայութիւնը ունի ազգային հիմնահարցեր, քաղաքական եւ մշակութային, որոնք չեն վերաբերիր միայն Հայաստանի: Այս պատճառով ալ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը ձեւական չի կրնար ըլլալ, պէտք չէ ըլլայ, ան պէտք է ունենայ իսկական կազմակերպում եւ անհատական-քաղքենիականէ տարբեր համազգային ըմբռնումով ենթահող:
Եւ սխալ չ’ըլլար երբեմն հարց տալ, ներսը եւ դուրսը, որ հայրենատիրութիւն եւ ազգի մէկութիւն քաղաքական առաջադրա՞նք են, թէ սոսկ բաժակաճառ, հոգեկան-հոգեբանական բաւաւարութիւննե՞ր եւ տուրի՞զմ, թէ աւելին, եւ ո՞ր աւելին:
Այս հարցերու մասին պէտք է խօսիլ ժողովուրդին հետ, պէտք է կարենանք խօսիլ իրարու հետ: Քաջութիւն պէտք է երբեմն խօսակիցին ըսել՝ դուն ալ ճիշդ ես, իրաւունք ունիս:
horizonweekly.ca