10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 2018-ին սուրիական բանակը յայտարարեց, որ իր ուժերը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Մընպեժ քաղաքը մտան: Այս քաղաքը քրտական ջոկատներու վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր եւ թրքական յարձակումի սպառնալիքին տակ էր: Սակայն արդեօք այս քայլով թրքական սպառնալիքը կանխուեցա՞ւ:
Պահ մը կ՛ուզեմ քաղաքական վերլուծումը մէկ կողմ դնել եւ անդրադառնալ վերջին քանի մը տարիներու իմ անձնական եզրակացութիւններուս, որոնք արդիւնք են բարեկամական, ակադեմական կամ նոյնիսկ քաղաքական որոշ հանդիպումներու` ՔԱԿ-ի կամ Սուրիոյ մէջ ապրող քիւրտ քաղաքագէտներու կամ ղեկավարներու հետ:
2011-էն մինչեւ 2012 քիւրտերը եւ անոնց ղեկավարութիւնը անորոշութեան մը մէջ էին: Տակաւին յստակ ծրագիր չկար, թէ անոնք Սուրիոյ մէջ պէտք է ընդդիմութեան օգտի՞ն դիրքորոշուէին, թէ՞ պետութեան: Այս անորոշութիւնը զիրենք քաղաքական ընդհանուր պատկերէն հեռու պահեց:
Սակայն 2012-ին, երբ սուրիական զօրքը քաշուեցաւ Հասաքէէն, Գամիշլիէն եւ այլ շրջաններէ, ուր քիւրտերը մեծամասնութիւն կը կազմեն, ՔԱԿ-ի քոյր կուսակցութիւնը` «Պէ Ուայ Տէ»-ն այս պարապութիւնը լեցուց եւ հիմնեց Հիւսիսային Սուրիոյ ինքնավար մարզը: Քիւրտերը այս մարզը կը կոչեն «Ռոժավա» կամ` Արեւելեան Քիւրտիստան: Սկզբնական շրջանին բաւական լուրջ բախումներ կային քիւրտերուն եւ շրջանի արաբներուն ու ասորիներուն միջեւ, եւ քիւրտերը այս հարցը լուծելու համար փորձեցին համոզել այլ ազգային հաւաքականութիւններ` միանալու իրենց ծրագիրին: Իսկ եւրոպացիին աչքը մտնելու համար անոնք բաւական ծրագրուած տեղեկատուական պայքար մղեցին` քարոզելով ֆեմինիզմի հասկացողութիւնները իրենց շարքերուն մէջ: Արեւմտեան լրատուական միջոցները գրեթէ համոզուած էին, որ իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ յաղթանակ տանելու միակ միջոցը քրտական ջոկատները զինելն էր: Եւ այսպէս ալ եղաւ:
Սակայն ընկերվարութեան կարմիր դրօշին տակ քրտական ազգայնականութիւնը կ՛արտացոլար, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ, որ արաբները եւ ասորիներէն մաս մը պետութեան կողմը անցնին: Իսկ թիւրքմենները, չընդունելով քրտական իշխանութիւնը, սատարեցին թրքական քաղաքականութեան:
Միացեալ Նահանգներուն համար 2013-ի վերջաւորութեան յստակ դարձաւ, որ «Սուրիական ազատ բանակ»-ը արդէն իսկ պառակտուած էր, եւ իսլամամէտ ղեկավարները կը տիրեն այդ «բանակ»-ին, հետեւաբար Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու իրենց քաղաքականութեան համար ռազմական դաշնակիցի կարիքը կար: Այդ դաշնակիցները քիւրտերը եղան, 2015-ին քրտական ջոկատները միաւորուեցան եւ անուանուեցան «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր», որոնց նաեւ միացան ասորական եւ արաբական որոշ զինեալ խմբաւորումներ: «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»-ը բաւական աշխուժ եւ արագ յաղթանակներ արձանագրեցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, սակայն անոնց յաղթական երթը վերջ գտաւ, երբ 2018 յունուարին քրտական Աֆրին քաղաքը ինկաւ թրքական եւ թրքամէտ ուժերուն ձեռքը: Հոս յստակ էր, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը սահմանափակուած էր որոշ շրջաններու մէջ:
Հակառակ Աֆրինի անկումին` քրտական տարբեր կողմեր տակաւին ինքնաժխտման վիճակի մէջ էին եւ կը կարծէին, որ զինեալ դիմադրութիւնը պիտի շարունակուէր, սակայն անոնք շատ շուտ ընկճուեցան, եւ աֆրինցիք դարձան թափառական: Արդեօք ո՞վ էր պատասխանատուն: Եթէ սուրիական բանակը Աֆրին մտնէր, այսօր աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր քիւրտերուն դիրքը Սուրիոյ մէջ: Սակայն Աֆրինի դասերը շուտ քաղուեցան, եւ զարմանալի չէր, որ քրտական մարզը ընդունեց, որ սուրիական բանակը ռուսական հսկողութեան տակ մտնէ Մընպեժ: Թրքական կողմը զգուշութեամբ կը դիտէր այս իրադարձութիւնը` մտածելով, որ թերեւս ասիկա Էրտողանի համար լաւ առիթ մը կ՛ըլլայ վերադասաւորելու իր յարաբերութիւնը սուրիական վարչակարգին հետ:
2019-ին հաւանաբար ըլլայ այն տարին, երբ քրտական հարցը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ լուծումի կը յանգի: Ամերիկեան ուժերը նահանջի մէջ են, իսկ քիւրտերը ունին երկու ելք. կա՛մ կռուիլ թրքական բանակին դէմ եւ տեսնել Աֆրինի նման ճակատագիր, կա՛մ ալ ընդունիլ սուրիական պետութեան գերիշխանութիւնը եւ որոշ քաղաքական ձեռքբերումներ ունենալ ռուսական հովանաւորութեան տակ:
Yeghia.tash@gmail.com
aztagdaily.com/archives/422603