13 հոկտեմբեր 2015
Խմբագրական ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ
Քրտական շրջանակներու դէմ իրականացուած պայթումին պատասխանատուները մատնացոյց ընելով, թրքական կառավարութիւնը մեղադրանքները հասցէագրեց ՏԱՀԵՇ-ին, ՔԱԿ-ին եւ ծայրայեղ ձախակողմեաններուն:
Կառավարամէտ շրջանակներ պայթումին նպատակը կեդրոնացուցին թուրք ժողովուրդի մասնատման նպատակին վրայ: Մասնատում բառը շատ սկսած է հոլովուիլ թրքական կառավարական շրջանակներուն կողմէ: Յատկապէս ընտրութիւններու նախօրեակին միջազգային շրջանակներու կողմէ Թուրքիոյ մասնատումին առաջադրուիլը ուղղակի ամբաստանութիւն էր, հնչած` նախագահ Էրտողանի կողմէ:
Հիմա եթէ փորձենք պահել յայտարարութիւններու հետեւողականութեան քաղաքական տրամաբանութիւնը, կը ստանանք այն, որ միջազգային ընտանիքը արեւմտամէտ համաշխարհային լրատուամիջոցներու ճամբով եւ քաղաքացիական շարժումներ հրահրելով, ըստ Թուրքիոյ նախագահին, առաջադրանք ճշդած է մասնատել Թուրքիան: Այս յայտարարութիւնը կատարուած էր խորհրդարանական կայացած ընտրութիւններուն, որոնցմէ ետք իշխող կուսակցութիւնը կորսնցուց միայնակ կառավարութիւն կազմելու իրաւասութիւնը, քրտամէտ կուսակցութիւնը յաղթահարեց անցողիկութեան շեմը եւ նկատառելի մուտք գործեց խորհրդարան:
Հիմա, պայթումին առիթով միջազգային ահաբեկչութեան սահմանում կը կատարուի եւ կը հաւասարեցուին ՏԱՀԵՇ-ը, ՔԱԿ-ն ու ծայրայեղ ձախակողմեանները: Խորքին մէջ սակայն հաւասարեցումը յայտարարողական է: Անգարայի համար ահաբեկչական թշնամին առաւելաբար երկրորդ եւ երրորդ անուանակարգերն են, մինչ առաջինը գէթ որոշ ժամանակի համար եւ որոշ պայմաններու մէջ` օգտագործելի գործիք:
Հոս կանգ չ՛առներ սակայն դիրքորոշումներու հետեւողական տրամաբանութիւնը: Կառավարամէտ թրքական «Սթար»-ը, այլ խօսքով կառավարութեան հիմնական խօսափողներէն մէկը Անգարայի պայթումին նպատակը կը նկատէ ժողովուրդի մասնատումը:
Ուրեմն քաղաքացիական շարժումները եթէ նախագահին տրամաբանութեամբ նպատակ ունէին երկիրը մասնատել, ապա պայթումը նպատակ ունի ժողովուրդը մասնատել, ըստ դարձեալ պաշտօնական Անգարային: Մինչ առաջինին պարագային մասնատումը առաջադրողները միջազգային լրատուամիջոցներն ու քաղաքացիական շարժումներու ղեկավարները, ընդ որում ձախակողմեան ուժերն են, երկրորդին պարագային ՏԱՀԵՇ-ը, ՔԱԿ-ն ու ձախակողմեաններն են: Եթէ պահ մը մտածենք ՏԱՀԵՇ անունի եւ անոր միջազգային ահաբեկչութեան դասակարգումի սահմանման համար օգտագործուած ըլլալուն մասին, ապա կը ստանանք այն, որ երկրի եւ ժողովուրդի մասնատումի մեղադրանքով ամբաստանուողներուն մէջ հասարակաց հասցէն քիւրտերն ու ձախակողմեաններն են:
Հիմա, որքա՞ն տրամաբանական կը թուի, որ քիւրտերն ու ձախակողմեանները իրենք զիրենք պայթեցուցած ըլլան Անգարայի մէջ, իր կարգին: Կարեւորը այն է, որ Անգարան ինքնամասնատումի վտանգին առջեւ կը զգայ ինքզինք եւ քաղաքական թէ ապահովական կարեւոր հերթական իրադարձութեան առիթով մասնատուելու վտանգը կ՛ահազանգէ:
Մասնատուելու վտանգը այստեղ կանգ չ՛առներ: Վարչապետը առանց մասնատուելու հաւանականութիւնը բառացիօրէն յայտարարելու, միեւնոյն միտքը կը յանկերգէ. Թուրքիան Սուրիա պիտի չդառնայ: Այս յայտարարութիւնն անգամ կը յուշէ, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիական դէպքերու պատճէնահանումը, ի հարկէ տարբեր տարողութիւններով եւ շարժառիթներով, տեսանելի է:
Վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները կը յուշեն նախ, որ նմանատիպ ընդհարումներ, բախումներ, պայթումներ շարունակուելու հաւանականութիւն ունին: Եւ թէ` Տաւութօղլուի հնչեցուցած ահազանգը անհիմն չէ: Թուրքիան կրնայ վերածուիլ Սուրիոյ:
http://www.aztagdaily.com