04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ – ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ:
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին «Հայ Շարժում» եռամսեան, որ թեւակոխած է իր 40րդ տարին, կը հաղորդէ, թէ Հայագիտականին նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբեր 12էն 13 տեղի ունեցաւ Երիտթուրքերու հիմնադրութեան, գաղափարաբանութեան եւ կառոյցին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը, կազմակերպութեամբ՝ Հայագիտական ծրագիրը համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի եւ դոկտ. Ումիթ Քիւրթի։
Գիտաժողովը իրականացաւ հովանաւորութեամբ Թամըս Ա. Գույումճեանի ընտանիքի հիմնարկութեան, Մ. Վիքթորիա Գազանի անուան հիմնադրամին։
12 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, փրոֆ. Տէր Մկրտիչեանի բացման խօսքով ընթացք առաւ գիտաժողովը, որմէ ետք բանախօսեց դոկտ. Ռէյմընտ Գէորգեան, ներկայացնելով «Երիտթուրքերու իշխանութիւնը» նիւթը:
Ապա, դոկտ. Հանս Լուքաս Քայզըր ներկայացուց իր պատրաստած՝ «Թալաթ փաշա եւ Զիա Կոքալփ» ուսումնասիրութիւնը, մինչ Տողու Քոշքունթունա բանախօսեց Երիտթուրքերուն մօտ հայրենիքի եւ ազգի հասկացողութեան մասին՝ հիմնուած անոնց յուշագրութիւններուն վրայ:
Գիտաժողովը շարունակուեցաւ 13 Հոկտեմբերի առաւօտեան: Այս նիստին ընթացքին ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին դոկտ. Եքթան Թիւրքեըլմազ (Երիտթուրքերու եւ Դաշնակցութեան միջեւ կապերուն մասին), Տիգրան Խալիկեան («Երբ յեղափոխականները կը գտնուին կառավարելու պարտադրանքին տակ») եւ դոկտ. Ումիթ Քիւրթ («Երիտթիւրքերու կառոյցը Այնթապի մէջ»): Նիստը համակարգեց դոկտ. Սերճիօ Լա Փորթա։
asbarez.com/arm/334297/