Հայկական Լրատուամիջոցներու Մասին Աազատ Խոհեր՝ Նոր Տարուան Սեմին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

05 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

Մեր հանրապետութիւնը եւ անոր մամուլը միասնաբար պիտի բարձրանան կամ միասնաբար իյնան:

ԺՈԶԷՖ ՓՈՒԼԻՑԸՐ

(1847-1911)

 

Hagop BalianՀասարակութիւն-պետութիւն եւ ընդհանուր բնորոշումով մամուլ, մետիա (medias), սերտ առնչութիւն ունին, այսինքն մէկը կ՛ապրի միւսին հետ: Այս միտքը խիտ տարազով մը կ՛արտայայտէ ամերիկացի մեծ լրագրող Ժոզէֆ Փուլիցըր, որ իր դրոշմը դրած է ամերիկեան մամուլին վրայ: Ըսուածը ի զօրու է բոլոր ժողովուրդներուն եւ մեզի համար, Հայաստան եւ սփիւռքներ:

Մամուլը, իր բոլոր ձեւերով, տեղեկատուական միջոց է, ոչ միայն անմիջական: Անիկա բեմն  է նաեւ մտածումներու խմորման, ազնուացման, նորի եւ նորացման արձագանգի, անհատներու եւ ժողովուրդի ակնկալութիւններու արձագանգի էջը: Գաղտնիք չէ, որ ժամանակակից ընկերութեան մէջ, դրամատիրութիւն եւ քաղաքականութիւն, երկրորդը իր բոլոր ձեւերով եւ բոլոր մակարդակներու վրայ, գործիքի վերածելով մամուլը, զայն մղեցին իր առաքելութենէն հեռանալու, կորսնցնելու իր իրաւ պարտականութեան առաքինութիւնը (deontologie): Այսօր անվարան կը խօսուի մամուլի (մետիաներու) հանդէպ վերապահութեան, անոնց ընդհանրապէս որակի, մշակութային եւ տեղեկատուական անաչառութեամբ յատկանշուող բարոյականի անկման մասին:

Երկիրներու մամուլը (մետիա) կը հակակշռուի մեծ դրամագլուխի (դրամատէրերու) կողմէ, ուղղակի սեփականացումով, կամ ծանուցումներու եկամուտի ծորակը բանալով եւ գոցելով: Կան դրամատէրեր, որոնք տէր են բազմաթիւ թերթերու, եւ հեռատեսիլի կայաններու իրենց երկրին մէջ, նաեւ իրենց երկրէն դուրս: Պէտք է յիշել Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնին, որ տէր էր բազմաթիւ հեռատեսիլային կայաններու, որոնց միջոցաւ կը հակակշռէր հանրային կարծիքը, իր քաղաքական ազդեցութիւնը ծաւալելու համար: Ընթերցողը կը զգայ, որ իր կարդացած մէկ կամ միւս թերթին էջերը կամ տուեալ հեռատեսիլի լուրերու ընտրութիւնը նոյն ուղղութեամբ կ՛ընթանան: Ի հարկէ կան անկախ համարուող թերթեր, որոնք այս կամ այն խմբաւորման տեսակէտներուն նախապատուութիւն կու տան, պահելով հանդերձ բազմակարծութեան դիմագիծ: Հետեւաբար մամուլի անաչառութիւնը լրագրողին դժուար իրականացող ցանկութիւն է:

Այս կացութիւնը գաղտնիք չէ, ընթերցողները գիտեն, բայց կը շարունակեն լսել եւ հաւատալ իրենց հրամցուած տեղեկութիւններուն, մանաւանդ երբ անոնք իրենց նախասիրութիւններուն հունով կ՛ընթանան: Տեւաբար արթուն մնալու եւ ողջմատութենէ չհրաժարելու ճիգը քիչեր կ՛ընեն, այս պատճառով ալ քաղաքական կեանքը վերիվայրումներ կ՛ունենայ: Ոմանք կը հաւատան, որ համացանցը (internet) եւ ընկերային ցանցերը աւելի ճիշդ եւ առարկայական ըլլալու հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն, սակայն, դժբախտաբար, անոնք անդուռ, անհակակշիռ եւ անորակ տեղեկութիւններ շրջագայութեան մէջ կը դնեն, կը չարաշահուին անհատներու եւ խմբակներու կողմէ, սուտի, զրպարտութեան եւ գայթակղութեան բեմ ալ կը դառնան, կը զարգացնեն ամբոխային տրամադրութիւնները եւ անոնց հետեւող ամբոխային տրամաբանութիւնը, որ անպայման լուսաբանուած հանրային կարծիք չէ:

Հանրային կարծիքը առաջնորդելու միջոցները եւ տարազները կը մշակուին ոչ թէ առարկայական դատումներ յառաջացնելու համար, այլ ճնշում բանեցնելու մտածումներու եւ ընտրանքներու վրայ: Ամերիկեան նախագահական ընտրութեան ներկայացուած Տուայթ Այզընհաուըր անունը անմիջականութիւն չունէր, եւ ծանուցումի մասնագէտներ այդ երկարապատում բառը փոխանակեցին ԱՅՔով, որ զօրավարին տրուած անունն էր զինուորներու կողմէ: Աւելի հին եւ միշտ տեւող հանճարեղ տարազ մըն է քրիստոնէական հրաւէրը՝ «սիրեցէ՛ք զիրար»: Կարճ, կտրուկ, տպաւորիչ, անմիջական: Բայց անիկա արգելք չեղաւ այդ տարազը կրկնող ժողովուրդներու պատերազմներուն, ներազգային շահագործումներուն:

Այս տպաւորելու, ազդելու, առաջնորդելու միտումը միշտ եղած է, նոյնիսկ երբ այսօրուան բազմաբնոյթ եւ հզօր մամուլ-«մետիա»ները չկային:

Մամուլը անձերու, առեւտրական ընկերութիւններու եւ քաղաքական խմբաւորումներու շահերուն ծառայելով, տպաքանակ եւ audimat աւելցնելով՝ կը հետապնդէ իր տարածումը, այսինքն նիւթական շահ եւ ապահովութիւն հետապնդելով կը հեռանայ իր կոչումէն:

Հեռատեսիլը քաղաքական գործիչներու թատերական բեմ է. «տեսնուիլ» եւ «տպաւորել»: Երեւոյթը նոր չէ: Այդ տպաւորելու թատերական խաղը միշտ եղած է: Մեծն Աղեքսանտր եւ «Գորդեան Հանգոյց»ը կամ Նափոլէոն երբ գիշերով կը շրջէր իր զինուորներուն վրանները: Ինչպէս այդ կ՛ընեն հիմա, «քաղաքական խօսք» փոխանցելու համար կը դիմուի երգիչներու, փողի եւ թմբուկի:

Գաղտնիք չէ. քաղաքական դէմքեր, կազմակերպութիւններ եւ դրամատէրեր կը հակակշռեն մամուլը (մետիա): Ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի անիկա վերանուաճէ իր ազատութիւնը եւ առաքինութիւնը: Հարցումին պատասխանը կրնան տալ միայն մամուլի աշխատաւորը, լրագրողը, խմբագիրը եւ ընթերցողը՝ իր խստապահանջութեամբ, որակի եւ ազատ մտածողութեան հաւատարմութեան ըմբռնումով: Եւ դէմ դիմաց կը գտնուինք հիմնական նշանակութիւն ունեցող հարցումին, որուն պատասխանն ալ կրնանք գտնել նոյնինքն հարցումին մէջ. լրագրողը անկա՞խ է, կրնա՞յ անկախ ըլլալ, երբ մամուլը կը պատկանի քաղաքական անձի մը կամ անձի մը՝ որ քաղաքական  եւ տնտեսական շահեր ունի:

Լրագրողը կրնայ հաշտուիլ կացութեան հետ եւ հետեւիլ պահանջուածին կամ պատշաճելով հանդերձ հաւատարիմ մնալ իր ասպարէզի բարոյականին, ի հարկէ շատ դժուար հաւասարակշռութիւն մը, որ կը նշանակէ չխրիլ ծառայութեան մէջ եւ միաժամանակ չըսելիքը գիտնալ, պահելով իր անկախութիւնը: Այս պատշաճեցումը դժուար է, բայց անկարելի չէ, ինչ որ յաճախ կը տեսնենք մամուլի ուղղութեան եւ ուղղուածութեան կուրօրէն չհետեւող էջերու մէջ: Չըսելիքը գիտնալով լրագրողը տուրք չի տար եւ իր անկախութիւնը կը պահէ:

Այս ընթացքը մնայուն պահանջ է, քանի որ մամուլը պէտք ունի նիւթական նեցուկի կարենալ տեւելու համար:

Այս բարոյական վերաբերումները արգելք չեն, որ մամուլը ունենայ այս կամ այն հակումը, մանաւանդ երբ կ՛ապրինք ամէնուրեք քաքաղականացած մթնոլորտի մէջ: Այսինքն իրողութիւնները պէտք է անթաքոյց դարձնել հանրութեան սեփականութիւնը, չխեղաթիւրել, բայց ունենալ անոնց նկատմամբ սեփական կարծիք եւ դատում: Իսկ քաղաքական դէմքը կամ քաղաքական եւ տնտեսական շահեր հետապնդողը, որ տէր է մամուլին կամ զայն կը հակակշռէ, կը շահի, եթէ չմիջամտէ բովանդակութեան մէջ, թոյլ տայ տարբեր կարծիքներու արտայայտութեան, ինքնիրեն վարկ կ՛ապահովէ որպէս ժողովրդավար եւ ջատագով ազատ մամուլին, հետեւաբար՝ ազատութիւններու: Ի վերջոյ, մամուլը ուղղակի կամ անուղղակի կրկնութիւն-կարգախօսներու բեմ չէ, որմազդ չէ, ոչ ալ ընթերցող զանգուածը բանակ համարող տասնապետ կամ զօրավար:

Մամուլը իր մահկանացուն կը կնքէ երբ կը վերածուի տպագրական մեքենայի մը, որ կը կրկնէ ձեռք բերուած լուրերը, անոնք ըլլան միջազգային թէ ներազգային, եթէ չպատասխանէ հաւաքականութեան լուսաբանուելու ակնկալութիւններուն եւ հետաքրքրութիւններուն:

Ինչ ալ ըլլան լրագրողի եւ խմբագրական կազմի ըմբռնումները, միշտ կայ ազդեցութիւնը իշխանութեան մը, որ նոյնիսկ երբ ամէն օր չի տեսնուիր անոր էջերուն վրայ, որ կը թելադրէ ուղղութիւններ, ըսելու համար, թէ որ հարցին կամ որ անձին աւելի կամ նուազ կարեւորութիւն պէտք է ընծայել: Այս ձեւով ալ կը նուազի լրագրողին արտայայտութեան անկախութեան դաշտը: Իշխանութեան հակադրուելու ուժ, իշխանութենէն վեր եւ հակա-իշխանութիւն կարենալ ըլլալու համար, մամուլը մատակարարման անկախութիւն պէտք է ունենայ: Կա՞յ այդ անկախութիւնը, անիկա կրնա՞յ ըլլալ: Այդ անկախութեան բացակայութիւնը կը ստիպէ, որ մամուլը ստիպուի որոշ ինքնասահմանափակումներ ունենալու, նոյնիսկ՝ հաճոյակատարութիւններ: Այս խիղճի հարց է արդէն: Բայց կայ նաեւ կեանքի հարկադրանքը, եւ խիղճի հարցը երբեմն կամ յաճախ լրագրողը կը դատապարտէ ինքնագրաքննութեան կամ պահելու դիրքը՝ այլ հեռանկարներու համար. պաշտօնի բարձրացում կամ քաղաքական ասպարէզի մէջ յաջողութիւն:

Թերթերու, ձայնասփիւռներու եւ հեռատեսիլի կայաններու բազմազանութիւնը անպայման երաշխիք չէ առարկայականութեան, քանի որ բոլորն ալ ստիպուած են նկատի ունենալ եկամուտներու հարցերը՝ կարենալ տեւելու համար: Ուրկէ՝ ենթակայութիւնները: Այսինքն, մամուլի եւ մետեաներու տնտեսական կառոյցի վերածումը եւ քաղաքականացումը (պատկանելիութեան իմաստով) անխուսափելիօրէն կ՛առաջնորդեն բարոյական զիջումի: Հակառակ այս նշումներուն, մամուլը ժողովրդավարութեան տարածման եւ զարգացման փեթակն  է, ուրկէ հրապարակագիրը, առաւել կամ նուազ հետեւողականութեամբ, ան իր տեսակաւոր մեղրը կը սրսկէ:

Ամէն օր քիչ մը աւելի կը նկատուի գրուած-տպուած մամուլի նահանջը: Անցեալին անիկա միակ մետիան էր: Թերթերը փոփոխութիւններու եւ յեղափոխութիւններու առանցքին էին: Յեղափոխութիւններու գլխաւոր զէնքը տպարանն էր: Ձայնասփիւռը եւ հեռատեսիլը հանդիսացան անոր մրցակիցները, առանց զայն ամբողջովին փոխարինել կարենալու: Այժմ, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը եւ համացանցը, իրենց անմիջականութեամբ, նեղցուցած են տպագիր մամուլի տարածքը: Հաւանօրէն տպագիր մամուլի ապագան շաբաթաթերթն է, ուր լուրերու համադրումին հետ կը ներկայանայ նաեւ անոնց վերլուծումը, գնահատումը: Բայց միշտ  ի մտի պէտք է ունենալ, որ տպագիր մամուլը իր ըթերցողներու գնած թերթերուն գումարով չի կրնար ապրիլ կամ իրեն տէր դարձող դրամատէրին կամ ծանուցումներու պէտք ունի, երկուքին ալ միաժամանակ: Ալ չենք զարմանար, երբ լրատուական գործակալութեան մը հաղորդածը, նոյն ձեւով, լոյս կը տեսնէ ամէն տեղ: Հարցախոյզները սուղ կ՛արժեն, հետախուզող լրագրութիւնը ծախսալից է:

Ի՞նչ կը վերապահէ ապագան, նոյնիսկ մեծ տպաքանակ ունեցող մամուլին համար:

Եւրոպայի մէջ ձրի բաժնուող թերթերը կու տան օրուան լուրերը. անոնք, ընկերանալով հեռատեսիլի լուրերուն՝ կը բաւարարեն զանգուածը: Արդեօք տպագիր մամուլին ապագան այդ ձրի բաժնուող եւ ծանուցումով ապրող թերթե՞րն են:

Այս ընդհանրութիւնները կարեւոր են, աւելորդ չեն, որպէսզի հասկնանք հայ մամուլին ներկան եւ ապագան, առանց բարոյախօսական ճառի: Կրնայինք լուսաբանուիլ եւ ապա մտածել, եթէ անկախաբար հայ մամուլի տպաքանակէն (որ չի յայտարարուիր), հարցախոյզ կատարուէր նաեւ գաղափար մը կազմելու անոնց ընթերցողներու թիւին մասին, մոռնալով անոր աւանդական դերը, մտածելով անոր ապագայի դերին մասին: Նկատի պէտք է առնել նաեւ, որ եթէ տպաքանակը դադրի հետաքրքրական ըլլալէ ծանուցողին համար (ճաշարաններ, խորտկանոցներ, շապիկի եւ տաբատի, սառնարանի, լուացքի մեքենայի, հեռատեսիլի վաճառք), թերթ գնողը չէ որ պիտի կարենայ պահել թերթը:

Վաղը ուշ է: Այսօր պէտք է որոշել, թէ ի՞նչպէս հայ մամուլը պիտի տեւէ եւ հասնի իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ: Այս հարցը աւանդական դարձած մեր կողմնապաշտութիւններէն վեր է: Այս մասին պէտք է խօսիլ ոչ թէ սեղմ շրջանակներու մէջ, այլ նաեւ իւրքաքանչիւր հայու հետ, քանի որ այդ իւրաքանչիւրը պէտք է գիտնայ ըլլալ տէր եւ ծառայ:

Այս արդէն ինքնագոհութեամբ տեւող մամուլի հարց չէ միայն, այլ համազգային ղեկավարումի հեռանկարային խնդիր, Հայաստան եւ սփիւռքներ:

Ժոզէֆ Փուլիցըրի մտածումը, «Մեր Հանրապետութիւնը եւ անոր մամուլը միասնաբար պիտի բարձրանան կամ միասնաբար իյնան», պիտի բերե՞նք մեր մակարդակին:

Ժամամանակակից եւ վաղուան ընկերութեան հետ քայլ պահելու եւ Սփիւռք(ներ)ը չթաղելու համար պատմութեան թիւերուն եւ թուականներուն տակ, ինչպէ՞ս հայ մամուլը պիտի հասնի իւրաքանչիւրին եւ ինչպէ՞ս իւրաքանչիւրը տէր պիտի ըլլայ անոր:

«Ամէն տեղ հայ կայ»ի միգամածի հարազատութեամբ միացման եւ շաղկապման խնդիր ունինք:

Կը սիրենք կրկնել Շէյքսփիրի խօսքը, «լինել կամ չլինել», խնդիր՝ որ վաղուան չի կրնար սպասել:

asbarez.com/arm/334411/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail