ԵՈՒՆԵՍՔՕն Հայկական Պորտասարը Ներառած Է Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին Վրայ

04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

«Ակունք»ը՝ վկայակոչելով «Եուրօ Նիւզ»ը կը հաղորդէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕն որոշած է Թուրքիոյ ներկայ տարածքին մէջ գտնուող հայկական Պորտասարը (թրքական անուանումը՝ Կէօպեքլիթեփէ) ընդգրկել Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին վրայ:

Աղբիւրին համաձայն՝ սոյն որոշումը Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն ընդունած է 3 Յուլիս 2018ին, Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած իր 42րդ նիստին ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ 6 տարի առաջ Պորտասարը ներառուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցանկին վրայ:

Պորտասարի հնավայրը կը համարուի աշխարհի ամենահին տաճարին հայրենիքը, որ ըստ մասնագէտներու՝ շուրջ 12,000 տարուան հնութիւն ունի:

1995էն ի վեր գերմանացի եւ թուրք հնագէտներ պեղումներ կը կատարեն այդտեղ: Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, որ առայժմ յայտնաբերուած է սոյն հնավայրին 5 առ հարիւրը միայն:

asbarez.com/arm/334330/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail