Էրտողան «Մեծ Սխալ» Կ՛որակէ Քիւրտերուն Ապահովութիւնը Պահանջելու Պոլթընի Յայտարարութիւնը

10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԱՇԽԱՐՀ:

Միջին Արեւելք այցելած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընի հետ խորհրդակցելով՝ որոշում տուած էր Իսրայէլ այցելելէ ետք Թուրքիա երթալու՝ տեսակցելու համար նախագահ Էրտողանի հետ, Սուրիոյ վերաբերեալ հարցերու կապակցութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ա.Էֆ.Փէ.»-ն։

Սակայն, Էրտողան վերջին վայրկեանին մերժեց բանակցութեան սեղան նստիլ Պոլթընի հետ, որովհետեւ Թուրքիա այցելութենէն առաջ, Պոլթըն Իսրայէլի մէջ ունեցած էր հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Ամերիկացի զինուորները պիտի չքաշուին Սուրիայէն, մինչեւ որ Սուրիոյ հիւսիսը քիւրտերը պաշտպանութեան տակ առնելու կոչուած համաձայնութիւն մը չգոյանայ»։

Թուրքիոյ կողմէ գայթակղեցուցիչ որակուեցան Պոլթընի այս խօսքերը, որոնց հետեւանքով Պոլթըն Անգարա եկաւ, բանբեր Քալընի հետ տեսակցեցաւ եւ առանց ընդունուելու Էրտողանի կողմէ, վերադարձաւ իր երկիրը։

Նախագահ Էրտողան այնուհետեւ, իշխող կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի ժողովին ընթացքին այս նիւթին մասին իր հակազդեցութիւնը արտայայտեց՝ ըսելով. «Սուրիոյ հարցին մէջ տագնապալից շրջանէ մը կ՛անցնինք։ Ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ իսկական իմաստով պայքարող միակ երկիրը Թուրքիան է։ Առաւել քան 3.5 միլիոն Սուրիացի գաղթականներ ընդունեցինք մեր երկրին մէջ, մարդկային ամենամեծ բեռը կրելով մեր ուսերուն վրայ»։

Էրտողան, անդրադառնալով Պոլթընի այն պատգամին, թէ Ամերիկացի զինուորները պիտի չքաշուին Սուրիայէն, մինչեւ որ քիւրտերու ապահովութիւնը չերաշխաւորուի՝ ըսաւ. «Պոլթընի պատգամը ընդունելի չէ։ Կը կարծեմ որ այս մարդիկը ¤այսինքն ամերիկացիները) այս երկրին մէջ չեն ճանչնար իմ քիւրտ հայրենակիցները, ինչպէս որ չեն ճանչնար Սուրիոյ քիւրտերը։ Պոլթըն շատ մեծ սխալ գործած է։ Սուրիոյ ահաբեկչական նրբանցքին մէջ բոլոր անոնք, որոնք տեղ գրաւած են, պէտք եղած դասը պիտի քաղեն»։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ արաբական երկիրներու իր շրջապտոյտը սկսելէ առաջ յայտարարեց. «Թուրքիա խոստացաւ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք պաշտպանել Սուրիոյ քիւրտ զինեալները: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ երաշխիքը անձամբ ստացաւ Էրտողանէն»:

Սակայն, Քալըն աւելի ուշ յայտարարեց, թէ Էրտողան Թրամփին նման խոստում մը չէ տուած:

«Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման ծրագրումը պէտք է լաւապէս եւ յարմար գործընկերներու հետ կատարուի, եւ Թուրքիա, որ ՆԱԹՕի երկրորդ մեծագոյն բանակը ունի, միակ երկիրն է, որ այդ առաքելութիւնը կատարելու ուժն ու յանձնառութիւնը ունի: Պէտք է հիմնել կայունութեան ուժ մը, որուն մաս կը կազմեն սուրիական հասարակութեան բոլոր բաղադրիչ մասերէն զինեալներ՝ կայունութիւն եւ կարգ ու կանոն հաստատելու համար: Կազմուելիք այդ ուժին պիտի միացնենք բոլոր զինեալները, որոնք ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ որեւէ կապ չունին։ Թուրքիա միակ երկիրն է, որ Սուրիոյ մէջ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ Ռուսիոյ հետ կրնայ գործակցիլ», գրած է Էրտողան «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ զինուորական ոստիկանութեան բանբեր Եուսուպ Մամատով յայտնեց, որ Ռուսիոյ զինուորական ոստիկանութեան ուժերը սկսած են հսկողութիւն կատարելու Մընպեճի եւ անոր արուարձաններու մէջ՝ աւելցնելով, որ այդ ուժերու առաքելութիւնը «իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ եղող շրջաններուն մէջ ապահովութեան երաշխաւորումն է, ինչպէս նաեւ զինեալ խմբաւորումներու դիրքերուն ու շարժումներուն հսկելը»:

Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Թրամփ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման հարցը:

yerakouyn.com/2019/01/10/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail